Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Թրամփի առաջին հարուածը Փութինին

Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Մայքըլ Ֆլինը հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Ան խոստովանած է, որ Դեկտեմբերի վերջաւորութեան՝ Տանըլտ Թրամփի երդմնակալութենէն առաջ ոչ ամբողջական  տեղեկութիւններ հաղորդած է ԱՄՆ-ի Ռուսիոյ դեսպանին հետ շփումներուն մասին։

Ան նախապէս հերքած էր, որ դեսպանին հետ զրոյցը եղած է պատժամիջոցներու մասին, որմէ ետք նոյնը յայտարարած էր փոխնախագահ Փենսը։ 

ԱՄՆ-ի նախագահի ազգային անվտանգութեան խորհրդականի պարտականութիւնները ժամանակաւորապէս պիտի կատարէ զօրավար Ճոզէֆ Քիթ Քելլոկը, որ անցեալին եղած է ԱՄՆ-ի ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ղեկավարը։ Ծառայած է Վիեթնամի, Քամպոճիայի, Փանամայի եւ Պարսից ծոցի մէջ, այսինքն՝ թէժ տարածաշրջաններու մէջ։

Նշենք, որ Թրամփի ընտրութիւնը Ռուսիան կը ներկայացնէր որպէս գրեթէ սեփական «յաղթանակ»՝ պատժամիջոցները վերացնելու հեռանկարով։

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ