Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2024

Շաբաթաթերթ

Քառօրեայ պատերազմի Ա. տարելից եւ Խաչքարի օծման արարողութիւն

Կիրակի, 2 Ապրիլ 2017-ին, Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Սրբոց Ղեւոնդեանց մայր տաճարին մէջ, հաւատացեալներու յորդահոս բազմութիւն մը ողողած էր մայր տաճարի դասը եւ անոր յարակից մասնաբաժինները։

Այդ օր թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի կոչով, թեմի բոլոր եկեղեցիներէն եւ ծուխերէն ներս հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ, անցեալ Ապրիլին մեր հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած հարիւրէ աւելի գարունամեայ զինուորներու հոգիներուն համար։

Նմանապէս այդ օր օծուեցան երկու խաչքարեր, առ ի պայծառութիւն մեր սուրբ մայր տաճարին եւ մայր եկեղեցիին, որոնք նուիրուած էին գաղութիս Իրաքահայերու Հայ Ընտանեկան Միութեան  եւ հանգուցեալ Լեւոն Դաւթեանի ընտանիքին կողմէ։

Ներկայ էին Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, Ֆրանսայի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Վահան Արք. Յովհաննիսեան, Գերշ. Տ. Վաչէ Արք. Յովսէփեան, Արժ. Տէր Խաժակ Քհնյ. Շահպազեան, սարկաւագներու սքանչելի հոյլ մը եւ մայր տաճարի գեղաձայն երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Ալենուշ Եղիազարեանի։

Ապա, առաջնորդարանի «Արմէն Համբար» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։

 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ