Շաբաթ, Ապրիլ 20, 2024

Շաբաթաթերթ

Նախագահ Սարգսեան Մոսկուայի մէջ

Ելոյթ ունենալով Մոսկուայի միջազգային յարաբերութիւններու ինստիտուտի ուսանողութեան եւ դասախօսներու դիմաց, Սերժ Սարգսեան յայտարարած է, որ «մեր գործընկերները մեզ վստահեցնում էին, որ ագրեսիա չի լինի»։ Արդեօ՞ք խաբուած էին Սարգսեանն ու անոր դիւանագիտութիւնը։ Իր խօսքին աւարտին, ան նշած է, որ Ատրպէյճան ինչպէս անցեալին, կը խուսափի այն պայմանաւորուածութիւններէն, որոնք ձեռք ձգուած էին Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ, պահելու 1994-95-ին ձեռք ձգուած եռակողմ անժամկէտ համաձայնագրի պահպանումը։

– Մարտ 14-ին Սարգսեան այցելեց Մոսկուայի միջազգային յարաբերութիւններու պետական ինստիտուտ, ուր իրեն շնորհուեցաւ «Պատուաւոր Դոկտորի» կոչում։

– Սարգսեան-Մետվետեւ հանդիպումը չէ կայացած, Ռուսիոյ վարչապետին անհանգստութեան պատճառով։

– Ռուսիա կատարած պաշտօնական այցելութեան առաջին օրը, Սերժ Սարգսեան ՀՀ դեսպանատան մէջ հանդիպած է մոսկուաբնակ հայ ուսանողներու եւ բժիշկներու հետ։ Ներկայ եղած է նաեւ Նոր Նախիջեւանի եւ Ռուսիոյ առաջնորդ Գերշ. Տ. Եզրաս Արք. Ներսիսեանը։

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ