Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Մէկ Պարբերութեամբ…

ՉԻՆԱՍՏԱՆ. ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Ռէքս Թիլերսըն պաշտօնական երկօրեայ այցելութեամբ կը գտնուէր Չինաստան, հանդիպելով նախագահ Սի Ցինփինի եւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներու հետ։ ԱՄՆ-ի նպատակն է, որ Չինաստան ճնշում բանեցնէ Հիւսիսային Քորէայի վրայ, դադրեցնելու համար հրթիռային փորձարկումները։ Թիլերսըն նախապէս կը գտնուէր Սէուլ, Հարաւային Քորէա, ուր նշած էր, թէ Հիւսիսային Քորէան եթէ չդադրեցնէ սպառնալիքները, ռազմական գործողութիւններու տարբերակը սեղանի վրայ է։

ԻՐԱՔ. Իրաքի անվտանգութեան ուժերը մտած են Մոսուլի Հին Քաղաք եւ փողոցային մարտերու բռնուած «Իսլամական պետութեան» զինեալներու հետ։ Յունուարին քաղաքին արեւելեան մասը գրաւելէ ետք, Փետրուարին՝ ամերիկեան օդուժին աջակցութեամբ, յարձակումներ սկսած էին ազատագրելու արեւմտեան մասը՝ օդակայանը, կայարանը եւ նահանգապետարանը։

ԹՈՒՐՔԻԱ. Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական կառոյց համարուող «Կիւլէնական համայնքին» դէմ տարուող հետաքննութեան ծիրէն ներս պաշտօնանկ եղած է 202 դատաւոր եւ դատախազ։ Յուլիս 2016-էն ի վեր հետաքննութիւն բացուած է 4,176 դատաւորի եւ դատախազի դէմ, որոնցմէ 3,886-ը արդէն հեռացուած է աշխատանքէ։ Պաշտօնական թիւերով՝ յեղաշրջման փորձէն առ այսօր Թուրքիոյ մէջ բանտարկուած է 43 հազար պաշտօնեայ, աշխատանքէ արձակուած է շուրջ հարիւր հազար պետական պաշտօնեայ։

ՀՈԼԱՆՏԱ. Ատրպէյճանա-թրքական համայնքի ղեկավար Իլհան Աշքինը դատապարտուած է հոլանտական իշխանութիւններուն կողմէ, հայերուն հասցէին ազգայնական արտայայտութիւններու համար։ Ան պիտի պատժուի «Ղարաբաղը հայերու գերեզմանը պիտի դառնայ» արտայայտութեան համար։ Աշքին ծնած է Իկտիր, Թուրքիա, եւ ծագումով ատրպէյճանցի է։

ՊՈՒԼԿԱՐԻԱ. Նախագահ Ռումէն Ռատեւը հաստատած է Թուրքիոյ միջամտութեան փաստը Մարտ 26-ին Պուլկարիոյ մէջ կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն։

ՖՐԱՆՍԱ. Փարիզի Օրլի օդակայանին մէջ Մարտ 18-ին սպաննուած է տղամարդ մը, որ փորձած է զէնք խլել օդուժի կին զինուորականէ մը, սակայն երկու այլ զինուորներ նկատելով պատահարը, սպաննած են յարձակողը։ Վերջինս նոյն օրը ինքնաշարժ մը գողցած է նաեւ եւ ոստիկանութեան հսկողութեան տակ կը գտնուէր։

ԱՄՆ. Առաջին անգամ հանդիպեցան ԱՄՆ-ի նախագահ Թրամփը եւ Գերմանիոյ առաջնորդ Անկելա Մերքելը Ուաշինկթընի մէջ անցեալ շաբաթ։ Անոնք քննարկած են երկկողմ յարաբերութիւններու հեռանկարները, իրավիճակը Ուքրանիոյ եւ Աֆղանիստանի մէջ։

ՄՈԼՏՈՎԱ. Երկրին նախագահ Իկոր Տոտոնը յայտարարած է, որ իր երկիրը կրնայ մօտիկ ապագային անդամակցիլ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան, աւելի մօտենալով Ռուսիոյ եւ հեռանալով Արեւմուտքէն։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ