Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան անունով, ջերմօրէն կը շնորհաւորենք ձեզ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ազնիւ տնօրինութեամբ,
Ս. Սահակ – Ս. Մեսրոպ բարձր շքանշանով եւ Հայրապետական Կոնդակով ձեր պարգեւատրումին առթիւ:
Գնահատանքի այս բարձր արտայայտութիւնը, որուն կ’արժանանաք ազգային ձեր նուիրեալ ծառայութիւններուն համար, յատկապէս կը շեշտէ Հայաստանեայց Եկեղեցիին նկատմամբ ձեր հաւատարմութիւնը եւ ձեր նախանձախնդիր կեցուածքը անոր աւանդութիւններուն եւ օրինականութեան անխախտ պահպանումին ի խնդիր:
Մօտէն ծանօթ ըլլալով մեր հանրային կեանքէն ներս ձեր երկար տարիներու ազգային միութենական եւ համայնքային գործունէութեան եւ օրինակելի վարքին, որոնք կ’ընդգրկեն մեր սփիւռքահայ կեանքի հոլովոյթը բնորոշող բարդ եւ փորձանաւոր տարիները եւ նշանակալի հանգրուանները, մենք խոր յարգանք եւ համակրանք ունինք ձեր արժանաւոր վաստակին, կատարած առաջնորդ դերին եւ անսակարկ նուիրումին հանդէպ:
Թէեւ կամքէ անկախ պատճառներով անձնապէս չենք կրնար մասնակից ըլլալ այս առթիւ ձեզի ի պատիւ կազմակերպուած յատուկ ձեռնարկին, ես եւ տիկինս Վերան, հոգեպէս ձեր հետ ենք եւ կը բաժնենք հարազատի մեր անկեղծ զգացումները ձեր հետ:
Սրտանց կը շնորհաւորենք ձեզ եւ կը մաղթենք առողջ եւ երկար կեանք:
Բարեկամական ջերմ զգացումներով՝
Պերճ Սեդրակեան