Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

«Երեւանեան Օրագիր» շարքէն Այց մը՝ Ե. Չարենցի Տուն-Թանգարանին

Ծննդեան 120-ամեակին եւ մահուան 80-րդ տարելիցին զոյգ առիթներով

 

 

Դժուար է նկարագրել հիասքանչ բնանկարը Երեւանեան ոսկի աշնան:

            Այս առաւօտ, երկինքն հայոց ջինջ էր ու պայծառ:

            Գերազանց,- պիտի ըսէր երեւանցին: Արարատի Սիս ու Մասիս յաւերժաձիւն գագաթները բնակարանիս բարձրադիր լուսամուտէն զիս կ’երջանկացնեն անհունօրէն: «Ինչ աղուո՜ր է», կ’ըսեմ ես ինծի, ու մնացեալը կ’արտասնեմ Չարենցի համահունչ բառերով: Այո՛, Չարենցին եմ նուիրած այս օրս, իմ հոգեկից բանաստեղծին, որովհետեւ այս առաւօտ որոշեր եմ այցելութիւն մը տալ իր Տուն-Թանգարանին: Այժմու բնակարանս՝ Բաղրամեան պողոտայի ծայրամասին կը գտնուի, իսկ Չարենցի Տուն-Թանգարանը՝ Մաշտոց պողոտայի սկզբնաւորութեան: Աշնանային այս առաւօտն, երբ մայթերը ոսկեշող տերեւաթափի գետնատարած պաստառ մը կը ցուցադրեն օտարոտի նայուածքներու, ներքուստ՝ հիացական ճիչ մը կ’արձակեմ: Եղանակը՝ աշուն: Կեանքիս տարիներու թիւը՝ աշնանամերձ: Հոգիիս խորքը Գարուն անմեկնելի, հակառակ որ Թէքէեան եւ Տէրեան զոյգ Վահաններու աշնանագեղ քերթողութենէն կը մէջբերեմ տաղեր ու տողեր… մինչ հետիոտն՝ պիտի քալեմ ես Երեւանի պողոտաներով, հպարտ ու երջանիկ, աւելի քան ժամ մը թերեւս, հասնելու համար Չարենցի մօտ, իր բնակարանը, ուր ան շնչեր ու ստեղծագործեր էր իր կեանքի վերջին տարիներուն:

            Հետիոտն՝ կը քալեմ առանձին պատմական այս պողոտայի աջակողմեան մայթեզրէն: Գիտե՛մ, շատ լաւ գիտեմ թէ ո՛ւր կը գտնուիմ այս պահուն, ուրկէ՞ կ’անցնիմ… բայց ո՛չ անխռով ու սրտով խաղաղ, այլ՝ խռովահար ու զարհուրեալ…: Աջիս՝ Ազգային Ժողովի պալատի գլխաւոր մուտքի դարպասն է: Հարց կու տամ ես ինծի, թէ ինչպէ՞ս 1999 թուին անանցանելի այս դուռէն ներս սողոսկեր էին հայանուն զրահապատ դահիճներ իրենց զինամթերքով… եւ «անմահացուցեր՝» խումբ մը պետական այրեր: Վաղուան թուականը ա՛յս է որ կը յիշեցնէ ինծի եւ յետ մահու անոնց մեծագոյնին շնորհուած «Ազգային հերոս»ի կոչումն իսկ՝ անհուն զայրոյթով կը խցանէ հոգիս: Բայց, ծունկերս չեն կթոտիր: Հաստատակամ կը քալեմ դէպի Չարենցին առաջին բնակավայրը, այսինքն կը մօտենամ Գրողներու Միութեան Տան: Մտէ՛ք Հայ Միտքի ու Գիրի այս տաճարէն ներս, որպէսզի ձեզ ողջունող առաջին անձը ըլլայ հայ բանաստեղծութեան Գանգրահեր Տղան, որուն պրոնզեայ կիսանդրին առանձինն կը բազմի իր պատուանդանին վրայ եւ բարձրաձայն կը գոչէ ի լուր աշխարհին՝

«Ես եկել եմ դարերից, ու գնում եմ յաղթական»…

 

            Չէ՞ որ Չարենց ա՛յն բանաստեղծն էր, որ ի՛ր իսկ բառերով «մոխիրից յետոյ լուսազարդ ու շքեղ վեր է յառնում, լցնում է օրերն ապագայ անմարելի բոյրով եւ դառնում է երգ ու զրոյց, եւ յիշատակ է դառնում…»:

            Անհուն էր հաճոյքս եւ անկրկնելի: «Քայլել» Երեւանի փողոցներով ու պողոտաներով, գիտակցիլ ներքին զօրութեանը ա՛յն զգացումին, որ կու գայ ինծի ա՛յն Մարդերէն ու հոգիներէն, որ անցեալ տասնամեակներուն շնչաւորեցին մեր Երեւանը իրենց ներկայութեամբ: Անցորդ,- կ’ըսեմ մտովի,- գիտե՞ս որ հայ մշակոյթն է որ կը շնչէ շուրջդ ու կը տողանցէ այս սրբազան Հողին վրայ: Եւ այդ պահուն ես կ’ուղղուէի դէպի «աղբիւրը Լոյսի», որ խտացած էր, մասնիկ առ մասնիկ հայրենի մեր հողին վրայ:

            Ոմանք, առարկեն գուցէ եւ «զգացական հայրենասիրութիւն» որակեն սփիւռքահայու մեր ապրումը: Ոչի՛նչ: Ես այդ պահուն կը տօնէի մեր մշակոյթին յաղթանակը: Գիրին, Ձայնին, Երփներանգին ու Լուսերգութեա՛ն յաղթանակը: Իրա՛ւ, ի վերջոյ, ի՛նչ կը մնայ մեզի, եթէ ոչ «արեւն ըմպած ըլլալու մխիթարանքն անհուն» (Վ. Թ.):

            Բայց, արդէն մօտեցեր եմ Օփերայի շքեղ հրապարակին ու կը թեքիմ Մաշտոցի պողոտայով՝ դէպի Չարենցատուն: Կը դիտեմ շուրջս: Չեմ երկմտիր, «հրապոյրովը» նորակառոյց Հիւսիսային պողոտային, որ իր մօտ կը հրաւիրէ զիս եւ իր գերարդիական հնչեղութեամբ «կը զիկզակէ» մեր դասականացած ըմբռնումները: Թո՛ղ որ շարունակեմ քայլերս, մտնելու համար մայր երակը մայրաքաղաքին:

            Հոս, այս շէնքին մէջ էր օճախը Չարենց մարդուն եւ հոգիին: Իր վերջին մատեանը հոս գրուեցաւ, «Վերջին Խօսք» նորատիպ այս հատորը, այստեղ էր որ գրուեցաւ: Գիրք մը՝ զոր գիշերուան մը ընթերցումի համար փոխ էի առած Պէյրութ՝ շաբաթ մը առաջ եւ այսօր՝ ես պիտի ունենայի զայն:

            Կը մտնեմ Տուն-Թանգարանէն ներս ու Չարենցի «Վերջին Խօսք» հատորը կ’ուզեմ ունենալ, որպէսզի՝ անոր կենսատու ջերմութեամբ կարենամ շրջագայիլ սենեակ առ սենեակ: Գիրքը ափիս մէջ՝ Աբգար Սողոմոնեանի ընտանիքին մաս կը կազմեմ:

            Պահ մը, կը վերադառնամ մտովի Չարենցեան տօնական օրերուն, Երեւան, 1987: Յունիսի առաջին օրերն էին: Չարենցեան եօթնօրեայ խորհուրին անձնատուր, Չարենցի բանաստեղծութիւնը վերստին կ’ապրիմ էութեանս բոլոր բջիջներովը: Կը վերյիշեմ Չարենցեան քերթողութեան երեկոն, Չարենցի Տուն-Թանգարանի բացում պաշտօնական յոբելենական հանդիսութիւն, Չարենցաւանի մարզադաշտին վրայ բացօթեայ չարենցեան տօնակատարութիւն, ձայնասփիւռ եւ հեռուստատեսութիւն, օրաթերթ, շաբաթաթերթ եւ ամսագիր, անհամար յօդուածներ եւ ուսումնասիրութիւններ կ’ողջունէին Չարենցի ծննդեան 90-ամեակը: Եօթն օր շարունակաբար ներքուստ ապրեր էի Չարենց-էութիւնը ներաշխարհիս մէջ: Շաբաթ մը ամբողջ, Երեւանէն մինչեւ Չարենցաւան, ապա՝ վերադարձ սփիւռքահայ մեր կեանքին: Հոգիս փոթորկեր էր յաճախանքովը Չարենցի եօթնախորհուրդ բանաստեղծութեան: Անոր կալանաւորն էի: Իսկ այժմ, անվերջ մենախօսութեան մէջ եմ իրեն եւ իր գիրքերուն հետ: Կը մտածեմ, ինչպէ՞ս կարելի է ձերբազատուիլ այս գեր-մարդէն, որ ՉԱՐԵՆՑ կը կոչուի… Ան որ եղեր էր եւ՛ զոհ, եւ պատարագ ի՛ր իսկ հաւատամքին ուղղափառութեանը համար: Ան՝ որ այսօր իբրեւ ոգեղէն հաց կը բաշխուի մեր ժողովուրդին, ու ես՝ սփիւռքահայս, կը կամենայի իմ ալ համեստ բաժինս ունենալ Հաղորդութեան այս արարողութեան մէջ:

            Գիտակցուած պարտքի մը յապաղած հատուցո՞ւմը…

            Թերեւս:

            «Ոգեղէն հա՞ց» ըսի:

            Ինչո՞ւ այս պատկերը:

            Կը վերադառնամ այն սրտառուչ պահին, որ ակունքն է հետագայ յոյզ-ապրումներուս, չարենցեան քերթողութեան վերընթերցումներուս, գրավերլուծական խոհերուս (Տե՛ս մեր «Բանաստեղծութիւնը Տագնապի Ընդմէջէն» հատորը, էջ 92-109, Պէյրութ 2009):

Ան եկաւ բնակիլ, մաս կազմել էութեանս ճի՛շդ այն պահուն, երբ տեղի կ’ունենար Չարենցի ծննդեան 90-ամեակի շքեղ հանդիսութիւնը, Երեւանի պետական Օփերայի դահլիճին մէջ, (5 Յունիս 1987թ.): Մթնոլորտը յագեցած էր Չարենցով: Մեր շնչառութեան միախառնուած բաղադրատարր մըն էր ան: Հայրենի ժողովուրդը, իր պետական աւագանիո՛վ թէ մտաւորականութեամբ, իր բարձրաստիճան դէմքերով թէ ուսանողութեամբ եւ աշխատաւոր տարրերով, իր առօրեայ զգացումներուն եւ ապրումներուն մասնակից էր դարձուցեր Չարենցին քերթողութիւնն ու կեանքին հանգրուանները: Չարենցը, իր երկրային մահէն կէս դար ետքն իսկ, կ’ալեկոծէր սիրտը իր ժողովուրդին: Երեւանն ամբողջ մագնիսացեր էր Չարենցի անունով: Քերթուածներէն քաղուած տողե՛ր եղեր էին լոզունգներ՝ ինչպէս հանդիսասրահի շքեղ դահլիճներու բեմայարդարումին մաս կազմող սպիտակի վրայ սա՛ սեւ գծագիրը՝

            «Ես եմ հիմա – մի պոէտ,

            Եւ իմ անունը – Չարենց»:

եւ կամ՝ ձախակողմին, մեծատառ՝

            «Ես եկել եմ դարերից

            ու գնում եմ յաղթական»։

Ու կը դիտեմ շուրջս: Կը տեսնեմ Հայաստա՛նը խտացած՝ Օփերայի այս դահլիճին մէջ: Մինչ մէկ կողմէն կ’ունկնդրեմ հանդիսութեան յայտագիրը, զեկուցումներ, ասմունք եւ երաժշտական համադրութիւն,- մտովի կը վերադառնամ բանաստեղծին տուն-թանգարանը, ուր կը գտնուէի ես՝ նոյն օրուան միջօրէի բացման հանդիսութեան: Կարծէ՛ք, հոն՝ իր տանը մէջ էր Չարենցը, երբ կը դիտէի իր կիսանդրին: Կամ… քիչ ժամանակի մը համար դուրս էր ելած եւ պիտի վերադառնար… անպայման: Հո՛ն էր Անահիտ-Չարենցը, իր

մանկութեան տանը մէջ, ուր կիսադարեան հնութիւն ունին իր թողած առարկաները, առտնին կահոյք թէ գրադարան մը՝ հարո՛ւստ էին գիրքերով: Արդեօ՞ք, այս տունէն էր որ ան օր մը դուրս էր ելեր… չկարենալ վերադառնալու պարտադրանքով: Պիտի վերադառնա՞ր. անպայմա՛ն. շարունակելու համար իր ստեղծագործական անաւարտ էջերը… Սակայն չէր վերադարձած: Յիսուն տարի էր եղեր, որ ան մարմնապէս իր «տանը» չէր, մինչ իր բնակավայրը այժմ դարձեր էր «Տուն-Թանգարան»:

            Իննսունամեայ ծերունազարդ բանաստեղծ մը պիտի ըլլար… Եթէ ապրէր, եւ այս՝ իր ներկայ տանը մէջ, Երեւանի կեդրոնական թաղամասի մը մէջ: Չապրեցա՜ւ ան իր վերջին 50 տարիները: Մարդը մարդուն դահիճն էր եղած, ափսո՜ս, եւ Չարենցը անաւարտ… եւ Չարենցը անգերեզման-անշիրիմ, այժմ կը գտնենք իր կիսանդրիներով, յուշարձաններով եւ իր անմահութեան փառապսակով՝ շնչառութեանը մէջ իր ժողովուրդին, միախառնուած՝ իր առօրեայ հացին, սակայն… իբրեւ ՈԳԵՂԷՆ ՀԱՑ:

            Կրկին կը վերադառնամ յոբելենական հանդիսութեան այն պահի՛ն, երբ հոգիս կը փոթորկէր իր գլխաւոր զեկուցաբեր՝ Հայաստանի Գրողներու Միութեան յատենի նախագահ՝ Վարդգէս Պետրոսեանին արտասանած այս զոյգ բառերով «… Ոգեղէն հաց»: Ու կը պատռուի յանկարծ յիսնամեայ լռութեան թանձր վարագոյրը, եւ իր զեկուցումին մէջ կը բացայայտուին, գէթ ինծի համար գաղտնի մնացած ծալքերը բանաստեղծին մահուան սահմռկեցուցիչ պարագաներուն:

            Եւ այսպէս, ամբողջ շրջանը մեր պատանութեան անցեր էր գաղտնի սէրով մը հանդէպ Չարենցին: Նահատակի լուսապսակովը կրկնապէս դափնեզարդուած, ան մեզի համար սրբութիւն մըն էր, ճի՛շդ քովիկը՝ Վարուժանին ու Սիմանաթոյին, Զօհրապին ու Սեւակին, ու նման անոնց՝ որոնց երազը գլխատուեցաւ ու չունեցան գերեզման: Ու գաղտնի սէր մը կ’այրէր մեր հոգին: Գիտակցական կեանք մը ամբողջ, նուիրաբերեր էինք Չարենցի բանաստեղծութեան ու պատգամին խորը թափանցելու, անոր գրական յաղթ հասակը լիովին չափագրելու համար: Մանուկ էինք, երբ մեծ քերթողին մահուան առեղծուածին շուրջ զանազան լուրեր կը շրջէին, ու մենք՝ կը զարմանայինք միամտօրէն, թէ՝ մարդը մարդուն հանդէպ կրնա՞ր ըլլալ այսքա՛ն ահաւոր ու վայրագ: Բանաստեղծութիւն մը, սակայն, լաւապէս հասկնալու համար, անհրաժեշտ էր մեզի, նախ գտնել ու կարդալ ամբողջութիւնը քերթողին գրական ժառանգութեան,- որ աւա՜ղ, տակաւին չէր ձերբազատուած իր բարոյական կալանքներէն,- այս պատճառով, ալ մեզի համար դժուար էր եղած հասնիլ Չարենցին հոգեկան ապրումներուն եւ անոր քերթողութեան էատարրերուն:

            Վերջին երեք տասնամեակներու յոբելենական յաջորդական հանգրուանները, եկեր էին բիւրեղացնելու մեծ քերթողին հանճարեղ հոգին: Հետզհետէ լուսաւորուեր էին մութ անկիւնները իր կեանքին, յայտնաբերուեր էին նոր քերթուածներ, ի յաւելումն իր խոհական քերթուածաշարքին: Անտիպ այս կտորները,- մասամբ՝ անաւարտ եւ անընթեռնելի,- որոնք երկնուած էին իր կեանքի վերջին երկու-երեք տարիներու ընթացքին,- շուրջ քսանամեակ մը, դառնաթախիծ տխրութեամբ մեղապարտ լռութեան մը մէջ հանգչելէ յետոյ, ԱՅՍՕՐ, իբրեւ ոգեղէն հաց կու գան բաշխուիլ իր ընթերցողներուն:

            Խօսքը կու տամ Վ. Պետրոսեանին.- «Ականատեսի վկայութեամբ՝ Չարենցի աճիւնը հողին յանձնուեց 1937 թուականի Նոյեմբեր 28-ի լոյս 29-ի գիշերը: Բանաստեղծի վերջապէս հանգստացած մարմինը իր յաւերժական կացարանը փոխադրեցին փակ մի ֆուրգոնով: Ֆուրգոնին ձի էր լծած, աջ ու ձախ պատերին գրուած էր «Հաց»: Ձին ծեր էր, ուժահատ, եւ երկար տեւեց ճանապարհը՝ Երեւանի բանտի հիւանդանոցից մինչեւ… ուրիշ բառ տանջալիօրէն չորոնելու համար, ասենք՝ մինչեւ նրա անմահութեան սկիզբի կայարանը: Կէս գիշերուայ մութի մէջ հանդիպող հատուկենտ երեւանցիները, նայելով այդ անշուք ֆուրգոնի ետեւից, երեւի մտածում էին, թէ նա իրօք հաց է տանում որեւէ հիւանդանոցի կամ մանկապարտէզի…

«Հաց… հասկանալի է՝ պատահական զուգադիպութիւն – նրան կարող էին տանել նաեւ բեռնատար մեքենայով կամ ուրիշ մի ֆուրգոնով, բայց… բայց այսօր, յիսուն տարիների հեռաւորութիւնից, այդ պարզ զուգադիպութիւնը վերաճում է համարեա՝ տրամաբանական խորհրդանշանի:

«Ֆուրգոնը, այո, Հաց էր տանում, որովհետեւ Եղիշէ Չարենցը եղաւ ու պիտի մնայ մեր նոր գրականութեան նոր հազարամեակի սրբազան Հացը: Մեր խղճի, արժանապատուութեան, յեղափոխութեան վսեմ իտէալներին՝ մեր հաւատարմութեան դժուարին հացը:

… «Չարենցի պոէզիայի հացը հոգեւոր կերակուր է մնալու հայ ժողովրդի բոլոր գալիք սերունդների համար:

«Իսկ Հացը սրբութիւն է:

«Մեր ժողովրդի հին, բարի սովորութեամբ՝ մարդիկ, երբ հաց են տեսել, ոտքի են կանգնել ու երկիւղած հանել գլխարկները:

«Ուրեմն, ոտքի կանգնենք Չարենց-հացի էութեան եւ յիշատակի առաջ»:

 

            Այդ երեկոն, եւ անոր յաջորդող օրուան Չարենցաւանի բացօթեայ գրական-գեղարուեստական հանդիսութիւնը, կ’ըլլային առիթ մը՝ որ մենք, սփիւռքահայ հրաւիրեալներս, մեր յարգանքի տուրքը ընծայէինք Չարենց-հացի եւ էութեան յիշատակին Անվերջ մենախօսութիւն մը՝ իրեն հետ եւ իր գիրքերուն: Հանդիսութեանց հրաւէր-յայտագիր տոմսերու, թէ՝ այդ առիթով գրուած բազմաթիւ յօդուածներու եւ զեկուցումներու հետ:

            Այս գրութիւնը, թող որ ըլլայ սփիւռքահայու մեր հայրենասիրական զգացումներուն յորդ արտայայտութիւնը, սէրը՝ հանդէպ բանաստեղծին, իսկ քու նայուածքդ սիրելի ընթերցող, թող որ կամարուի հայրենիքի մեր հարազատներուն յուսավառ բիբերէն արձակուած լոյսին հետ:

 

***

 

            «Ժամանակ»ը կը վերականգնի ինձմէ ներս: Վերադարձած եմ ա՛յս օրիս:

            Չարենցի Տուն-Թանգարանին բոլոր գիրքերն ու նկարները, կահոյքին մաս կազմող իրեր ու առարկաներ դուրս կ’ելլեն իրենց շրջանակներէն, լեզու կ’առնեն ու կը պատմեն ինծի ալեկոծեալ ներաշխարհը 20-րդ դարու ծնունդ երկրորդ «Նարեկացի»ին: Կը դիտեմ շրջապատիս թանգարանային արժէքները եւ բանաստեղծութիւններ կու գան յիշողութիւնս հարստացնելու: Բայց, նոյն ատեն, կը սասանի էութիւնս: Չարենցի «Վերջին Խօսք»ը պիտի կարդայի ես այս գիշեր ու պիտի վերականգէնի ամէն մտածում եւ զգացում որ կը պատկանէր այն մեծ Մարդուն ու Հայ Բանաստեղծին, սիրահարին եւ յեղափոխութեան երգիչին որ արիաբար տարաւ իր ճակատագիրին պարտադրանքը, եւ իր մահով՝ յաղթանակեց մահ կոչուած ոչնչութեան:

***

            Տուն-թանգարան: Երեւան:

            Այցելութիւն եւ այցելութեանց ոսկետոմար:

            Ի՜նչ գրէի… որ ըլլար «Բանիւ կարճ ու խտացեալ»:

            Երեւանեան ցրտաշունչ գիշեր մըն է: Ժամանակաւոր բնակարանիս սենեակիս առանձնութեանը մէջ կ’ապրիմ մարմնօրէն առանձին, բայց հոգեպէս՝ բազմապատիկ ու բիւրապատիկ:

            Երեւան, քաղաքամա՛յր սիրելի, ինչ որ ինծի տուիր այսօր, թո՛ղ որ քեզի ձօնեմ զայն, եւ թոյլ տուր բանաստեղծիդ ու բանաստեղծ-գրողներուդ… որ խօսին անոնք, չլռեն լարերն անոնց քնարին… որովհետեւ հողածին արարածը թերեւս «մեռնի» օր մը, սակայն՝ Գիրը կը մնայ յաւերժօրէն կենդանի:

 

Սողոմոնեաններու ընտանիքը. Ե. Չարենցը (աջէն երկրորդը) հօր՝ Աբգարին, մօր՝ Թեկղէին (Թելլի), քոյրերուն, եղբայրներուն եւ եղբօր կնոջ հետ


Երեւան, 26 Հոկտեմբեր 2007

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ