Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

«Նոր Օր»ի Վելենթայնի պարանցիկ երեկոն

«Նոր Օր» շաբաթաթերթին զօրակցութեան հերթական միջոցառումը Վալենթայնին առիթով պարանցիկ երեկոյ մըն էր, որ յաջողութեամբ պսակուեցաւ Շաբաթ, Փետրուար 11-ին, Պըրպէնքի «Օլիվիա» ճաշարանին մէջ։

Երեկոն բառին բուն իմաստով խանդավառեցին Գագիկ Բադալեան, Դաւիթ Սամուէլեան եւ Սագօ, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Արամ Լէփէճեանի եւ Ալպերթ Պուլպուլեանի։ Ներկաները միշտ խճողուած պահեցին պարահարթակը։

«Նոր Օր» շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներկայութեամբ եւ նուիրատուութիւններով սատար կը հանդիսանան հայ մամուլի գոյատեւութեան ու պահպանման։ Սփիւռքահայ մամուլը սփիւռքի հայելին են եւ ոչ միայն հայելին. անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի դերը կատարելիք եւ այդ է որ կը շարունակեն ընել մեր երիտասարդ թէ հարիւրամեայ պատմութիւն ունեցող թերթերը աշխարհի տարբեր ծայրերուն։

Բարի գալուստի երկու խօսք արտասանեց ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան անդամ ընկեր Դաւիթ Սամուէլեան։ Վերջինս, որպէս հանրածանօթ երգիչ նաեւ՝ ինչպէս անցեալին, այդ երեկոյ նոյնպէս սիրայօժար կերպով տաղանդը ի սպաս դրաւ քնարական թէ այլ երգերով։

Գագիկ Բադալեան ուրիշ բոյր մը բերաւ իրեն հետ, նոյնպէս Սագօն։ Երեք երգիչներն ալ, իրենց բարձրութեան վրայ էին։ Այդ երեկոյ անոնք նոյնպէս անվարձահատոյց եկած էին քաջալերելու հայկական թերթ մը, որուն համար անչափ շնորհակալ ենք։

Վերջապէս, այդ երեկոյին յաջողութիւնը կը պարտինք յանձնախումբին անդամներուն. Ստեփան Փարթամեան, Դաւիթ Սամուէլեան, Թովմաս Խուտիկեան՞՞՞եւ Նայիրի Խուտիկեանի։

Ի դէպ, այս տարի «Նոր Օր» կը դառնայ 95 տարեկան. մեր շնորհակալական քաղցրանուշ խօսքը՝ դէպի աշխատակիցները եւ վարչական անդամները, որոնք կ՚ապահովեն թերթին ներկան եւ ապագան։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ