Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024

Շաբաթաթերթ

Մէկ Պարբերութեամբ…

ՊԵԼԱՌՈՒՍ. Նախագահ Ալեքսանդր Լուքաշենքօ վերջերս յայտարարեց, որ Մոսկուա կը վախնայ, որ Պելոռուս կրնայ դէպի Արեւմուտք թեքիլ։ Ան ըսած էր, որ Ռուսիա չի հասկնար, որ անկախութիւնը աւելի սուղ է քարիւղէն, աւելցնելով, որ Ռուսիա քարիւղի եւ կազի միջոցով կը փորձէ ճնշում բանեցնել Մինսքի վրայ։

ԳԵՐՄԱՆԻԱ. Ներքին գործոց նախարար Թոմաս տէ Մայզիէրէն մերժած է Թուրքիոյ պահանջքը՝ չուսումնասիրելու թուրք բարձրաստիճան զինուորականներու ապաստան ստանալու դիմումները։ Գերմանիա գտնուող ՆԱԹՕ-ի մէջ իրենց ծառայութիւնը կատարող 40 թուրք զինուորներ գերմանական իշխանութիւններուն դիմած են ապաստան ստանալու խնդրանքով։ Թուրքիա կը պահանջէ այդ զինուորները իրեն յանձնել։

ՔՈՒՊԱ. Թրամփի վարչակազմը պիտի վերանայի Քուպայի հանդէպ քաղաքականութիւնը։ Հիմնական շեշտը պիտի դրուի Հաւանայի կողմէ մարդկային իրաւունքներու պահպանման վրայ. բան մը, որ պէտք է համապատասխանէ Ուաշինկթընի դիրքորոշումին։ Յիշենք, որ նախագահ Օպամա պատմական այցելութիւն մը տուած էր Քուպա, մեղմացնելով Քուպայի դէմ գործող կարգ մը պատժամիջոցներ։ Դիւանագիտական յարաբերութիւնները երկու երկիրներուն միջեւ խզուած էին 1961-ին։ 

ԱՆԳԼԻԱ. Լոնտոնի մէջ հազարաւոր մարդիկ բողոքի ցոյց կատարած են անցեալ շաբաթ ընդդէմ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի պետական այցելութեան, որ պիտի կայանայ աւելի ուշ։

ՌՈՒՄԱՆԻԱ. Ցոյցերու ճնշումին տակ երկրին իշխանութիւնները չեղեալ պիտի յայտարարեն փտածութեան հետ կապուած հրամանագիրը, յայտարարած է վարչապետ Կրինտիանու։ «Ես չեմ ուզեր պառակտել Ռումանիան», ըսած է ան։ Վերջին օրերուն ցոյցերուն մասնակիցներուն թիւը անցած է 300 հազարը, որ  ամէնէն մեծն է 1989-էն ի վեր, կոմունիստ բռնակալ Նիքոլա Չաուչեսքուի անկումէն ետք։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ