ԱՄՆ-ի գլխաւոր դատախազ Ճէֆ Սէշընզը պահանջած է 46 դաշնային դատախազներու հրաժարականը, որոնք ժամանակին նշանակուած էին նախկին նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ։ Այս քայլին դիմուած է ապահովելու համար «իշխանութեան արագ անցումը», նշուած է արդարադատութեան նախարարութեան յղում կատարելով։
Յիշեցնենք, որ նոյն Սէշընզը ԱՄՆ-ի ռուս դեսպան Սերէյ Քիսլեաքին հետ գաղտնի հանդիպումներ ունեցած ըլլալու մեղադրանքներու դիմաց կը գտնուի։