Կիրակի, Մարտ 12-ի երեկոյեան, Հայոց Առաջնորդարանի «Արմէն Համբար» սրահին մէջ, Պըրպէնք, տեղի ունեցաւ ընկեր Փանոս Թիթիզեանի «Ս. Սահակ – Ս. Մեսրոպ» շքանշանի պարգեւատրումը եւ Հայրապետական Կոնդակի ընթերցումը (Արժ. Տ. Խաժակ Քհնյ. Շահբազեան), գլխաւորութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի։ Ներկայ էին նաեւ Նիւ Եորքէն՝ Արեւելեան թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, Ուաշինկթըն ՏիՍի-էն Գերշ. Վիգէն Արք. Այքազեան, նախկին առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Վաչէ Արք. Յովսէփեան, ՀՀ հիւպատոս՝ Տիար Ռազմիկ Ստեփանեան, ազգային-հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ՀԲԸՄ-ի զոյգ փոխ նախագահներ՝ Տէր եւ Տիկ. Սինան եւ Անժէլ Սինանեան եւ Տէր եւ Տիկ. Սէմ եւ Սիլվա Սիմոնեան (Թէքսասէն), ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ ՌԱԿ Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան, Թեմական Խորհուրդի ատենապետ Տիար Ժոզէֆ Կանիմեան, Կլենտէյլի քաղաքային խորհուրդի անդամ՝ Տէր եւ Տիկ. Արա Նաճարեան, Տէր եւ Տիկ. Միհրան եւ Էլիզապէթ Աղպապեան, ՍԴՀԿ ատենապետ Տոքթ. Համբիկ Սարաֆեան, հիւրեր, բարեկամներ, հարազատներ, միութենականներ, կուսակցական ընկերներ, հայ մամուլի ներկայացուցիչներ։
Պաշտօնական արարողակարգէն, շքանշաններու տուչութենէն ետք խօսք առին Թեմական Խորհուրդի ատենապետ իրաւաբան Ժոզէֆ Կանիմեան, մեծարեալին դուստրը՝ Տիկ. Նելլի Քազման, Հայ Իրաւաբաններու միութեան կողմէ Տիար Կարօ Ղազարեան, Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան, Հրաչ Սեփեթճեան, Տիկ. Սէսիլ Քէշիշեան, ՀԲԸՄ-ի փոխ նախագահ Տիար Սինան Սինանեան, զոյգ թեմերու առաջնորդներ՝ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան։
Ընթերցուեցան շնորհաւորական գիրեր Լիբանանէն եւ Միացեալ Նահանգներու տարբեր քաղաքներէ, ինչպէս Նիւ Եորքէն՝ ՀԲԸՄ-ի նախագահ Տիար Պերճ Սեդրակեանի շնորհաւորագիրը։
Դասական երեք կտորներով ելոյթ ունեցաւ երիտասարդ տաղանդաւոր արուեստագէտ Պլէյք Ֆուլմըր։
Շնորհակալական իր խօսքը ուղղեց Փանոս Թիթիզեան, որուն ընթացքին ան քաղաքական ակնարկ մը նետեց սփիւռքահայ մեր անցեալի իրականութեան վրայ, ծրագրելու համար մեր այսօրն ու վաղը։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, որոնք եկած էին բաժնեկցելու իր ուրախութիւնն ու պատիւը։ Փանոս Թիթիզեան յատկապէս յիշեց իր տիկինը՝ Անահիտը, որ տասնամեակներ շարունակ նեցուկ կանգնեցաւ ամուսնոյն եւ ըմբռնումով մօտեցաւ ընկեր Թիթիզեանի տարած ազգային-քաղաքական գործունէութեան։
Թիթիզեան, որպէս քեսապցի, մելգոնեանցի, լիբանանահայ եւ լոսանճելըսահայ տասնամեակներ շարունակ եղած է ՌԱԿ-ի եւ ՀԲԸՄ-ի պատասխանատու պաշտօններու վրայ, եւ այսօր, իր յառաջացեալ տարիքին իր հարուստ փորձառութեամբ ու հաւասարակշռեալ մօտեցումներով, արժանացած է լայն շրջանակներու գնահատանքին։
Երեկոն փակուեցաւ Վէգէն Սրբազանին աղօքթով։
«Նոր Օր» կը շնորհաւորէ երկար տարիներու իր աշխատակիցը, անոր մաղթելով արեւշատութիւն՝ նոյն թափով շարունակելու իր հայաստանասիրական եւ էջմիածնասիրական անշեղ ուղին։