Իրանամէտ լիբանանեան Հըզպալլա կուսակցութեան առաջնորդ Հասան Նասրալլա սպառնացած է հարուած հասցնել Տիմանի մէջ գտնուող իսրայէլեան միջուկային կեդրոնին։ Մէկ կողմէ Իսրայէլ սկսած է խօսիլ լիբանանեան նոր պատերազմի մը մասին, միւս կողմէ, Հըզպալլա պատրաստ է «անակնկալ» մատուցելու Իսրայէլին եւ հարուածել անոր միջուկային կեդրոնը։
Պարզ է, որ Նասրալլա վերսկսաւ սպառնալ Իսրայէլին, Նաթանիահու-Թրամփ հանդիպումէն ետք, ուր ԱՄՆ-ի նախագահը սպառնացած էր Իրանի դէմ աւելի խիստ գտնուիլ եւ իսրայէլամէտ յայտարարութիւններ կատարել։
“The Wall Street Journal”-ի տուեալներով, Միացեալ Նահանգներ կը ծրագրէ ռազմական դաշինք ստեղծել Իրանի դէմ, հոն ընդգրկելով Սէուտական Արաբիան, Էմիրութիւնները, Եգիպտոսը եւ Յորդանանը։ Արաբական այլ երկիրներ նոյնպէս կրնան միանալ դաշինքին։ Սակայն, Միացեալ Նահանգներ եւ Իսրայէլ մաս պիտի չկազմեն, այլ՝ պիտի տրամադրեն զէնք եւ հետախուզական տեղեկութիւններ։
Իսրայէլի համար շատ ձեռնտու է Թրամփին կտրուկ վերաբերումը Իրանի նկատմամբ եւ հակա-Իրան միութեան մը ձեւաւորումը կը բխի Թէլ Աւիվի շահերէն։ Այնպէս որ, Լիբանանի հարաւը կրնայ պատերազմի նոր թատերաբեմ հանդիսանալ, թուլացնելու համար իրանամէտ Հըզպալլան։
Միւս կողմէ, Լիբանանի նախագահ Միշէլ Աուն յայտարարեց, որ Իսրայէլ զգոյշ գտնուի, ապա թէ ոչ Լիբանան ստիպուած պիտի ըլլայ պաշտպանելու իր սահմանները։