Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2024

Շաբաթաթերթ

Արամ Արք. Աթէշեան ընդունած է իր մրցակից՝ Գերմանիոյ թեմի առաջնորդ Գարեգին Արք. Պէքճեանը

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքական փոխանորդ Արամ Արք. Աթէշեան Կիրակի օր ընդունած է Իսթանպուլ ժամանած եւ տեղապահի պաշտօնին իրեն մրցակից Գերմանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Գարեգին Արք. Պէքճեանը։ Անոնք շարունակած են Ս. Էջմիածնի մէջ սկսած քննարկումները պատրիարքական ընտրութիւններուն շուրջ։

«Ժամանակ» օրաթերթի խմբագրատուն այցելելով, Գարեգին Արք. իր անհամաձայնութիւնը արտայայտած է վերջին ինը տարիներուն առնուած քայլերուն մասին, նշելով, որ եթէ տեղապահ ընտրուի իր կարելին պիտի ընէ յառաջ տանելու համար պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ