Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայաշխարհ

Նոր թաղամաս Արցախի Մարտունի քաղաքին մէջ

Արցախի Մարտունի քաղաքին նոր թաղամասին մէջ կառուցուած չորս շէնքերը շուտով պիտի յանձնուին բնակիչներու։ Այդ 93 բնակարանները պիտի տրամադրուին զոհուած զինուորներու, սպաներու եւ ընկերային նպաստի կարիք ունեցող ընտանիքներու։ Ներկայիս կը կառուցուին քառայարկ չորս բնակելի շէնքեր եւս։

Հայկական թեմայով մուլտֆիլմ Փեթերսպուրկէն

Լրագրող եւ բեմադրող Ինոքենթի Իւանով չորս մուլտֆիլմեր (cartoons) նկարահանած է 2016-ին հայկական, մարիական, ատրպէյճանական եւ պաշքիրական հէքիաթներու թեմաներով։ «Արհեստը ոսկուց թանկ է» ժողովրդական հէքիաթին հիման վրայ պատրաստուած է հայկականը, որուն միտք բանին այն է, որ ամէն մարդ, ով որ ալ ըլլայ ան, պէտք է արհեստ մը ունենայ։

 

Պիտի կառուցուի չեխական “Tatra” բեռնատարներ արտադրող գործարան

Չեխական Tatra Trucks եւ  Zenon Limited Liability Company ընկերութիւններուն միջեւ կնքուած յուշագիրին համաձայն, Կոտայքի մարզին մէջ պիտի հիմնուի “Tatra” բեռնատար մեքենաներու արտադրութեան գործարան։ Գործարանին կառուցումը վարչապետ Կարէն Կարապետեանի եւ Ռուսիա ապրող հայ գործարարներու՝ Հայաստանի մէջ ներդրումներու համաձայնութեան արդիւնք է։ Կը նախատեսուի ստեղծել երկու հազար նոր աշխատատեղեր։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ