Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայ կեանքը յուզող ընկերային կնճռոտ հարց մը՝ զաւեշտով

Երբ «Փեսադ ո՞ւր է» կատակերգութիւնը իր անդրանիկ ելոյթը ունեցաւ Նիւ Եորքի մէջ, արձանագրելով աննախընթաց յաջողութիւն, քիչեր կրնային երեւակայել, թէ յաջորդ տարուան ընթացքին, աւելի քան տասը հայահոծ քաղաքներու մէջ, նոյն խանդավառ ընդունելութիւնը պիտի վերապահուէր այս զաւեշտին։

Իր տեսակին մէջ եզակի՝ ինքնատիպ այս կատակերգութիւնը հայելին է հայ գաղութներուն մէջ տիրող ընկերային ամէնէն կնճռոտ հարցերէն մէկուն. ամուսնութիւն։ Այսքան հրատապ եւ ժամանակակից հարց մը յայտնի լրագրողուհի, երիտասարդ գրող Թալին Պապայեան հանրութեան կը ներկայացնէ գունաւոր պատկերներով, իրականութեան համապատասխան դրուագներով, սակայն միշտ հաճելի գոյներով։

Արդարեւ, հիմնուելով «Փեսադ ո՞ւր է» անգլիախօս զաւեշտին գտած ջերմ ընդունելութեան վրայ, Թալին Պապայեան հայ հանրութեան կը ներկայանայ երկրորդ մասով այս կատակերգութեան, Նիւ Եորքի Քոլոմպիա Համալսարանի Miller ընդարձակ եւ արդիական սրահին մէջ, Մարտ 26-ին, Կիրակի օր։ Թատերագիր-բեմադրիչ տաղանդաշատ Թալին Պապայեան եւ աւելի քան տասնհինգ ամերիկահայ երիտասարդ-երիտասարդուհիներ անգամ մը եւս բեմ պիտի հանեն հայ գաղութին ներկայացնելու ինքնատիպ զաւեշտ մը։

 

Ն.Ե.Պ.

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ