Շաբաթ, Դեկտեմբեր 21, 2024

Շաբաթաթերթ

Մահագրական. Մանուշ Մաման

Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մահը մեր սիրելի մօր, մեծ մօր, մեծ մեծ մայրիկին՝ Մանուշակ Չարմահալիի (Մանուշ Մամային), որ պատահեցաւ երկարատեւ հիւանդութենէ մը ետք, Շաբաթ, 4 Մարտ 2017 թուին, իր 95 տարեկան հասակին:

Մանուշակ ծնած էր 1921 Օգոստոսի 31 թուին Պարսկաստանի Իսֆահան քաղաքը: Յովսէփ Չարմահալիի հետ ամուսնացած եւ երկու աղջիկ զաւակներով բախտաւորուած էր՝ Ռոմիլտա եւ Թելմա, որոնց խնամքին տակ էր իր վերջին տարիներու ընթացքին: Մանուշակ փոխադրուած էր Ամերիկա իր ամուսնու Յովսէփի հետ միանալու իրենց դուստրերուն 1970-ին եւ խարսխուած Սան Ֆրանսիսքօ գեղատեսիլ քաղաքը: Ապա, իր ամուսնու Յովսէփի մահէն ետք փոխադրուած էր իր փոքր աղջկան Թելմայի ընտանիքին հետ Լոս Անճելըս, ուր բնակութիւն հաստատած Չէցուըրթ (Chatsworth) արուարձանի մէջ:

Մանուշ մաման մայր մըն էր, որուն զոհողութիւններն ու գուրգուրանքը իր ընտանիքի անդամներու հանդէպ եղած էր աննախադէպ: Նոյնիսկ իր թոռներուն՝ օտար ազգի ընկերներն ու բարեկամները զինք կը նկատէին որպէս իրենց հարազատ մեծ մայրը եւ բոլորին համար ան ճանչցուած էր որպէս «Մանուշ Մամ»:  Ան՝ անխտիր կը կերակրէր բոլոր անոնք, որոնք տուն կը մտնէին նոյնիսկ վայրկեանի մը համար: Իր սիրոյ դրոշմը եւ համբերատար հոգին եղաւ բոլոր իր շրջապատի մարդկանց ուղեցոյցը: Կը խնկարկենք անոր յիշատակը կապոյտի խաղաղութիւնը մաղթելով իր հոգիին:

Մանուշ մաման իր առաքինութիւններու շարքը որպէս ժառանգ կը ձգէ իր հարազատներուն, որպէսզի անոնք շարունակեն Մանուշ Մամայի առաքելութիւնը մարդասիրութեան եւ բարի կամեցողութեան ուղիին մէջ, միշտ բարիին ու գեղեցիկին ցանկալով:

Իր դուստրերը՝ Ռոմիկը, Թելման, թոռնիկները՝ Միշէլն ու Ալէնը, Նանէան, Լորիկն ու Արմէնը եւ իր ծոռերը՝ Նայիրին եւ Շանթը, Նարեկն ու Անին, նաեւ փեսաները՝ Վազգէնն ու Կարօն, իր հարսն ու փեսան՝ Արսինէն ու Ժիլպերը կը խոնարհին իր յիշատակին առջեւ ու կը համբուրեն իր օգտաշատ ու բեղմնաւոր ձեռքերը, զոր իր բարիքները մատաղեց բոլոր անոնց որոնց հետ շաղուեցաւ:

Յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, Մարտ 9, առաւօտեան ժամը 10:00-ին Սբ. Պետրոս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ, ապա մարմինը պիտի զետեղուի Oakwood Memorial Park գերեզմանատան մէջ 22601 Lassen Street Chatsworth, որմէ ետք հոգեճաշ պիտի մատուցուի Sako’s ճաշարանիմ մէջ՝ 6736 Corbin Avenue, Reseda:

Փոխան ծաղկեպսակի, շնորհակալութեամբ ընդունելի են նուիրատուութիւններ ՝ «Նոր Օր» շաբաթաթերթին,   Թէքէեան Մշակութային Միութեան եւ Սբ. Պետրոս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ

Կ.Ա.

 

ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ

Ողբ. Մանուշակ Չարմահալի մահուան առիթով, մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալին ընտանեկան պարագաներուն եւ մասնաւորաբար Տէր եւ Տիկ. Կարօ եւ Թելմա Այալթուններուն:

ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւն

ԹՄՄ Լոս Անճելըսի մասնաճիւղ

«Նոր Օր»ի վարչական եւ խմբագրական կազմեր

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ