Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Չեն հեռացնի. Թեկնածուներ չունեն ընտրութիւններին մասնակցելու համար

Յակոբ Աւետիքեանը սփիւռքի անունից խօսելու իրաւասութիւն չունի

 Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան սփիւռքի եւ հայաստանեան կառոյցների միջեւ տարաձայնութիւններ են սկսուել: Պատճառը ՀՌԱԿ ատենապետ Յակոբ Աւետիքեանի յայտարարութիւններն էին «Ծառուկեան» դաշինքին միանալու մասին:  Ինչի՞ շուրջ է առաջացել այդ տարաձայնութիւնները եւ արդեօ՞ք արդիւնքում կը հեռացուի Աւետիքեանը: Մեր զրուցակիցը ՌԱԿ Կենտրոնական Վարչութեան ատենադպիր (քարտուղար) Սեւակ Յակոբեանն է:

– Պարո՛ն Յակոբեան, անհամաձայնութիւնը ինչի՞ շուրջ է առաջացել՝ Աւետիքեանի՞, թէ՞ ՀՌԱԿ-ի հայաստանեան կառոյցի:

 

– Մեր անհամաձայնութիւնը երբեք անձերու դէմ չէ, ըլլայ ան ՀՌԱԿ Հանրապետական Վարչութեան ատենապետ Յակոբ Աւետիքեանը (որուն լրագրողական վաստակին հանդէպ ունինք բացարձակ յարգանք եւ գնահատանք), կամ իր ներկայացուցած կառոյցի պատասխանատուները (որոնց հետ միշտ ալ ունեցած ենք անձնական լաւ յարաբերութիւններ): Այս բանին փաստն ալ այն է, որ մենք բծախնդիր եղած ենք մեր յայտարարութիւններուն մէջ (ինչպէս կը վկայէ  հայրենի թէ սփիւռքահայ մամուլը), ուր չենք յիշած ոեւէ անհատի անուն: Մենք նախանձախնդիր ենք իւրաքանչիւր մարդ անհատի արժանապատուութեան:

Իսկական հարցը, այսօր, կառուցային իրաւասութիւններու հարցն է: Մենք ստիպուած եղանք միջամտելու, երբ Հայաստանի ՌԱԿ-ը (որուն հիմնադրութենէն ի վեր 2012թ. սատար հանդիսացած ենք որպէս քոյր կուսակցութիւն), վերջերս փորձեց իր շարքերուն մէջ ընդգրկել քանի մը գաղութէ սփիւռքահայ կարգ մը ընկերներ (որոնք բոլորն ալ մեզի սիրելի ըլլալով հանդերձ չունին պաշտօնական կամ ներկայացուցչական հանգամանք), այսպիսով ջանալով հանդէս գալ, որպէս 95-ամեայ կուսակցութեան իրաւայաջորդ տէրը՝ «Հայաստանակեդրոն» բարձրաշռինդ կարգախօսով մը զինուած, որ մեր իսկ գերագոյն նպատակն է, երբ ժամանակը գայ:

-Ի՞նչն է, որ Ձեզ կապում է ՀՌԱԿ-ի հետ:

Աշխարհասփիւռ հայ աւանդական 95-ամեայ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնս՝ յարգելով հայրենիքի կուսակցութիւններուն օրէնքը՝ ո՛չ մէկ ատեն միջամուխ եղած է ՀՌԱԿ-ի Հանրապետական Վարչութեան ներքին գործերուն կամ քաղաքականութեան: Ընդհակառակը, մենք հաւատարիմ մեր դաւանանքին, միշտ զօրավիգ ենք ու կը քաջալերենք հայրենի այն բոլոր կազմակերպութիւնները (ՀՌԱԿ, թէ այլ), որոնք կը դաւանին մեր կուսակցութեան գաղափարախօսութեան հետ համահունչ ժողովրդավարական հաւատամք:  

Այս բանը պայմանաւորուած է անշուշտ փոխադարձ վերաբերմունքով: ՀՌԱԿ-ի պարագային, սակայն, ոտնձգութիւնը հասաւ այն աստիճանի, որ ըստ քանի մը օր առաջ կատարուած ՀՌԱԿ Հանրապետական Վարչութեան ատենապետ Յակոբ Աւետիքեանի խոստովանութեան՝ ընդամէնը քանի մը ամիս առաջ փորձուած է նաեւ իւրացնել «Կեդրոնական Վարչութիւն» անուանումը՝ փորձելով զայն արձանագրել ՀՀ արդարադատութեան նախարարութեան մօտ: Անուն մը,  որ 95 տարիէ ի վեր Հայոց Պատմութեան մէջ եւ յաչս հայ ժողովուրդին ու հայրենի պետականութեան, կը ներկայացնէ հայ աւանդական Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ղեկավար մարմինը եւ բարոյապէս ու աւանդական կարգով կը պատկանի անոր: Մենք, հաւատարիմ մեր կուսակցական եւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամակցութեան երդումին, մեր միջամտութեամբ այսօր կը փորձենք տէրը կանգնիլ մեզի վստահուած 95-ամեայ աւանդին:

– Յակոբ Աւետիքեան, սակայն, յայտարարում է, թէ իր կուսակցութիւնն է օրինաւորապէս արձանագրուած կուսակցութիւնը, մինչ ձեր կառոյցը ոչ մէկ տեղ պաշտօնական արձանագրութիւն ունի:

– Հետաքրքրական յայտարարութիւն է, որուն ստիպուած պիտի ըլլամ առանց բառացիօրէն անշուշտ համեմատուելու, սակայն, փոխաբերական իմաստով պատասխանելու: Արեւը գոյութիւն մըն է տիեզերքի մէջ: Ան ոչ մէկուն սեփականութիւնն է, ոչ մէկը իր անունին արձանագրած է զայն: Անոր գոյութիւնը փաստ է: Ան կայ: Այսօր, եթէ ոեւէ մէկը յաւակնի զայն որեւէ տեղ իր անունին արձանագրել՝ Արեւը այդ անձին սեփականութի՞ւնը կը դառնայ: Անշուշտ՝ ո՛չ:

Պարզաբանեմ: Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը հիմնուած է 1921 թուականին: Ան հայ իրականութեան մէջ գոյութիւն ունեցած է եւ իր տեղը ունի մօտ մէկ դարէ ի վեր: Ան կայ: Իւրաքանչիւր գաղութի մէջ, որ գործած է ՝ յարգանքը վայելած է տեղական իշխանութիւններուն եւ շատ մը տեղեր մասնակից եղած է տեղական քաղաքականութեան: Հայրենի պետականութիւնը՝ ըլլայ սովետական շրջանին կամ անկախ հայրենիքի պարագային՝ ընդունած է զայն, որպէս հայ երեք աւանդական կուսակցութիւններէն մին եւ ըստ այնմ իր յարաբերութիւնը մշակած: ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւնը իր ներկայացուցիչը ունեցած է հայրենի շատ մը յանձնաժողովներու եւ ձեռնարկներուն մէջ՝  ամբողջ 95 տարի եւ մինչեւ այսօր: Եթէ ընդամէնը 4 – 5 տարի առաջ նոյնանման անունով կուսակցութիւն մը արձանագրուած է Հայաստանի մէջ, քանի մը ամիս առաջ ալ՝ փորձելով անոր ղեկավար մարմինին անունն ալ սեփականացնել, այս չի նշանակեր, որ այդ արձանագրուած կուսակցութիւնը՝ իր արձանագրութեան փաստաթուղթերով մէկտեղ՝ կրնայ փոխարինել 95-ամեայ ՌԱԿ-ը կամ իրաւայաջորդ ժառանգորդը ըլլալ անոր: Աշխարհասփիւռ ՌԱԿ-ը տակաւին գոյութիւն ունի: Անոր դերը աւարտած չէ Սփիւռքի մէջ, ինչպէս՝ միւս կուսակցութիւնները: ՌԱԿ-ի ներկայ Կեդրոնական Վարչութիւնը՝ օրինաւորապէս եւ պատմական յաջորդականութեամբ՝ ՌԱԿ 27-րդ Ընդհանուր պատգամաւորական Ժողովին ընտրուած ղեկավար մարմինն է, անոր ե՛ւ տրամաբանական ե՛ւ իրաւայաջորդ ժառանգորդը: Անոր գերակայութիւնը հիմնուած է բարոյական արժէքներու վրայ եւ անշուշտ կուսակցական կարգապահութեան: Ինչ կը վերաբերի ՌԱԿ-ի աշխարհասփիւռ շրջանակներուն, անոնք գոյութիւն ունին եւ կը գործեն իրենց երկիրներուն մէջ: Անոնց ընտրուած ղեկավարութիւնները, որոնք վաւերացուած կ՚ըլլան ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ՝ հաւատարիմ են վերջինիս: Անոնցմէ շատեր, ինչպէս Լիբանանի, Արժանթինի, Ֆրանսայի, Պելճիքայի եւ այլ տեղեր, տեղական առումով արձանագրուած կուսակցութիւններ են, որոնք կը գործեն ըստ օրէնքի: Անոնք բոլորն ալ ներկայացուած են ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան մէջ, որ կ՚ապահովէ հեզասահ համակարգում:

-Այս անհամաձայնութիւնը իրականում կապուած է Ապրիլի 2-ին տեղի ունեցող ընտրութիւնների՞ հետ:

 

– Ո՛չ: Ծանրակշիռ միջամտութեան կարիքը ստեղծուեցաւ, երբ ՀՌԱԿ փորձ մը կատարեց, իբրեւ աւանդական կուսակցութիւնը ներկայացնող մարմին եւ ներկայանալով որպէս այդպիսին, մաս կազմել «Ծառուկեան Դաշինք»-ին՝ այս կերպով նաեւ հակասելով աշխարհասփիւռ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ազգային ռազմավարութեան: Ի միջի այլոց, այստեղ տեղին է յիշել նաեւ, թէ ՌԱԿ-ը՝ չբաժնելով հանդերձ Պարոն Գագիկ Ծառուկեանի այսօրուան քաղաքականութիւնը՝ մեծ յարգանք ունի իր ազգասէր անձին հանդէպ: Բարեբախտաբար Պրն. Ծառուկեանը անդրադարձաւ, որ ՀՌԱԿ-ը չի ներկայացներ այն ինչ, որ կը յաւակնի ներկայացնել: Կը մնայ շեշտել, որ աշխարհասփիւռ ՌԱԿ-ը, հայրենիքի մէջ առ այժմ չունենալով զինք իրաւապէս ներկայացնող կառոյց մը, միջամուխ չ՚ուզեր ըլլալ յառաջիկայ Ապրիլ 2-ի ընտրութիւններուն, նախանձախնդիր ըլլալով սակայն, որ ան կատարուի արդար, թափանցիկ եւ խաղաղ պայմաններու մէջ:

– Պարո՛ն Յակոբեան, ցանկանում էք հեռացնե՞լ Աւետիքեանին: Ինչո՞վ նա ձեզ չի բաւարարում եւ ո՞ւմ էք տեսնում նրան փոխարինող:

 

– Ինչպէս նշեցի, աշխարհասփիւռ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը ոչ մէկ օրկանական կապ ունի ՀՌԱԿ-ի հետ: Հայաստանի ՌԱԿ-ը հայրենիքի մէջ գործող կուսակցութիւններուն օրէնքով արձանագրուած կուսակցութիւն մըն է՝ անկախ եւ գերիշխան: Անոր անդամները մաս չեն կազմեր կուսակցութեան: Ամէն պարագայի, աշխարհասփիւռ ՌԱԿ-ի կանոնագրութիւնը երկու տարբեր հայ կուսակցութիւններու անդամակցութիւն չ՚արտօներ: Մենք Հայաստանի մէջ արձանագրուած ՌԱԿ-էն մէկը հեռացնելու ո՛չ ցանկութիւն ունինք, ո՛չ ալ իրաւասութիւնը: Մեր միակ պահանջն է, որ ան մնայ իր սահմաններուն մէջ: Իր անձին իրաւասութիւն չտայ Սփիւռքի անունով խօսելու եւ սարքուած ինչ-ինչ ժողովներով  հրաժարի իւրացնել փորձելէ ՌԱԿ-ի 95-ամեայ աւանդը:

Թէ Յակոբ Աւետիքեան կը բաւարարէ՞ կամ չի՞ բաւարարեր, կամ անոր փոխարինող մը պէ՞տք է, թէ՝ ոչ, այդ մէկը ՀՌԱԿ-ի անդամակցութեան հարցն է, որուն մէջ մենք դեր մը չունինք, ո՛չ ալ կ՚ուզենք ունենալ, հիմնուելով այն փաստին վրայ, որ մենք օրինականօրէն տարբեր կուսակցութիւններ ենք՝ բարոյական կապով մը կապուած, որ չ՚արտօներ նման միջամտութիւն:

Այսօր լսեցինք, որ ՀՌԱԿ-ը՝ չյաջողելով մուտք գործել ընտրական դաշինքի մը, ըստ իրենց նորագոյն յայտարարութեան, պիտի աշխատին առանձին մասնակցիլ յառաջիկայ ընտրութիւններուն: Այս առիթով եւ կրկնութեան գնով կը շեշտենք, որ մենք, բնականաբար, թեկնածուներ չունինք հայրենիքի մէջ տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն: Յակոբ Աւետիքեանի անձին դէմ՝ այս հարցով՝ խնդիր մը չունինք: Միջամուխ չենք իր կուսակցութեան գործերուն, ոչ ալ կը խառնուինք անոնց առաջադրելիք թեկնածուներուն, որոնցմէ Հայաստանի Ազգային Ժողովի պատգամաւորի թեկնածութեան ընտրական կեդրոնական յանձնաժողովի պայմանները լրացնողներուն յաջողութիւն կը մաղթենք, միանգամընդմիշտ հաստատելով սակայն, որ ո՛չ իրենք, ո՛չ ալ ՀՌԱԿ-ը կը ներկայացնեն աշխարհասփիւռ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը:

 

Զրոյցը վարեց՝ ՎԱՀԱԳՆ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

 

«Ժամանակ», Երեւան

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ