Կիրակի, Դեկտեմբեր 1, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայոց Ցեղասպանութեան 102րդ Ամեակը Համագաղութային Տարողութեամբ Պիտի Ոգեկոչուի Մոնթեպելլոյի Նաhատակաց Յուշարձանի Առաջ

Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման Լոս Անճելըսի միացեալ մարմինը, որ կազմուած է Լոս Անճելըսի հայ գաղութին մէջ գործօն դերակատարութիւն ունեցող շուրջ 45 միութիւններէ եւ կազմակերպութիւններէ, իբրեւ հիմնական առաքելութիւն՝ պարտականութիւնն ունի կազմակերպելու Մոնթեպելլոյի «Պիքնըլ Փարք»էն (Bicknell Park, 910 Via San Clemente, Montebello, CA, 90640) ներս գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ տեղի ունենալիք տարեկան ոգեկոչումը: Իսկ ամբողջ տարուան ընթացքին կը կազմակերպէ եւ կը հովանաւորէ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան հետ առնչուող քարոզչական բնոյթի տարբեր միջոցառումներ:

Նկատի ունենալով, որ այս տարի Ցեղասպանութեան 102րդ ամեակին առիթով Լոս Անճելըսի թրքական հիւպատոսարանին առջեւ համագաղութային տարողութեամբ կազմակերպուելիք «Արդարութեան Համախմբում»ը տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 24ին, կէսօրին ժամը 12-էն սկսեալ, Մոնթեպելլոյի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ կայանալիք համագաղութային ոգեկոչումը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 23 Ապրիլ 2017ին, կէսօրէն ետք ժամը 3ին: Միջոցառման ընթացքին պիտի կատարուի կրօնական արարողութիւն եւ պիտի փոխանցուին քաղաքական պատգամներեւ գեղարուեստական ծրագիր։ «Պիքնըլ Փարք»ի հասցվն է Bicknell Park, 910 Via San Clemente, Montebello, CA, 90640

Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման Լոս Անճելըսի միացեալ մարմինը սոյն հաղորդագրութեամբ կոչ կ՛ուղղէ շրջանի բոլոր հայորդիներուն, որ Կիրակի, Ապրիլ 23ին խուռներամ ներկայ գտնուին ոգեկոչման՝ յարգելու համար մեր 1.5 միլիոն սրբադասուած նահատակներուն յիշատակը, ինչպէս նաեւ մասնակցութիւն բերեն գաղութէն ներս կազմակերպուող եւ Եղեռնին նուիրուած բոլոր միջոցառումներուն: Այն կազմակերպութիւնները, որոնք կը փափաքին կապուիլ Միացեալ մարմինին հետ, թող հաճին գրել գործադիր մարմինի secretary@uacla.com հասցէին:

 

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՄԱՐՄԻՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ