Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2024

Շաբաթաթերթ

Reclaim կամ՝ Վերականգնում. Երիտասարդական հաւաք եւ Քրիստոնէական խորհրդաժողով

Նուիրուած Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի հիմնադրութեան 90-ամեակին, հովանաւորութեամբ գերաշնորհ տէր Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի եւ ղեկավարութեամբ արժանապատիւ Տէր Վազգէն Քհնյ. Մովսէսեանի՝ Մարտ 10-12 տեղի ունեցան եռօրեայ միջոցաոումներ Առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց մայր տաճարի շրջափակէն ներս, Պըրպէնք։

Աննախընթաց այս հաւաքը կը կրէր “Reclaim” անունը, նպատակ ունենալով հաւաքել երիտասարդութիւնը մէկ երդիկի տակ, անոնց փոխանցելով համամարդկային արժէքներ, հոգեւոր եւ ազգային կրթութիւն ու դաստիարակութիւն։

Ամերիկայի արեւմտեան ափի տարբեր նահանգներու տարբեր քաղաքներէ եւ Քանատայէն ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով երիտասարդ մասնակիցներ։

Եռօրեայ ծրագիրը յագեցած էր դասախօսութիւններով, քննարկումներով, աղօթքներով, արշաւներով, երաժշտութեամբ, թատրոնով եւ պարով՝ Անգլիայէն ու ԱՄՆ-ի տարբեր քաղաքներէ, հայ թէ օտար, քրիստոնեայ թէ այլակրօն հիւր դասախօսներու մասնակցութեամբ, որոնք իրենց ներկայութեամբ ու խօսքով վերականգնեցին հաւատքը երիտասարդ սերունդին մէջ, բաշխելով լոյսը Քրիստոսի։

Գործի լծուած էին մեծ թիւով կամաւորներ։ Մայր Տաճարի շրջափակէն ներս կրպակներ լարուած էին, ուր ներկայացուած էին Առաջնորդարանին կից գործող բոլոր միաւորները, ինչպէս նաեւ ՀԲԸՄ-ի զոյգ վարժարանները։

Եռօրեայ ծրագիրներուն մաս կը կազմէին նաեւ Շաբաթ օր ժամը 10-ին սկսած Արեւմտեան թեմի Շաբաթօրեայ վարժարաններու 400 աշակերտներու գեղարուեստական յայտագիրը, եւ Կիրակի օր՝ Կիրակնօրեայ վարժարաններու աշակերտութեան մասնակցութիւնը Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին։

***

Կը շնորհաւորենք “Reclaim”-ը յղացողները, ծրագրողներն ու իրականութեան վերածողները։ Որպէս առաջին փորձ, ան արձանագրեց յաջողութիւն, որուն վստահ ենք, որ պիտի հետեւին յաջորդ տարիներու աւելի՛ ծաղկուն եւ աւելի՛ ընդգրկուն «վերականգման» հաւաքներ, որուն կարիքը ունի լոսանճելըսահայութիւնը ո՛չ միայն հոգեւոր, այլեւ քաղաքական, մշակութային, կրթական, մարզական, երիտասարդական եւ այլ բնագաւառներէ ներս։

 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ