Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայ Դրոշմագիտական (ArPA) Միութեան 20-ամեակը

Ուրբաթ, Յունուար 27-ի երեկոյեան ժամը 7։00-էն սկսեալ, Կլենտէյլի հանրածանօթ Impressions II սրահին մէջ (նախկին Little Russia), տեղի ունեցաւ Հայ Դրոշմագիտական Միութեան (Armenian Philatelic Association – ArPA), հայկական դրոշմաթուղթեր հաւաքելով զբաղողներու շատ հետաքրքրական 20-ամեակի տօնակատարութիւնը:

Ձեռնարկին անցնելէն առաջ յիշենք, թէ այս միութիւնը, գոնէ մեր տուեալներուն համաձայն՝

1. Հայաստանէն դուրս առաջին կամ միակ հայկական միութիւնն է, որ հաւաքաբար հայ դրոշմաթուղթերով կը զբաղի: Աշխարհի մէջ բազմաթիւ ազգայիններ ունինք, որոնք դրոշմաթուղթով կը զբաղին, բայց ոչ որպէս միութիւն։

2. Այս միութիւնը հայ եւ օտար շրջանակներուն մէջ բազմաթիւ ցուցահանդէսներ կը կազմակերպէ, ծանօթացնելով հայկական դրոշմաթուղթերը եւ մեր պատմութիւնը:

3. Միութիւնը ամէն տարի զանազան առիթներով, ԱՄՆ-ի նամակատան գրասենեակի արտօնութեամբ հայկական դրոշմաթուղթեր հրատարակած է Միացեալ Նահանգներու մէջ:

4. Միութիւնը ունի իր եռամսեայ երկլեզու անգլերէն եւ հայերէն պաշտօնաթերթը: Սերտ կապեր ունի ԱՄՆ-ի մէջ գործող այլ ամերիկեան եւ փոքրամասնութեանց դրոշմագիտական միութիւններու հետ: Միութեան electronic հասցէն է՝ www.armenianphilatelic.org:

5. Միութեան անդամները մեծաւ մասամբ մտաւորականներ են, միշտ ալ յօդուածներ կը հրատարակեն իրենց աշխատանքին մասին, նոր լոյս տեսած դրոշմաթուղթեր ներկայացնելով:

6. Միութեան անդամները ունին Հայաստանի դրոշմաթուղթերու հաւաքածոյ մը՝ Առաջին Հանրապետութենէն մինչեւ օրս: Երկրորդ, օտար երկիրներու կողմէ հրատարակուած դրոշմաթուղթեր, որոնք հայոց հետ կապ ունին: Երրորդը՝ արտասահմանի հայերուն կողմէ հրատարակուած դրոշմաթուղթեր:

 

* * *

 

Այդ գիշեր, ձեռնարկին ներկայ էին միութեան անդամներէ բաղկացած կոկիկ բազմութիւն մը, որ կարծէք թէ մէկ ընտանիքի պատկանելու հպարտութիւնը ունէին:

Միութեան ատենապետ Իկոր Գրիգորեան, բարի գալուստի եւ բացման խօսքով ողջունեց բոլոր ներկաները եւ խօսեցաւ միութեան 20 տարիներու իրապէս պատուաբեր գործունէութեան մասին: Ատենապետը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անդամներուն, որոնց հաւաքական մեծ նուիրումով այս միութեան համար յաջողութիւններ արձանագրեց: Ապա, յաջորդաբար խօսք առին միութեան հիմնադիրներէն Վահագն Աբգարեանց, Մարինէ Շահպազեան, Ժագ Քիֆէտճեան, Յովհաննէս Կօշկակարեան, Խաչիկ Թիմուրեան: Խօսք առնելու հրաւիրուեցաւ՝ Խաչիկ Ճանոյեան, որ ջերմօրէն շնորհաւորեց միութեան բոլոր պատասխանատուները այս իսկապէս եզակի գործին համար:

Արդարեւ, այս միութեան աշխատանքներուն շնորհիւ ԱՄՆ-ի մէջ հայութեան համար յիշատակութեան արժանի տօներու եւ դէպքերուն, այս միութիւնը համապատասխան դրոշմաթուղթեր հրատարակած եւ ցուցադրած է հանրութեան: Ինչպէս յիշեցինք, այդ դրոշմաթուղթերը բոլորն ալ գործածելի եւ ընդունուած են ԱՄՆ-ի նամակատան կողմէ:

Հայկական դպրոցներու մէջ, ազգային ձեռնարկներու եւ տօներու առիթով, միշտ ալ այս միութիւնը կը ցուցադրէ հայկական դրոշմաթուղթերու սքանչելի նմոյշները:

Այդ օր, գնահատանքի արժանացան միութեան անդամներէն Սիմոն Պետրոսեան՝ միութեան 20-ամեակին լոկոն պատրաստելուն համար, Ժագ Քիֆէտճեան՝ քսան տարի շարունակ միութեան պաշտօնաթերթի հրատարակութեամբ եւ տպագրութեամբ կանոնաւորաբար զբաղելուն համար:

Միութեան 20-ամեակին առիթով յատուկ դրոշմաթուղթ մը հրատարակուած էր, որ որպէս նուէր բոլոր ներկաներուն բաժնուեցաւ: Նմանապէս, միութեան “ArPA” պաշտօնաթերթը յատուկ բացառիկ ճոխ թիւ մը հրատարակած էր 20-ամեակին նուիրուած:

Ներկաներուն ցուցադրուեցաւ Յովհաննէս Կօշկակարեանի  կողմէ պատրաստուած Սպիտակի երկրաշարժին առիթով  յատուկ սահիկներ եւ դրոշմաթուղթեր,

խորապէս գոհ ձգելով բոլոր ներկաները:   

Ապա, բոլոր ներկաները մեծ հետաքրքրութեամբ դիտեցին ցուցադրուած անցեալի գործունէութեանց նկարները եւ դրոշմաթուղթերը։

Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք միութեան բոլոր պատասխանատուները այս տարեդարձին առիթով, մաղթելով միութեան նորանոր տարեդարձներ եւ հարուստ գործունէութիւն:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ