Աւելի քան տասնհինգ տարիներէ իվեր, Կլենտէյլ քաղաքի Պրոտուէյ պողոտայի վրայ գտնուող «Ապրիլ» գրատունը ձեռնարկած է մանաւանդ հայ գրողներու եւ բանասէրներու նոր հրատարակութեանց հրապարակային ներկայացման։ Այդ զեկուցում-հանդիպումներուն ընդհանրապէս ներկայ կ՚ըլլան նաեւ հեղինակները։ Այնպէս որ «Ապրիլ» գրատան գողտրիկ հաւաքասրահին մէջ ներկայ գտնուող գրասէր հասարակութիւնը կը ծանօթանայ նոր սերունդի մտաւորականներու ստեղծագործութեանց կամ ուսումնասիրութեանց։
Վերջերս լոյս տեսած վերոյիշեալ հատորներու շարքին, մաս կը կազմէր նաեւ Դոկտ. Ռիչըրտ Յովհաննիսեանի «Armenian Communities of the Eastern Mediterranean»ը, որ կ՚ընդգրկէր Մուսա Տաղ, Տէօրթ-Եոլ (Չորք Մարզպան) ու Քեսապ։
Այս անգամ հաւաքոյթը կազմակերպուած էր Չորք Մարզպանի Հայրենակցական Միութեան գործակցութեամբ։ Օրուան զեկուցողն էր Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, որուն աշխատասիրութեան արգասիքն էր լոյս ընծայուած գիրքին Տէօրթ-Եոլի բաժինը։
Օրուան հանդիպումին բացումը կատարեց «Ապրիլ» գրատան սեփականատէր Պրն. Առնօ Երէցեան։ Արդարեւ, այդ երեկոյ, բացառիկ մենաշնորհ էր անձամբ ներկայութիւնը վայելելու հանրածանօթ ու բազմավաստակ պատմաբան Դոկտ. Ռիչըրտ Յովհաննիսեանի։
Դոկտ. Մինաս Գոճայեան հարազատ ուրուագծումը կատարեց նոր լոյս տեսած հատորին։ Միջերկրական Ծովուն «Հիւսիս Արեւմտեան համանութիւնները՝ յատկապէս Մուսա Տաղ, Տէօրթ-Եոլ (Չորք Մարզպան) ու Քեսապ, ծանօթ էին իրենց իւրայատուկ, չարքաշ եւ ազատասիրական կենցաղով։ 19-րդ դարու վերջաւորութեան ու քսաներորդ դարու առաջին քառորդին, անոնք մղեցին ինքնապաշտպանութեան յաջող ճակատամարտներ Օսմանեան բռնատիրութեան դէմ։ Օրուան բանախօսը անդրադարձաւ վերոյիշեալ երեք բնակավայրերու մասին հայ բանասէրներու կատարած ուսումնասիրութեանց, որոնց համակարգումը յաջողագոյն կերպով կատարած էր Դոկտ. Ռ. Յովհաննիսեան, լրացուցիչ իր ուշագրաւ ընդհանրացումները կատարելով։
Դոկտ. Մ. Գոճայեան վեր առաւ վերոնշեալ երեք աւաններու հայաբնակչութեան չարքաշ կեանքը եւ ազատական անընկճելի ոգին, պաստառի վրայ լրացուցիչ լուսանկարներով եզրափակելով իր ելոյթը։
Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննիսեան, որ յիսնամեակէ մը իվեր, UCLA-ի մէջ հաստատուած հայկական ամպիոնէն ներս կը գործէր, ծաւալելով անոր գործունէութիւնները, լոյս ընծայած է բազմաթիւ հատորներ։ Ժողովածուները համալրուած են քարտէսներով եւ հարիւրեակ մը խօսուն նկարներով։ Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրող հայկական հաւաքականութիւնները դարերով մաս կազմած են պատմական Հայաստանին։ Յարգելի փրոֆեսորը առատ լուսապատկերներով, քարտէսի վրայ արագ բնութագրումը կատարեց հայկական այդ բնակավայրերուն, որոնցմէ շատերուն այցելած էր հոն կատարած շրջապտոյտներու ընթացքին։ Սահմանուած կարճ ժամանակին մէջ, ունկնդիրները ամբողջական լիացումով վայելեցին լուսանկարներով ճոխացած բացատրութիւններն ու խորհրդածութիւնները։
Օրուան միջոցառումը վերջ գտաւ պատշաճ հիւրասիրութեամբ, եւ օրուան նիւթին մասին ընծայուած հատորին մակագրութեամբ հեղինակին՝ Փրոֆ. Ռ. Յովհաննիսեանի կողմէ։