Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2024

Շաբաթաթերթ

Ղարաբաղի հիւսիս-արեւելեան սահմանը կը մնայ լարուած

Փետրուար 7-8ի գիշերը ղարաբաղա-ատրպէյճանեան հակամարտ զօրքերու սահմանին արձանագրուած է լարուածութեան աճ։ Արցախի պաշտպանական բանակը յայտնած է, որ հակառակորդը տարբեր չափերու ականանետերէ ու հրաձգային զինատեսակներէ հրադադարը խախտած է շուրջ 80 անգամ, հայ դիրքապահներուն վրայ արձակելով աւելի քան 850 կրակոց, պատճառ դառնալով Գեղամ Հենրիկի Մանուկեանի մահուան եւ վիրաւորուած է Կորիւն Կամոյի Կիրակոսեանը։ Աւելի ուժգին հարուածներ հասցուցած են արեւելեան եւ հիւսիս-արեւելեան սահմանին։

Ղարաբաղի պաշտպանական բանակի յառաջապահ զօրամասերը հակառակորդին նախայարձակ քայլերը ճնշելու համար դիմած են պատասխան գործողութիւններու եւ շարունակած վստահօրէն իրականացնել իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը։

News.am


 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ