Կիրակի, Հոկտեմբեր 6, 2024

Շաբաթաթերթ

Ահաբեկիչներուն հանդուրժելու հետեւանքները

Մեհմէտ Ե. Եըլմազ

 

Վերջերս բացայայտուեցաւ, թէ Հասան Այտըն, այն ահաբեկիչը որուն կերպարը ցուցադրուեցաւ ISIL-ի քարոզչական մէկ վիտէոյէն, առեւանգած ըլլալով երկու թուրք քաղաքացիներ,– որոնցմէ մէկը՝ զինուորական,– ձերբակալուած էր 2 Ապրիլ 2012-ին, եւ ազատ արձակուած Դեկտեմբեր 2012-ին, վեց ամիս բանտարկուելէ ետք։

Այտըն դատուած էր նաեւ Իպրահիմ Պալիի հետ։ Այս վերջինը, որ ISIL-ի պատասխանատուն էր թրքական սահմանին վրայ, նոյն ատեն դատուած էր 8 այլ ահաբեկիչներու հետ։ Էլ-Քաիտայի դէմ այս դատը, որ բացուած էր 2012-ին, փակուած էր 2015-ին։ Այս անգամ Այտըն արգելափակման դատապարտուած էր 6 տարի եւ 3 ամսուան համար։ Այս դատի ընթացքին երեւան եկաւ, որ Այտըն բջիջային սարքերու ընկերութիւն մը բացած էր Ատանայի մէջ։ Անիկա իւրացուցած էր հեռախօսի գիծեր, եւ այլազան անձերու անունները օգտագործելով կը հաղորդակցէր ISIL-ի հետ։ Նոյն դատի թղթածրարին մէջ, տեղեկութիւն կայ նաեւ, որ Այտըն հանդիպում ու դաշտկերոյթ (picnic) ունեցած է Սուրիոյ Էլ-Քաիտայի վարիչ-քարտուղար Մաարուֆ Օսսիյի հետ Ատանայի մէջ։

Էլ-Քաիտան ահաբեկչական ցանց մըն է։ Անիկա վայրագ կոտորածներ գործած է Թուրքիոյ մէջ։ Իսկ Այտըն անդամ է ահաբեկիչ այս կազմակերպութեան, որ կեղծ անուններու տակ հանգստօրէն գործած է այս երկրին մէջ, ուր յաջողած է հանդիպիլ Սուրիոյ մէջ գործող նոյն կազմակերպութեան ղեկավարին։ Իր դատավարութեան ընթացքին, դժբախտաբար նկատի չէ առնուած անոր ահաբեկչական պատկանելիութիւնը, եւ ութ ամսուան արգելափակումէ ետք ազատ արձակուած։ Մինչդեռ Թուրքիոյ մէջ մարդիկ տարիներով կը բանտարկուին ջնջին չարագործութեանց համար։

Ասիկա առաջին անգամը չէ որ Այտըն պաշտպանուած է անյայտ միջնորդներու կողմէ։ Այս երկրին մէջ նոյնիսկ երեսփոխաններ կը բանտարկուին, մինչ անոնց դատավարութիւնները կ՚երկարաձգուին։ Ազատ արձակուելէ չորս ամիսներ ետք, ընտանեօք Սուրիա մեկնած է։

Այսպէս ուրեմն, Մաարուֆ Օսսի կրնայ դիւրաւ Թուրքիա մտնել եւ ելլել, հոն հանդիպիլ Էլ-Քաիտայի անդամներուն, ու վարել կազմակերպութեան աշխատանքները։

Ուրեմն, «Պաշար Ասատի վարչակարգը տապալելու սիրոյն» ճիհատիսթներու  գործունէութիւնը թոյլատրելի է։ Յաւելուածաբար, կարելի դարձած էր նաեւ ստեղծել ահաբեկչական բջիջներ, զինուորագրել նոր զինեալներ եւ համակիրներ։

 

Ընդդիմադիր Կուսակցութեան մը նման

Նախագահ Թայյիպ Էրտողան որոշած է Պոլսոյ համար նոր օրէնք մը հանել։

Կապալառուներ դաւաճանած էին մայրաքաղաքին, կառուցանելով գետնայարկեր, ուրկէ գործելով կը կազմալուծէին Պոլիսը։ Վարչապետ Պինալը Եըլտըրըմ զօրավիգ կը կենար հորիզոնական ճարտարապետութեան, կարծէք սրբագրելու համար քաղաքականութեան սխալ որոշումները։

Մինչդեռ, այս երկրին քաղաքացիները գիտեն, որ Իսթանպուլը կառավարուած է անձնապէս Էրտողանի կողմէ, Մարտ 27, 1994-էն իվեր, 23 տարի անընդմէջ։ Նոյնիսկ քաղաքական իր կուսակցութիւնը կազմելէ ու վարչապետ դառնալէ ետք, գիտենք թէ ամէն կարեւոր որոշում Իսթանպուլի մասին կ՚ենթարկուի իր հաւանութեան, եւ ի՛նքն է որ կ՚առնէ վերջնագոյն որոշումը։

Այսպէս, սխալ որոշումներ առնուած են 23 տարիներէ իվեր։ Յանձնառուներու (contractors) թոյլատրած են աւելի շահեր ապահովել։ Եւ հիմա կը խօսին ընդդիմադիր կուսակցութեան մը նման, կարծէք տիրապետութեան նոր հասած են։

 

Նախագահական դրութեան վտանգը

Փոխ-վարչապետ Նուման Քուրթուլմուշ յայտարարած է. եթէ հանրաքուէին արդիւնքը «այո՛» է, պիտի նշանակէ միաժամանակ թիկունք կանգնիլ պայքարին՝ ահաբեկութեան դէմ։ «Այո»ն պիտի նշանակէ նաեւ աւելի ազդու պայքար ահաբեկչութեան դէմ։

Իրականութեան մէջ, հակառակ պատեհութիւնը աւելի հաւանական է։ Սահմանադրական քուէին արդիւնքը եթէ «այո՛» է, եւ եթէ բարեփոխութիւններ կատարուին, այն ատեն աւելի պատճառ կայ որ Թուրքիա դառնայ կուսակցական պետութիւն մը, աւելցնելով ձգտուածութիւնը միջ-յարանուանական խախտեալ փոխյարաբերութեանց մէջ։

Նախագահական դրութիւնը կանոնաւորապէս կը գործէ միայն Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Հոն գոյութիւն ունի զիրար հակակշռող դրութիւն մը. արդարադատութիւնը անկախ է, եւ օրէնսդիր մարմինը կախեալ չէ գործադիրէն։ Միացեալ Նահանգներու մէջ ոչ մէկը կարող է իշխանութիւնը կուսակցական պետութեան վերածել։

Այսուհանդերձ, թրքական տեսակի նախագահական դրութիւնը, որուն համար պիտի քուէարկենք, երբեք նմանութիւն չունի յաջողակ ամերիկեան նախագահական դրութեան։

 

Թարգմ.՝ ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

«Հիւրրիէթ»,1 Փետրուար 2017

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ