Կիրակի, Դեկտեմբեր 22, 2024

Շաբաթաթերթ

Գաղութային Լուրեր

ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ, ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ՝ «ՄԻՋՆԱԴԱՐԵԱՆ ԱՆԻԻ ԱՒԵՐԱԿՆԵՐՈՒՆ»

      Կազմակերպութեամբ «Զուարթնոց» մշակութային յանձնախումբին, Հինգշաբթի, Մարտ 23, երեկոյեան ժամը 7-ին դասախօսութիւն մը տեղի պիտի ունենայ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Սրբոց Ղեւոնդեանց տաճարի Զօրայեան թանգարանին մէջ, Պըրպէնք: Դասախօսութիւնը նուիրուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-Ի կողմէ աշխարհով մէկ ճանաչում նուաճած միջնադարեան Անիի աւերակներուն:

     Դասախօսն է Թորոնթոյէն Մկրտիչ Մկրտիչեան:

 

ԿՐԵԿ ՀՕՇԱՐԵԱՆԻ «ԱՐՄԻՆԻԸՆ ՓԱՓՍ» ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԻ ԵԼՈՅԹԸ

     Կիրակի, Մարտ 26, երեկոյեան ժամը 6-ին Լոս Անճելըսի հայութիւնը բացառիկ հաճոյքը պիտի ունենայ վայելելու Կրեկ Հօշարեանի (զաւակը մեծանուն երաժշտագէտ, Ողբ. Էտուարտ Հօշարեանի) ղեկավարութեամբ «Արմինիըն Փափս» նուագախումբի իւրայատուկ ելոյթը, որ տեղի պիտի ունենայ Փասատինայի «Էմպեսետըր» սրահին մէջ:

     Ձեռնարկին հասոյթը պիտի յատկացուի Էտուարտ Հօշարեանի անունը կրող հիմնադրամին, որ ամէն տարի երաժշտութեամբ զբաղող աշակերտներուն կրթաթոշակներ կը տրամադրէ: Տոմսերու համար կարելի է հեռաձայնել (323) 722-3965 թիւին:

 

ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԸ ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՄԷՋ

      Լոս Անճելըսի մէջ սունկի պէս ամէն օր թերթ մը, հրատարակութիւն մը, կամ հեռատեսիլի կայան, կամ՝ յայտագիր մը կը սկսի:

     Հայկական աւանդական կուսակցութիւններու պաշտօնաթերթերուն կողքին, 40-է աւելի թերթեր լոյս կը տեսնեն: Բոլոր տեսակի ճաշակներ գոհացնող թերթեր եւ հեռատեսիլի յայտագիրներ. ուսանողական, մշակութային, հեռատեսիլի յայտագիրներ: Մարզական, մշակութային, միութեան պաշտօնաթերթեր, եկեղեցիներու հրատարակութիւններ, առեւտուրի, տնտեսական, կերակուրի, առողջապահական ու մանաւանդ քաղաքական, Հայաստանի իշխանութեան ընդդիմադիր կամ՝ իշխանամէտ հրատարակութիւններ կը վխտան մեր գաղութին մէջ:

 

ՊԷՅՐՈՒԹԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԵՐԿՐԴ. ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ 27-ՐԴ ՁԵՌՆԱՐԿԸ

     Ուրբաթ, Մարտ 10-ին, Կլենտէլի Phoenicia ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ Պէյրութի Հայ Աւետարանական Կեդրոնական վարժարանի (ԿԲՎ) շրջանաւարտից Միութեան 27-րդ ձեռնարկը։ Պէյրութէն ժամանած էր վարժարանի տնօրէնուհի՝ Մարալ Տէյրմէնճեան: Գնահատուեցան շրջանաւարտից միութեան անդամներ, նախկին ուսուցիչներ, բարերարներ եւ դպրոցին իրենց նպաստը բերող ազգայիններ:

 

ՄԵԾԱՆՈՒՆ ԴԵՐԱՍԱՆ ՎԻԳԷՆ ՉԱԼՏՐԱՆԵԱՆԻ ՖԻԼՄԵՐԸ

     Ուրախալի է տեսնել, թէ հայրենիքի կամ սփիւռքի մէջ մեծ աշխուժութիւն կայ ֆիլմարուեստի եւ ֆիլմարտադրութեան մէջ: Արդէն Կլենտէյլի մէջ MGN ֆիլմի բարձրորակ սրահները միշտ ալ զբաղած են հայկական ֆիլմերու ցուցադրութեամբ: Փետրուար 23, 24, 25, 26-ին ցուցադրուեցան Չալտրանեանի «Լռութեան» չորս ֆիլմեր՝ «Վարդապետի լռութիւնը», «Լռութեան սիմֆոնիան», «Լռութեան ձայնը» եւ «Ձայն բարբառոյ»:

    Այս ցուցադրութիւնները հովանաւորած են Համազգայինի Արեւմտեան Շրջանայինի վարչութիւնը եւ հասոյթէն մաս մը պիտի տրամադրուի Հայաստանի մէջ գործող «Սօս Սարգսեան» թատերախումբին:

 

ARMENIAN AMERICAN BUSINESS COUNCIL-Ի ՃԱՄԲՈՐԴԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ

     Լոս Անճելըսի հռչակաւոր ճամբորդական ցուցահանդէսին կը մասնակցին ողջ ԱՄՆ-ի տարածքին մէջ գործող մեծանուն ճամբորդական եւ թուրիզմի ընկերութիւններ: Հայաստանը եւ Արցախը ներկայացնող միացեալ կրպակ մը հաստատուեցաւ Լոս Անճելըսի այս ցուցահանդէսին մօտէն ծանօթացնելու Հայաստանի եւ Արցախի զբօսաշրջութեան վայրերը: Ցուցահանդէսը տեղի ունեցաւ Փետրուար 18-ի եւ 19-ի օրերուն, Լոս Անճելըսի Convention Center-ի մէջ: Կազմակերպիչն էր AABC, գործակցութեամբ Հ.Հ. Լոս Անճելըսի Գլխաւոր հիւպատոսութեամբ:

 

«ՀՈԳԵՒՈՐ ՊՐԻՍՄԱԿ»Ի ՆՈՐ ԹԻՒԸ

      Յունուար 2017-ին լոյս տեսաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Առաջնորդարանի պաշտօնաթերթ՝ «Հոգեւոր Պրիսմակ»ի 19-րդ տարուան 3-րդ հատորը: Խմբագիրներն են՝ Հոգեշ. Միւրոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան եւ Խաչիկ Սրկ. Շաննագեան:

     Այս թիւին մէջ արձագանգուած է Արամ Ա. կաթողիկոսի պատմական այցելութեան մանրամասնութիւնները, Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի հոգեւոր յօդուածները եւ ժողովուրդին տուած հոգեւոր պատգամներէն մասնիկներ:

 

ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԱՐՑԱԽ ՖՈՆՏԻ ՆՊԱՍՏԸ

     Հայաստան-Արցախ Ֆոնտը սփիւռքի պարծանքներէն մին է: Այս Ֆոնտը վերջին 13 ամիսներուն 22 միլիոն տոլարի արժէքով մարդասիրական օժանդակութիւն հասցուցած է Հայաստանի եւ Արցախի բնակչութեան:

     Այս Ֆոնտը եւ անոր նախորդող Միացեալ Հայկական Ֆոնտը միասնաբար՝ վերջին 27 տարիներուն Հայաստանի եւ Արցախին 741 միլիոն տոլար արժող մարդասիրական օժանդակութիւն հայթայթած են՝ 158 թռիչքներով եւ 2333 ծովային արկղներով:

 

“HAI BENEFIT CIRCLE”-Ի ՏԱՐԵԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԸ

     1950-ին հիմնուած է Hai Benefit Circle” համախմբումը: Այս միութեան նպատակն է նպաստել հայկական կրթական, մշակութային եւ ընկերային գործերուն: Միութիւնը ցարդ նուիրած է 270.000 տոլար Children Hospital-ին, AMAA-ին, Լոս Անճելըսի Արարատ Տարեցներու Տան, Armenian Allied Art Association-ին, Icing Smiles եւ Sinise Foundation-ին:

     Ապրիլ 1, 2017-ին տեղի պիտի ունենայ միութեան ճաշկերոյթ-պարահանդէսը: Տոմսերու համար հեռաձայնել հետեւեալ թիւին՝ (818) 342-1602:

    Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ North Reach Club, Westlake Village քաղաքին մէջ:

 

ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԱՍՊԵՏՆԵՐՈՒ ԵՒ ԴՈՒՍՏՐԵՐՈՒ ՏԱՐՈՒԱՆ ԱՆՁՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

     Շաբաթ, Մարտ 25-ին, Ֆրեզնոյի «Փարտինիզ» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Վարդանանց Ասպետներու եւ Դուստրերու տարեկան ճաշկերոյթ-պարահանդէսը: Այդ օր «Տարուան Անձնաւորութիւնը» տիտղոսը պիտի շնորհուի Ֆրեզնոյի նահանգային համալսարանի նախագահ՝ Դոկտ. Ճոզէֆ Քասթրոյին, համալսարանին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակին համար դրուած Յուշարձանին, ինչպէս նաեւ հայութեան արդար պահանջներուն եւ իրաւունքներուն միշտ թիկունք ըլլալուն համար:

     Ձեռնարկին հասոյթը պիտի տրամադրուի Ֆրեզնոյի համալասարանի Հայագիտական ամպիոնին եւ PBC-ի կողմէ արտադրուելիք «Նոր Հայաստան մը» ֆիլմին: Վաւերագրական այս ֆիլմը պիտի ներկայացնէ շարք մը ամերիկահայերու իրագործումները:

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ