Կիրակի, Նոյեմբեր 10, 2024

Շաբաթաթերթ

Դրական տրամադրութիւններ Պոլսոյ Պատրիարքութենէն

Պոլսոյ Պատրիարքարանի ընտրեալ տեղապահ՝ Տ. Գարեգին Արք. Պէքճեան  վերադառնալով Գերմանիա, Քէօլնի առաջնորդարանէն հանդէս եկած է յայտարարութեամբ, ուր դրական պատգամներ եւ տրամադրութիւններ փոխանցած է համայն հայութեան։ Ան ընդգծած է, որ պատրիարքական ընտրութեան համար ձեռնարկուած աշխատանքի շրջանը իր կողմէ յառաջ պիտի տարուի եկեղեցւոյ աւանդութիւններուն համապատասխան։ Ան վստահութիւն յայտնած է, թէ այս շրջանը կարելի պիտի ըլլայ բոլորել ներդաշնակ եւ համերաշխ պայմաններու մէջ։

Տեղապահ Պէքճեան Սրբազան շաբաթ մը Գերմանիա մնալէ ետք պիտի վերադառնայ Պոլիս կազմակերպելու համար Կ. Պոլսոյ Աթոռի 85-րդ պատրիարքի ընտրութիւնը։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ