Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Անլոյծ ոճիրներ ինչպէ՞ս կը նպաստեն տիրապետութեան պայքարին Թուրքիոյ մէջ

ԱԼԻ ՊԱՅՐԱՄՕՂԼՈՒ

 

Ապօրինի խմբակներ, արտադատ (extrajudiciary) սպանութիւններ, օրակարգի գլխաւոր նիւթեր են վերջին 15 տարիներուն Թուրքիոյ մէջ։

1990-ին, քրտական տագնապի գագաթնակէտին, անկարգ զինուորներու խմբակներ, պետական պաշտօնեաներ, դաւաճան քիւրտ զինեալներ, «ահաբեկչութեան դէմ պայքար» նշանաբանին տակ, ձեռնարկեցին խմբային սպանութեանց արիւնալի արշաւի մը՝ քիւրտ ազգաբնակչութեան դէմ, չխնայելով նոյնիսկ քաղաքագէտներ ու գործարարներ։ Նպատակն էր, բռնադատութեամբ ու վախի տակ, հակակշիռ բանեցնել քրտաբնակ քաղաքներու վրայ։ Պարբերաբար, յոյժ բացայայտ պարագաներու, կարգ մը ոճրագործներ կը բանտարկուէին, «անջատ դէպքեր» նկատուելով։

2007-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն, երբ «Արդարութիւն ու Զարգացում Կուսակցութիւնը» (AKP) յաղթական դուրս եկաւ, վերաբացուեցաւ վերոյիշեալ դէպքերու թղթածրարը, երբ դէմ յանդիման գտնուեցաւ զինուորականութեան եւ իշխանութեանց։ «JITEM» (Ոստիկանութեան գաղտնի սպասարկութիւն եւ հակատեռոր միաւոր) դատավարութիւնները սկիզբ առին մեծ խոստումներով։ Սակայն, ժամանակի ընթացքին, աչքառու դատերը փակուեցան, կամ յանցաւորները ազատ արձակուեցան, մանաւանդ երբ AKP-բանակ փոխյարաբերութիւնները տաքցան բանակի ղեկավարութեան հետ։

Մէկ խօսքով, Թուրքիա երբեք չկարողացաւ դիմագրաւել պետութեան անգութ քաղաքականութիւնը անցեալին, ապա կարգի բերել չարագործները։ Մինչ այդ, քաղաքական ոճիրները շարունակուեցան տարբեր դերակատարներու կողմէ՝ այլազան դիտաւորութիւններով։ Այս անգամ քրտական հակամարտութիւնը չէր, այլ՝ Թուրքիոյ փափաքը միանալու Եւրոպական Միութեան։

Մեծամասնական կուսակցութեան (AKP) կառավարութիւնը, 2000-էն սկսեալ, ձեռնարկեց լայնատարած բարեկարգումներու, եւրոպական չափանիշերուն զուգահեռ ընթացք մը պահելու համար, ցնցելով Քեմալիսթ հաստատեալ դրութիւնը։ Հրապարակ ելան լռեցուած հարցեր, ինչպէս՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ու նոր վիճարկումներ, ինքնութեան ու պատմութեան, խնդրոյ առարկայ դարձնելով հաստատուած դրութիւններ։ Մտահոգիչ դարձաւ երկրին միասնականութեան եւ հասարակարգին գոյավիճակը։ Իրարանցում յառաջացաւ բանակին մէջ, որ հրապարակեց յուշագիրներ, կառավարութենէն պահանջելով խիստ կեցուածքներ ու միջամտութիւններ։

Այս նոր մթնոլորտին մէջ է որ վերսկսան քաղաքական սպանութիւնները։ Թիրախ դարձան ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւնները։ Փետրուար 2006-ին զէնքով սպաննուեցաւ կաթողիկէ վարդապետ Էնտրիա Սանթորոն Տրապիզոնի մէջ։ Յունուար 2007-ին, Իսթանպուլի մէջ, օր ցերեկով ահաբեկուեցաւ «Ակօս»ի խմբագիր Հրանդ Տինքը, Թուրքիոյ հայ փոքրամասնական գաղութին խօսափողը։ Երիտասարդ ահաբեկիչը եւ անոր չորս ընկերները դատարկապորտներու խմբակ մըն էին։ Երեք ամիսներ ետք, այլ խմբակ մը երիտասարդներու կոկորդէն դանակոծեցին երեք բողոքականներ, Մալաթիոյ քրիստոնէական տպարանի մը մէջ։

Տինքի ոճրագործութեան պարագան, սակայն, առաջին օրէն իսկ, գլեց անցաւ «կատաղութեան ոճիր»ի սահմանները, այս դէպքը ազդանշանը դառնալով սպանութեանց շարքի մը։ Ոճիրին անմիջական նախօրեակին, երկրին Ազգային Ապահովութեան Սպասարկութիւնը (MIT), զգուշացուցած էր Տինքը մեղմացնելու իր յօդուածները։ Գաղտնի սպասարկութեան գրասենեակը երկար ատենէ իվեր իրազեկ էր դաւադրական յիշեալ ծրագրէն։ Սակայն, հետաքրքրականօրէն թերացած էր անոր առաջքը առնելու պարտականութեան մէջ։ Թէեւ կարգ մը խուլիկաններ դատապարտուեցան, սակայն ապահովութեան ուժերու եւ պաշտօնատարներու բացայայտ անհոգութեան ուղղութեամբ դատավարութիւնները կը շարունակուին՝ նորանոր ամբաստանութիւններով, առանց դէպքին առնչելու զինուորականութիւնը կամ պետական գաղտնի սպասարկութիւնը։ Ընդհակառակը, յիշեալ հաստատութեանց պատասխանատուները, որոնք պարտականութիւն ունէին պաշտպանելու Հրանդ Տինքը, պաշտօնի բարձրացումներ ունեցած են գաղտնի ոստիկանութեան ու ներքին գործոց նախարարութեան նահանգային բաժիններէն ներս։ Հայր Սանթորոն սպաննողը անցեալ տարի ազատ արձակուեցաւ։ Իսկ Մալաթիոյ ոճրագործները 2016-ին ցկեանս բանտարկութեան ենթարկուեցան։ Ոճրագործութիւնը որպէս միջոց դարձաւ քաղաքական պայքարներու ընթացքին։

Տինքի ոճրագործութիւնը վերագրուեցաւ ազգայնական խմբաւորումներու արարքին։ Այն ատեն, կիւլէնականները տիրապետող էին ոստիկանութեան եւ արդարադատութեան սպասարկութիւններէն ներս։ Ներկայիս, գլխիվայր դարձած են դատումները. կիւլէնականները կ՚ամբաստանուին ոճիրը կազմակերպած ըլլալու սադրանքով։ Մալաթիոյ սպանութեանց պարագային, նոր ազգայնական զինուորականներ արգելափակուած են կիւլէնական դաւադրութեամբ։

Իրականութեան մէջ հակամարտութիւնը յեղաշրջուած է ներկայիս. AKP-նէո-ազգայնական խմբաւորումը թիրախ դարձուցած է կիւլէնական շարժումը։ Նոյնիսկ, Տինքի պարագային նախագահ Էրտողան կը յայտարարէր, թէ ոճրագործութեան հեղինակները կը յայտնաբերուէին. ակնարկութիւնը կ՚երթար կիւլէնականներուն։ Արդարեւ, նոյն տարուան Դեկտեմբերին, Կիւլէնի հետեւորդ ոստիկաններ կ՚ամբաստանուէին Տինքի սպանութեամբ։ Դատավարութիւնները լուրջ սոսկում յառաջացուցին բանակին մէջ, խնդրայարոյց դարձնելով արդարադատութիւնը, տեղի տալով իրաւական լուրջ խախտումներու։

2016-ի ձախող պետական հարուածէն իվեր, վտանգաւոր զարգացումներ երեւան եկած են, աւելի եւս խնդրական դարձնելով արդարադատութիւնը։ Համաձայն իրաւաբան Վելի Քիւչիւքի, «Jitem»ի դատավարութեան, որուն հետեւանքով մահապատիժ գործադրուեցաւ 22 անձերու դէմ. ասոնք ամբաստանուած էին կիւլէնական շարժումին մաս կազմած ըլլալնուն համար։

Հայ մտաւորական Էթիէն Մահճուպեանը, սերտ ընկերը ողբացեալ Տինքին, այս ամիս ամբաստանուեցաւ փրո-կառավարական թերթերու կողմէ, իբրեւ կիւլէնիսթ ու մասնակից Տինքի սպանութեան, երբ անիկա քննադատեց Էրտողանը, եւ անոր նպատակը՝ արտակարգ իրաւասութիւններով նախագահութեան թեկնածութեան։

Կը թուի թէ, այս օրերուն, բնականոն դարձած է Թուրքիոյ մէջ արդարադատութիւնը շահագործել իբրեւ գործիք պայքարի, վարկաբեկելով ժողովրդավարութիւնը։ Պայքարը սրած է արդարադատութեան եւ ուժի միջեւ։ Կամայականութիւնը, գրաքննութիւնն ու վախը հասարակ տեղիք դարձած են։ Չարագուշակութի՞ւն է, կամ թէ՝ ի՞նչ պիտի առաջարկէ AKP-ն նոր իշխանավարութեան ընթացքին։ Դժուար է նախատեսել. ա՛յս է անմիջական հարցադրումը ամէն մարդու միտքին մէջ։

 

Թարգմ.՝ ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

«Էլ-Մոնիթըր», 1 Փետրուար 2017

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ