Մարտ 27-ին Հայաստան այցելեց ԱՄՆ-ի Եւրոպական հրամանատարութեան մէկ պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ զօրավար Տաունէ Տեսքինսի։ Անոնք հանդիպած են ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան պատասխանատուներու հետ, քննարկելով հայ-ամերիկեան պաշտպանական համագործակցութեան ծիրէն ներս իրականացուող ծրագիրներ։