Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2024

Շաբաթաթերթ

ՌԱԿ «Աւետիսեան» ակումբի շնորհաւորական այցելութիւնը Հայաստանի հիւպատոսարան

Շաբաթ, Յունուար 28-ին, Հայոց Բանակի Օրուան առիթով, Ֆրեզնոյի ՌԱԿ «Աւետիսեան» ակումբի ներկայացուցիչներ այցելեցին Հայաստանի հիւպատոսարան եւ պաշտօնապէս շնորհաւորեցին Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիար Գրիգոր Յովհաննիսեանն ու հիւպատոսութեան աշխատակիցները։

Տիար Յովհաննիսեան Ֆրեզնօ կը գտնուէր յատկապէս Բանակի Օրուան տօնական առիթով։

Այցելութիւնը նաեւ առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի ՌԱԿ-ի ներկայացուցիչներ փոխանցեն իրենց զօրակցութիւնը հայոց քաջարի բանակին, որուն կը պարտինք մեր երկրին սահմաններուն ապահովութիւնը։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ