Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Մերտինեան վարժարանը կը տօնէ իր 35-ամեայ յոբելեանը

Շըրմըն Օքս, Քալիֆորնիա – Շ. եւ Է. Մերտինեան Հայ Աւետարանական Վարժարանը իր 35-րդ տարեդարձը պիտի տօնէ գեղարուեստական յատուկ յայտագիրով մը, աշակերտներու եւ շրջանաւարտներու մասնակցութեամբ։ Հանդիսութիւնը «Պահենք մեր ինքնութիւնը՝ հայ քրիստոնեայ» բնաբանով, տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ օր, Մայիս 31, 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7։00-ին, Լոս Անճելըսի Հայ Միացեալ Աւետարանական Եկեղեցիի Աւազեան սրահին մէջ, 3480 Cahuenga Boulevard West, Los Angeles, CA 90068։ Դպրոցի ուսուցչակազմը եւ աշակերտութիւնը, մեծով-պզտիկով, մեծ թափով լծուած են այդ յայտագրի պատրաստութեան։

Այս առիթով պիտի հրատարակուի յատուկ գրքոյկ մը, որու մէջ տեղ պիտի տրուի ծնողներու, շրջանաւարտներու եւ Մերտինեանի մեծ ընտանիքի անդամներուն վկայութեանց կամ շնորհաւորական մաղթանքներուն։ Գրութիւնները կրնան ըլլալ անգլերէն կամ հայերէն լեզուներով։ Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կրնաք կապ հաստատել դպրոցի գրասենեակին հետ (Հեռ. 818.907.8149, E-maiL։ merdinian_school@yahoo.com)։ Բոլորդ սիրով հրաւիրուած էք Մերտինեան ընտանիքին հետ վայելելու մեր սիրասուն աշակերտներուն շնորհքները եւ տօնելու դպրոցին 35-ամեայ յոբելեանը։

Հանդիսութեան մուտքի նուէրը $10.00 է։ Յայտագիրէն անմիջապէս ետք տեղի պիտի ունենայ նաեւ յատուկ հիւրասիրութիւն։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ