Ուրբաթ, Նոյեմբեր 8, 2024

Շաբաթաթերթ

Մէկ Պարբերութեամբ…

ԻՐԱՔ. Վարչապետ Հայտա Ապատին յայտարարած է Մոսուլ քաղաքի արեւմտեան մասը ազատագրելու գործողութեան մասին, ձերբազատուելու համար «Իսլամական պետութենէն»։ Նշենք, որ շուրջ 800 հազար մարդ կ՚ապրի այդ տարածքին մէջ։ Հոկտեմբերէն ի վեր ամերիկեան  աջակցութեամբ կարելի եղած էր ազատագրել քաղաքին արեւելեան մասը։ Մոսուլը 2014-ին գրաւուած էր ծայրայեղներուն կողմէ, դարձնելով իրենց «խալիֆայութեան մայրաքաղաքը»։

ՍՈՄԱԼԻ. Մայրաքաղաքին շուկաներէն մէկուն մէջ անձնասպանական գործողութեան մը հետեւանքով մահացած է 18 հոգի եւ 25 ուրիշներ վիրաւորուած Կիրակի օր։ Անցեալին, իսլամական ահաբեկչական «Ալ Շապապ» խմբաւորումը նմանատիպ ահաբեկչութիւններ իրականացուցած է Սոմալիի մէջ։

ՈՒՔՐԱՆԻԱ. ԱՄՆ-ի դեսպանատունը մտահոգ է, որ Ռուսիա ժամանակաւորապէս ճանչցած է Արեւելեան Ուքրանիոյ անջատականներուն տրամադրուած փաստաթուղթերը։ Նախագահ Փութինի հրամանագիրով, Ռուսիա կը ճանչնայ ինքնահռչակ Տոնեցքի Ժողովրդական Հանրապետութեան եւ Լուհանսքի Ժողովրդական Հանրապետութեան տրամադրած փաստաթուղթերը։

ՊԵԼԱՌՈՒՍ. Կիրակի օր Պելառուսի Հոմէլ քաղաքին մէջ հարիւրաւոր մարդիկ ցոյցի մասնակցած են բողոքելով գործազուրկներէն հարկ վերցնելու օրէնքին դէմ։ Հակաիշխանական նման ցոյց մըն ալ տեղի ունեցած է մայրաքաղաք Մինսքի մէջ։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ