Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2024

Շաբաթաթերթ

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Սիրելի Ընկերներ,

 

Համացանցի միջոցով տարածուած է «Անօրէնները Իրաւունք Չունին Խօսելու Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Անունով» վերնագիրը կրող նողկալի հաղորդագրութիւն մը՝ «ՌԱԿ Գերագոյն Խորհուրդ» կոչուող անօրինական եւ անգոյ մարմնի մը երեւակայական «Մամլոյ Դիւան»ին կողմէ: Բարոյականութեան եւ կուսակցական պարկեշտութեան ամէն սահման անցած այդ հաղորդագրութեան հեղինակ-հեղինակները, իրենց տարածած բազմաթիւ սուտերուն եւ ցեխարձակումներուն կողքին, փորձած են նաեւ կասկածի տակ դնել ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետի հանգամանքէս բղխող հաղորդագրութիւններու տակ դրուած ստորագրութիւններուս վաւերականութիւնը: Այսու կու գամ հաստատելու թէ՝ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան գործակից ընկերներուս հետ միասին ամբողջովին կը կրեմ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անունով հրապարակուած հաղորդագրութիւններուն եւ յայտարարութիւններուն պատասխանատուութիւնը:

 

Ընկերական ողջոյններով՝

 

Սերխիօ Նահապետեան

Ատենապետ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ