Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Կոչ աշխարհի արուեստագէտներուն

Ապրիլ 3-5 խումբ մը անուանի սփիւռքահայ արուեստագէտներ՝ Սերժ Թանքեան, Արսինէ Խանճեան, Ատոմ Էկոյեան եւ Էրիք Նազարեան երեք օրով այցելած են Արցախ։ Անոնց նպատակն էր ծանօթանալ Արցախի կեանքին, ճանչնալ ժողովուրդը եւ ծանօթանալ Թիւֆէնքեան բարեգործական հիմնադրամին կողմէ Արցախի սահմանային գօտիներուն մէջ տարուող աշխատանքներուն։ Այցելութիւնը կազմակերպած է Թիւֆէնքեան հիմնադրամը։ 

Հիւրերը հանդիպած են պետական դէմքերու հետ եւ ապա տուած են մամլոյ ասուլիս։ Անոնք կոչով դիմած են աշխարհի արուեստագէտներուն այցելել Արցախ եւ աջակցիլ երիտասարդ եւ տաղանդաւոր այն արցախցիներուն, որոնք կը շարունակեն գրել,  ստեղծագործել, նուագել եւ նկարել այնպիսի պարագաներու տակ, երբ մեկուսացած են աշխարհէն եւ շրջափակման մէջ կը գտնուին։

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ