Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը Շաբաթ, Մարտ 11-ին հիւրընկալեց կուսակցութեան Ալթատինայի կեդրոնատեղիին մէջ Կլենտէյլի քաղաքային խորհուրդի անդամ, նախկին քաղաքապետ Զարեհ Սինանեանը։
Կուսակցութիւնը իր զօրակցութիւնը յայտնեց Զարեհ Սինանեանին, Երեքշաբթի, Ապրիլ 4-ին կայանալիք Կլենտէյլ քաղաքի ընտրութիւններուն։
Սինանեան ծանօթ իրաւաբան է, սիրուած ու յարգուած Կլենտէյլի բնակչութեան կողմէ։ Ամուսնացած է, ունի չորս զաւակ։