Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2024

Շաբաթաթերթ

Սաղեմի Մեծերը. Տոքթ. Վահան Գալըպեան

ՆԱՀԱՊԵՏ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ

 

Վկայութիւնը, որ կը յանձնեմ թուղթին, աւելի քան կէս դարու պատմութիւնը ունի։ Պատմութիւն մը՝ իմացական բարձր կարողութիւններով օժտուած ՄԱՐԴՈՒ մը, որ արդէն ամէն հաշիւները փակած այս երկրաւոր կեանքէն, դարձած է «նշխարեալ» բեկոր մը երկնային։

Պատմութիւն մը, Պաղեստինի հանրաճանաչ բժիշկի մը։

Տոքթ. Վահան Գալըպեան։

Ըսուած է, «թէ Աստուած ինքզինք կը յայտնէ մարդոց, քանի Ան միշտ ունեցած է իր ընտրեալները, որոնց կը խօսի։

Կը խօսի երբ մարդ երազի մը անձնատուր կ՚ըլլայ։

Կը խօսի երբ հոգեկան անուշ խռովք մը կու գայ պաշարել մարդուն բովանդակ էութիւնը ի խնդիր տեսլականին…»։

Ո՞վ էր լուսամիտ ու տեսլապաշտ այս մարդը, ո՞ւր ծնած էր, ուրկէ՞ գաղթած էին Երուսաղէմ, ո՞ւր ուսանած էր…, ոչինչ գիտեմ այդ մասին։

Սակայն ան՝ սաղիմահայոց ծանօթ՝ համբաւաւոր բժիշկ մըն էր։ Աւելի ճիշդը բժշկապետը… Պաղեստինի։

Համբարձման լերան վրայ, 1914-ին կառուցուած Augusta Victoria հիւանդանոցին բժշկապետն էր ան։ Գերմանիոյ Կայսրուհիին անունը կրող այս հիւանդանոցը կեդրոնատեղին էր նաեւ գերմանացի բողոքականներուն։

 

***

1960-ի գարնան գեղեցիկ առաւօտ մըն էր։ Արեւը նոր էր փռած իր ճառագայթները Սիոնի բարձունքին։ Լոյսը՝ որ կը ճառագայթէր սենեակիս պատուհանէն, արթնցուց զիս։ Բացի աչքերս ու պահ մը սառած մնացի։ Վախ ու դող պատեցին մանկունակ սիրտս։ Տեսողութիւնս խանգարուած էր։ Մշուշոտ կը տեսնէի տան իրերը։ Չէի հաւատար։ Չէի ուզեր հաւատալ անգամ։ Աչքերս կը սրբէի, կը մաքրէի… ի զո՜ւր։

Շտապեցի ծնողքիս մօտ, որոնք առաւօտեան նախաճաշի էին նստած։

Ի հետեւանք ծանր հիւանդութեան, արդէն տարի մըն էր տասնեակ մը բժիշկներու խնամքին ենթարկուած էի։

Վերջինը՝ Երուսաղէմի ֆրանսական հիւանդանոցին նշանաւոր բժիշկներէն՝ Տոքթ. Գասպարն էր, որ օր մըն ալ վճռած էր ճակատագիրս։

– Այս տղան այսպէս պիտի ապրի, հազիւ տասը տարի կ՚ապրի – ըսած էր ծնողքիս։

Իններորդ տարիքս նոր էի թեւակոխած։ Նախակրթարան երրորդ դասարանի ուսումնական տարեշրջանը նոր էի սկսած, երբ հիւանդութիւն մը «երիտասարդական աշխուժութեամբ» վարակեց զիս։

Այն օրերուն, ինձ քննող ամէն բժիշկ՝ իրենց գիտցած մանրէասպան (antibiotic) ամէն տեսակի դեղերով փորձած էին «բուժել» զիս։

Դժուար տարի մըն էր։

Տեսողութենէս զատ, խմած հեղուկներս անգամ քիթէս կը հոսէր հիմա։

Հայրս սկսած էր տան կարասիները վաճառել, բժիշկներուն եւ մի քանի տասնեակ դեղագիրներուն վճարումները կատարելու։

Այս բոլորէն անդին կային նաեւ հայ Երուսաղէմի «մամիկ բժիշկները», որոնք ի՛նչ թելադրութիւններ ալ կ՚ընէին ծնողքիս։

Ի զո՜ւր։

Ականջիս մէջ կը հնչէր Տոքթ. Գասպարի խօսքը,- Այս տղան այսպէս պիտի ապրի, հազիւ տասը տարի կ՚ապրի…։

Քանի՜ եւ քանի՜ անգամներ աղօթած էինք Ս. Յակոբին, Ս. Գլխադրին, մոմեր վառած, որ փրկէր կեանքս, տեսողութիւս վերադարձնէր, առողջութիւն պարգեւէր։

 

***

Ըսուած է, որ «Ամէն անձրեւ, արեւ մը ունի իրմէ ետք, ինչպէս ամէն արցունք, ժպիտ մը արփենի»։

Ու բոլո՜ր յուսահատ օրերէն ետք, առաւօտ կանուխ մարդ մը մեր տան դուռը կը թակէր։

Մեր դրացին էր։ Պարոն Յարութիւն Խաչատուրեանը։ Ազնիւ, բարի, եկեղեցասէր հայորդի մը։ Լսած էր հիւանդութեանս մասին եւ հիմա եկած էր առաջարկելու ծնողքիս, որ զիս տանէին Տոքթ. Վահան Գալըպեանին մօտ։

Տոքթ. Գալըպեանին մօտ քննութիւնը բաւական սուղ էր եւ այն օրերուն իրավիճակով… այլեւս սպառած էին ծնողներս։

– Ես խօսած եմ հետը, ան սիրով պիտի ընդունի քննել երախային, անպայման այսօր տարէք,– կը թելադրէր մեր դրացին։

 

***

Տոքթ. Գալըպեանի գրասենեակը հիւանդանոցի երկրորդ յարկին վրան էր։

Միջահասակ, ճերմակ մազերով մարդ մը, որ ընդունարանի մուտքին ողջունեց մեզ։

Մի քանի հարցումեր տուաւ ծնողքիս, ապա պահանջեց տեսնել բոլո՜ր դեղագիրները, որոնք պատուիրուած էին ինծի։

Ուսումնասիրելէ ետք, ի զարմանք ծնողքիս, ջղայնաբար պատռեց եւ աղբամանը թափեց։

– Դո՛ւրս գացէք հիմա եւ հո՛ն սպասեցէք, ես ձեզի քիչ մը վերջ կը կանչեմ,– հրահանգեց ջղային։

Ենթարկուեցանք հրահանգին… զարմացկոտ։

Սպասումէն ձանձրացած, տղայական անհամբերութեամբ ու հետաքրքրութեամբ, մի քանի անգամ աչք մը նետեցի կիսաբաց դուռէն ներս։

Տոքթ. Գալըպեան, փոթորկած ներաշխարհով բաց պատուհանին առջեւ կանգնած, խորասուզուած երկինք կը դիտէր հիմա։

Կը դիտէ՞ր… թէ իր «երազին անձնատուր եղած» կը խօսէր իրմէ շա՜տ աւելի մեծ ԲԺՇԿԱՊԵՏ-ին հետ, ի խնդիր տեսլականին։

Թէ որքա՞ն ան այդպէս երկա՜ր կեցաւ ու մտածեց չեմ յիշեր։

Բայց լաւ կը յիշեմ իր կանչը։

– Նե՛րս եկէք։

Հնազանդեցանք «հրահանգին»։

– Մօտեցիր տղաս,– ըսաւ յանկարծ։

– Կրնա՞ս հազալ։

Հազացի։

– Կրնա՞ս սուլել։

Սուլեցի։

– Լա՛ւ, գնա՛ հոն նստէ հիմա։

Ա՞յս էր ամբողջ քննութիւնը կը մտածէի հիմա։ Այսքա՞ն…, երկու հարցո՞ւմ միայն…։

 

***

Տոքթ. Գալըպեանը մօտեցաւ գրադարանին, հաստափոր գիրք մը հանեց ու սկսաւ թերթել։ Ապա դեղագիր մը գրեց։ Սրսկում էր։ Դեղը՝ միայն կարելի էր գտնել ՄԱԿ-ի գաղթականական օգնութեանց մօտ (UNRWA)։

Բժիշկը քանիցս շեշտեց ու թելադրեց նաեւ, որ մէկ կաթիլ պիտի սրսկուի միայն եւ իրավիճակիս մասին հարկ էր որ ամէն օր տեղեակ պահենք իրեն, մեր ազնիւ դրացիին՝ Պրն. Յարութիւնին միջոցաւ։ Ան միայն բժիշկին հրահանգով պիտի շարունակուէր սրսկումը՝ կաթիլ առ կաթիլ։

Այս խիստ ցուցմունքներով եւ աղօթքը մեր շրթներուն վերադարձանք տուն։

Առաջին կաթիլը սրսկուած էի։

Ո՛չ մէկ փոփոխութիւն։

Բժիշկին հրահանգով երկրորդ կաթիլը սրսկուեցաւ։ Նոյնպէս երրորդը։

Ո՛վ հրաշք… աչքերուս տեսողութիւնը աւելի լաւ էր, եւ խմած հեղուկս աւելի քիչ կը հոսէր հիմա քիթէս։

Պարոն Յարութիւնը ամէն առաւօտ գործի չգացած, կ՚այցելէր մեզի եւ իրավիճակիս մասին տեղեակ կը պահէր Տոքթ. Գալըպեանը։

Ուրախ լուրը տարածուեցաւ ամբողջ թաղին մէջ։ Աստուած լսած էր ծնողացս եւ մեր հարազատներուն ու բարեկամներուն աղօթքները։

Մի քանի սրսկում եւս… եւ արդէն Տոքթ. Գալըպեանին մօտ ենք կրկին։

Ժպիտը դէմքին ողջունեց մեզ բժշկապետը։

– Աստուած կեանք պարգեւած է մեր զաւակին,– ըսաւ յանկարծ։

Ապա ինծի գաւաթ մը ջուր հրամցուց, տեսնելու համար դարմանումս եւ ստուգեց աչքերուս տեսողութիւնը։

Ուրախ էր արդիւնքէն։ Մօտեցաւ պատուհանին ու աչքերը երկինք յառեց։ Լո՜ւռ դիտեց հորիզոնը եւ դառնալով մեզի գոհունակ սրտով առողջութիւն մաղթեց։

Այսքա՛ն…։

Որքա՜ն ուրախ էր մանուկ սիրտս, երբ շնորհակալութիւն յայտնելով մնաք բարով մաղթեցի իրեն։

Կամօքն Աստուծոյ տարուան մը տառապանքս վերջ գտած էր։

Կազդուրուած էի ու առողջ։

 

***

Անցան տարինե՜ր։

Սրբոց Թարգմանչաց վարժարանի աւարտական դասարանն էի, երբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ մեկնելու կը պատրաստուէինք։

Մարտ 24, 1969-ի առաւօտուն հրաժեշտ պիտի տայինք Երուսաղէմին։

Դժուար ամիս մըն ալ հիմա։ Բաժանում ու կարօտ։ Անորոշ ապագայ ու օտար երկինք, օտար մարդիկ ու մշակոյթ, մտածումնե՜ր… որոնք կը խեղդեն զիս հիմա պատանեկութեան տարիքիս։

ՀՄԸՄ-ի սկաուտ ըլլալով, արդէն յանձնած էի տարազս ակումբին։

Ամէն օր ծանօթ մարդիկ ու բարեկամներ ողջերթի կու գային մեզի։

Ու հազիւ շաբաթ մը մնացած մեր ճամբորդութեան, յանկարծ կայծակնային արագութեամբ մահուան գոյժ մը տարածուեցաւ ամբողջ քաղաքին մէջ։

Տոքթ. Վահան Գալըպեանը վախճանած էր։ Ա՛յն մեծ բժշկապետը, որ դեռատի կեանքս էր փրկած։

Թաղման կարգն ու յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենար մի քանի օրէն։

Ամբողջ քաղաքը սուգի մէջ էր։

Երուսաղէմի հարոց թաղ ապրած ըլլալով, սկաուտական շարժումին առաջին քայլերս առած էի Երուսաղէմի Հայոց Բարեսիրաց Ակումբին մէջ։

Տոքթ. Գալըպեանն ալ աւելի մօտ եղած էր այս միութեան։

Երուսաղէմի բոլոր միութիւններն ալ պիտի մասնակցէին ազգային թաղումին։

Վերջին յարգանքս մատուցանելու սաղէմի այս մեծ հայուն, Բարեսիրաց ակումբի սկաուտական տարազը հագայ։

Թաղման օրը, Երուսաղէմի բոլոր յարանուանութիւնները հաւաքուած էին քաղաքի Յոպպէի դրան մօտ։ Հազարաւո՜ր ժողովուրդ հայ եւ օտար։

Հո՛ն էր նաեւ Պրն. Յարութիւնը իր վարչական ընկերներուն հետ։

Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութիւնը՝ ի գլուխ Երջ. Եղիշէ Պատրիարք Տէրտէրեանին եւ այլ օտար եկեղեցականներու նոյնպէս կը սպասէին մեռելակառքին։

Ու յանկարծ, քաղաքի բոլոր եկեղեցիներու զանգերը կը ղօղանջէին յատուկ սուգի զանգով։

Բեռնատար կառքէ մը ծաղկեպսակներ կ՚իջեցնէին ու կը տրուէին ամէն մէկ սկաուտի։

Բարեսիրացի ատենապետ Պրն. Անդրանիկ Պաքըրճեան, որ քաջատեղեակ էր պատմութենէս, անմիջապէս զիս կանչելով ու բժշկապետին դագաղին վրայի մեծ խաչը ինծի տալով – այս խա՛չը դո՛ւն պիտի շալկես – ըսաւ, ու տարաւ զիս առջեւ, որ այդ հսկայ թափօրը առաջնորդեմ, բարապաններու (ղաւաս) ետեւէն յամրաքայլ քայլելով։

Կեանքի ի՜նչ ճակատագիր…։

Ա՛յդ խաչը շալկեցի Յոպպէի դուռէն մինչեւ Ս. Յակոբ եւ մինչեւ Ս. Փրկիչ գերեզմանատունը… վերջին երախտագիտական «մնաք բարովս» ըսելու։

Բա՛յց… այս անգամ թա՛ց աչքերով։

 

Փետրուար 2017

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ