Նման յայտարարութիւն մը կատարած է Ատրպէյճանի ռազմագերիներու, պատանդներու եւ անյայտ կորսուածներու պետական յանձնաժողովի պետի տեղակալ Էլտար Սամետովը։
Արցախի ազատագրութեան ժամանակ, որպէս անյայտ կորսուած պաշտօնապէս յայտարարուած է 3,868 ատրպէյճանցիի անուն-մականուն։ Անոնցմէ 745-ը խաղաղ բնակիչներ, 3123-ը՝ զինուորականներ են, իսկ մօտաւորապէս 873 հոգի՝ անյայտ կորսուած, ատրպէյճանեան տուեալներու համաձայն։
Սամետովը եւ իր երկրին ղեկավարութիւնը Խոջալուի կոտորածի մէջ կը մեղադրեն ԱՍԱԼԱ-ն (Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակը) եւ «Արաբօ» ջոկատը։ Սակայն, պարզ է, որ Խոջալուի կոտորածը ատրպէյճանեան իշխանութեան նախաձեռնած քայլն էր։ Կան բազմաթիւ ապացոյցներ, նկարներ, որոնք կը ներկայացնեն իբրեւ թէ Խոջալուի դէպքեր, բայց իրականութեան մէջ տարբեր կայքերէ գողցուած նկարներ են։
Ատրպէյճան ամէն տեսակի սուտ քարոզչութիւն ընելէ ետք, տակաւին կը փորձէ հետապնդել ջոկատի մարտիկները՝ միջազգային դատարաններու օգնութեամբ։