Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2024

Շաբաթաթերթ

Ձերբակալուած է Վարդան Օսկանեանի որդին

Կ՚ենթադրուի, թէ Աբովեան քաղաքին մէջ ապրող, 30-ամեայ սուրիահայ Նժդեհ Պէրպէրեանը սպանութեան սպառնալիքի տակ առեւանգելու պատճառով՝ ձերբակալուած են նախկին արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեանի որդին՝ 33-ամեայ Արան եւ անոր զարմիկը՝ 25-ամեայ Հրանդ Սէրայտարեանը, կը հաղորդէ shamshyan.com-ը։ Լուրերուն համաձայն, անոնք ինքնակամ ներկայացած են ոստիկանութեան Մաշտոցի բաժանմունք, որմէ ետք զիրենք տեղափոխած են ոստիկանութեան Աբովեանի բաժին։

Այս գծով, Փետրուար 20-ին պարզ դարձաւ, որ քննիչին որոշումով, ստորագրութեան դիմաց ազատ արձակուած է Արա Օսկանեան, չհեռանալու պայմանով։ Այնպէս կ՚երեւի, որ հարցը քաղաքական նպատակներ չի հետապնդեր։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ