Կիրակի, Հոկտեմբեր 6, 2024

Շաբաթաթերթ

ՌԱԿ Շրջանային Վարչութեան պատուիրակութիւնը Ֆրեզնոյի մէջ

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ ատենապետ եւ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Ընկ. Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեանի, աշխատանքային տեսակցութիւն մը ունեցաւ Ֆրեզնոյի ՌԱԿ «Մկրտիչ Աւետիսեան» ակումբի ընկերներուն հետ՝ Յունուար 28-29-ին։

Շրջանային Վարչութեան ընկերները ծանօթացան «Աւետիսեան» ակումբի ծրագիրներուն, իսկ Ընկ. Տոքթ. Պալեան զեկուցեց կուսակցութեան աշխատանքներուն մասին, խանդավառելով Ֆրեզնոյի ընկեր-ընկերուհիները։ Անոնք անդրադարձան ՌԱԿ-ի այսօրուան մարտահրաւէրներուն, Հայաստանի ու Արցախի մասին զարգացող նորութիւններուն, ամերիկեան քաղաքական կեանքին, ինչպէս նաեւ կազմակերպչական խնդիրներու։

Այցելութեան երկրորդ օրը ՌԱԿ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչները ծաղիկներ զետեղեցին Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած յուշարձանին դիմաց։ Յուշարձանը կը գտնուի Ֆրեզնոյի Համալսարանին կեդրոնը, շատ բանուկ դիրքի վրայ եւ ունի ճարտարապետական հարուստ լրացումներ։

Նոյն օրը, Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ ՌԱԿ-ի պատուիրակութիւնը ներկայ գտնուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, ուր հոգեհանգիստ խնդրուած էր Ֆրեզնոյի ռամկավար հին եւ նոր ննջեցեալներուն հոգիներուն խաղաղութեան համար։

ՌԱԿ Շրջանային Վարչութեան եւ ՌԱԿ Աւետիսեան ակումբներու գործնական երկրորդ հանդիպումէ մը ետք, պատուիրակութիւնը վերադարձաւ Լոս Անճելըս։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ