Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2024

Շաբաթաթերթ

Մահ եւ թաղում՝ «Հաց բերող» Արթուր Սարգսեանի

«Սասնայ ծռեր» զինուած խումբին «հաց բերող» Արթուր Սարգսեան, որ ազատ արձակուած էր վերջերս, Մարտ 16-ին մահացաւ։ Անոր մահը նոր հանրահաւաքներու առիթ տուաւ Հայաստանի մէջ։

Հայրենի թէ սփիւռքեան կարգ մը հասարակական կառոյցներ դատապարտած են ՀՀ իշխանութիւնները Սարգսեանի մահուան մէջ։ Երբ երկրորդ անգամ բանտարկուեցաւ ան, հացադուլի դիմեց, մինչ արդէն ֆիզիքապէս կը կրէր տարբեր հիւանդութիւններ։ Ցաւը խորունկ է եւ բոլոր կազմակերպութիւններն ու համայն հայութիւնը կը սգայ անոր մահը։

Յիշեցնենք, որ Արթուր Սարգսեան Յուլիս 26, 2016-ին սնունդ հասցուցած էր «Սասնայ ծռեր» զինեալ խումբի տղոց, որոնք յարձակած եւ Յուլիս 17-31 գրաւած էին Երեւանի կեդրոնը գտնուող ՀՀ ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդը։

Այս առիթով հրապարակուած են մեղմ, քննադատական եւ խիստ քննադատական հաղորդագրութիւններ Հայաստանէն եւ սփիւռքէն, ուր կը նշուի նաեւ ազատ արձակել Հայաստանի բանտերուն մէջ գտնուող բոլոր քաղաքական բանտարկեալները։

Մարտ 18-ին Սարգսեանի դիահերձումը առաջարկած են յետաձգել անոր իրաւայաջորդին ներկայացուցիչները, որպէսզի միջազգային անկախ փորձագէտներ գան, սակայն այդ մէկը տեղի չէ ունեցած, ժամանակի սղութեան պատճառով։

Երեւանի մէջ անցնող շաբթուան ընթացքին տեղի ունեցան բողոքի երթեր «Հաց բերողին» յիշատակին։ Հիմնական պահանջքը 49-ամեայ Արթուր Սարգսեանը Եռաբլուրի պանթէոնին մէջ թաղելն էր։ Տեղի կ՚ունենան նաեւ նստացոյցեր եւ բողոքի այլ միջոցներով, ժողովրդական զանգուածներ պատասխաններու կը սպասեն եւ պատասխանատուութեան կը կանչեն երկրկին ղեկավարութիւնը։

Սարգսեանին յիշատակին հոգեհանգիստի արարողութիւն տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի օր «Սան Լազար» սուգի սրահին մէջ, ներկայութեամբ բազմաթիւ քաղաքացիներու եւ քաղաքական դէմքերու, իսկ յուղարկաւորութիւնը՝ Չորեքշաբթի Մարտ 22-ին՝ Շահումեանի գերեզմանատան մէջ…  անձամբ իր կողմէ պատրաստուած դագաղով։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ