Շաբաթ, Ապրիլ 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Անօրէն գաղթականութիւնը և հետեւանքները

Վերջերս մամլոյ և տեղեկատուական այլազան աղբիւրներէ կ՚իմանանք այն ինչին տեղեակ չէինք անցեալ տարիներուն: Օրինակ՝ երկու անօրէն կեցութեամբ ամբաստանուած երիտասարդներ՝ մին 17 տարեկան, միւսը՝ 18, հարաւամերիկեան երկիրներու բնակիչներ, որոնք Միացեալ Նահանգներ կը գտնուին ուսանողական պատճառաբանութեամբ, կը բռնաբարեն 14-ամեայ աղջիկ մը Մէրիլենտ նահանգի վարժարաններէն մէկուն մէջ: Մի քանի շաբաթ առաջ մէկ այլ անօրէն գաղթական մը, որ երկրէն վտարուած էր 5 անգամ և յաջողած կրկին մուտք գործել Միացեալ Նահանգներ, սպաննած էր իր ազգականը և ոստիկան մը, շարք մը այլ անցեալին կատարած ոճրագործութիւններուն կարգին: Կան նաև այլ պատահարներ, որոնք մինչև այսօր աղմուկ կը յարուցանեն հասարակութեան մէջ, դէմ ու թեր ցոյցերով և արարքներով:

Նախագահ Թրամփի ընտրութեան առաջին օրէն սկսեալ նման արարքներ երեւան կու գան լրատուական աղբիւրներէ, համարեա ամէն օր, Ամերիկայի մէկ անկիւնէն կամ միւսէն: Պահ մը հարց կու տանք մենք զմեզ. արդեօք ասկէ առաջ այսպիսի ոճրագործութիւններ տեղի չէի՞ն ունենար, կամ եթէ կ՚ունենային, ինչո՞ւ տեղեակ չէր հանրութիւնը:

Հարցը չի կայանար նախագահներու նախընտրութեան վրայ:

Այլ՝ լրատուական կայքերու և աղբիւրներու մտարուեստական հարազատ, անկեղծ և օրինական տեղեկատուութեանց և հաղորդումներուն վրայ: Այսօր, ակներեւ են այսպիսի լրատուական աղբիւրներու  անկեղծութեան և հարազատութեան հաւաստիութիւնները: Հեռուստատեսիլի, կայքէջներու կամ մամուլի հաղորդումները մեծամասնութեամբ վերածուած են անհատական վերլուծումներու, անիմաստ, երկարատև շաղակրատութիւններու, ընտրովի, անիմաստ և անտեղի հաղորդումներու, խեղաթիւրումներու, քաղաքական նպատակներու հետապնդման կամ հետեւողական աղբիւրներու, որոնք կ՚օրօրեն հասարակութիւնը անծայրածիր մոլորուածութեան մէջ: Հապա անոնց ստացած երկնակամարային սահմանամերձ աշխատավարձե՞րը: Ո՞ւր մնաց հայ համեստ լրագրողին համեմատութիւնը անոնց հետ:

Բարեկամ մը ունիմ, որ կը դասաւանդէ լրագրական մասնագիտութիւն նահանգիս համալսարաններէն մէկուն մէջ: Յաճախ կ՚այպանեմ զինք նման լրագրողներ վկայելուն համար. չէ՞ որ լրագրողը ևս երդում կու տար, բժիշկին նման, ըլլալու անկեղծ և անաչառ իր արուեստին մէջ: Բայց լսողը ո՞վ:

Վերադառնալով Մէրիլենտի մեր դրուագին, զարմանալիօրէն կը լսենք թէ այդ նահանգի խորհրդարանը որոշում կը կայացնէ նահանգը, կարգ մը այլ նահանգներու նման,  «ապաստանարան նահանգ»-ի դրութեան ներքև դնել: (Բարեբախտաբար՝ նահանգապետը արդէն ժխտողական որոշում կայացուցած է)։ Մէկ խօսքով՝ պաշտպանութեան տակ առնել այդ երկու բռնաբարող երիտասարդները, անոնց ապաւէն շնորհելով նահանգին մէջ: Զարմանալի պատիժ:

Տարիներէ ի վեր կը բնակինք Միացեալ Նահանգներ և տակաւին մի քանի ամիսէ ի վեր տեղեակ ենք սա (Սէնքչուէրի սիթի կամ Սէնքչուէրի սթէյթ) (ապաստանարան քաղաք կամ նահանգ) կոչուածին մասին: Իսկ աւելին՝ կ՚իմանանք նաև, թէ՝ այս «ապաստանարանները» ոճրագործերու, փախստականներու և  անօրէններու համար տրամադրուած համալիրներ են, ուր կը պատսպարուին և օրէնքէ կը պաշտպանուին և կը պահուին անոնք… իսկ այդ բոլորը՝ մեզմէ՝ անտեղեակ ժողովուրդէն խլուած  գումարներով:  Ե՞րբ աննկատ և անձայն իրականացան այս բոլորը: Խոր թմբիրի մէ՞ջ էր ժողովուրդը երբ իշխանութիւնը կը գործէր թաքուն ու գաղտագողի, հետամուտ՝ իր հեռանկարի յաջողութեամբ միայն:

Պահ մը երեւակայել այդ սէնքչուէրի սիթիներու բնակչութեան վայելքները, չյիշելու համար բանտարկեալներուն շնորհուած առատաձեռն բնակարաններն ու վայելքները, որոնք կը զլացուին հասարակ ժողովուրդին, պարզապէս՝ զանոնք հանդարտեցնելու և գոհ պահելու սիրոյն:  Բայց, ի սէր Աստուծոյ, արար աշխարհ գիտէ, թէ ուր պէտք է ըլլայ ոճրագործին տեղն ու վախճանը:

Անիշխանութիւնը ծայր կու տայ երկրի մը մէջ, երբ «ամէն մէկ գլուխէն մէկ ձայն» կը լսուի: Հետաքրքրական է իմանալ, թէ նախկին իշխանութիւնները ի՞նչ նպատակներ կը հետապնդէին այսպիսի «ապաստանարաններ» շնորհելով ոճրագործերուն, քաջ իմանալով որ շան պոչը շտկուելու չէ:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ