Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանը անցեալ շաբաթ մերժած էր Ժողովուրդներու Դեմոկրատական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանի հայցը՝ կապուած խորհրդարանին մէջ վերջերս իր տուած ելոյթին խօսքերը արձանագրութենէն հանելու ու զինք 3 նիստերէ զրկելու որոշումը բեկանելուն հետ:
Կարօ Փայլան, Սահմանադրական դատարանէն մերժում ստանալէ ետք որոշած է դիմել Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարան (ՄԻԵԴ):
«Երանի, թէ Թուրքիոյ դատարանը այս հարցին լուծումը տար: Ինծի հանդէպ կայացուած որոշումը ժողովրդավարութեան հարուած է: Քանի որ մեր դատարանը այդ որոշումը չեղեալ չէ համարած, ես պիտի դիմեմ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարան», ըսած է Կարօ Փայլան:
Համադրուած՝ «Ակօս» թերթէն, Պոլիս