Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

Տարբեր երկիրներէ դիտորդներ Արցախի մէջ

ԼՂՀ նախագահ Բակօ  Սահակեան Փետրուար 18-ին ընդունած է Սահմանադրական հանրաքուէի առիթով Արցախ ժամանած միջազգային դիտորդները, որոնք Ստեփանակերտ ժամանած են Լաթվիայէն, Սլովենիայէն, Սպանիայէն, Մեծն Բրիտանիայէն, Ռումանիայէն, Սլովաքիայէն եւ Պելճիքայէն։ Անոնց մէջ կան իրաւագէտներ, լրագրողներ եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։

Հանդիպումին ընթացքին խօսած են ԼՂՀ-ի պետականաշինութեան, արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան, տարածաշրջանային գործընթացներուն վերաբերող շարք մը խնդիրներու մասին։

– Նախագահ Սահակեան առանձին հանդիպում մըն ալ ունեցած է Պոլիվիայէն ժամանած պետական պաշտօնական պատուիրակութեան հետ, որոնք նոյնպէս Արցախ ժամանած են որպէս դիտորդ։

Միւս կողմէ, Կիրակի Փետրուար 19-ին, ԼՂՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան ընդունած է Աբխազիոյ խորհրդարանական պատուիրակութիւնը, որոնց մէջ՝ հայազգի Լեւոն Գալստեանը, որոնք Արցախ հասած են որպէս դիտորդ, հետեւելու հանրաքուէի գործընթացին։ Կողմերը խօսած են Արցախի եւ Աբխազիոյ մէջ ժողովրդավարութեան հաստատման գծով առնուած եւ առնուելիք քայլերուն մասին։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ