Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Խմբագրական. Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն. 111-ամեայ հարուստ փորձառութեան եւ ինքզինք նորոգող կազմակերպութիւնը

Ապրիլ ամիսը կը մնայ բազմանշանակ ամիս մը հայութեան համար։ Ցեղասպանութեան տարելիցներն ու ոճրագործին անպատժելիութեան դէմ բողոքի ու արդարութեան ցոյցերը՝ մէկ կողմէ, եւ Սուրբ Զատկուան ու Սուրբ Յարութեան խորհուրդը՝ միւս կողմէ, աքցանի մէջ առած պիտի ըլլային այդ օրերուն զուգադիպող բոլոր այլ իրադարձութիւններ։ Սակայն, իրականութիւնը այն է, որ Ապրիլ 1906-ին հայութեան ծոցէն ծնած Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը իր գոյութեան 111 տարիներուն ընթացքին ունեցած է գլխաւոր մէկ նպատակ՝ ծառայել իր ժողովուրդին, հասնիլ անոր կարիքներուն։ Սկզբնական տարիներուն՝ ոտքի կանգնեցնել տակաւին Համիտեան ջարդերուն զոհ գացած Կիլիկիոյ հայութիւնը, արեւմտահայութիւնը, ապա՝ հսկայական բարեգործական աշխատանք կատարելով նախացեղասպանութեան եւ յետցեղասպանութեան տարիներուն։ Միայն որբահաւաքն ու որբանոցներու հիմնումը բաւարար են, որպէսզի ՀԲԸՄ-ը բարձրագոյն պարգեւներու տիրանայ որպէս համահայկական կազմակերպութիւն։

Խորհրդային Միութեան առաջին տասնամեակներուն հո՛ն է ան, մինչեւ անոր «աքսորը» Սովետական Հայաստանէն. հակառակ անոր, ան մնաց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինին պաշտպանն ու թիկունքը տասնամեակներ շարունակ։ 20-րդ դարու Սփիւռքի պատմութեան մէջ ան յառաջատարն է դպրոցաշինութեան եւ հայկական համայնքներու կազմաւորման։ ՀԲԸՄ-ը 111 տարի տարածեց հայախօսութիւն, պահեց ու հովանաւորեց հայատառ եւ հայկական թերթեր, հրատարակութիւններ, հովանաւորեց հայագիտական կեդրոններ, որոնք լո՜յս սփռեցին ու հայը հայ պահեցին Սփիւռքի տարածքին։

Կասկած չկայ, որ ՀԲԸՄ-ի նախագահներէն իւրաքանչիւրը իր դրոշմը ձգած է բոլորիս գուրգուրանքին արժանի այս մեծ միութեան վրայ։ Պօղոս Նուպար փաշա ամբողջական ու մեծատառ Մարդն ու Հայը, տեսիլք ունեցող հիմնադիր նախագահը, Ազգային Բարերարը, արժանի է յետմահու համաշխարհային յատուկ պարգեւի՝ ՄԱԿ-ի, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կամ Նոպէլեան Մրցանակի կազմակերպութեան կողմէ։ Հայ ժողովուրդը հպարտ պէտք է ըլլայ, որ իր մէջ ունեցած է Պօղոս Նուպարներ, Գալուստ Կիւլպէնկեաններ եւ Ալեք Մանուկեաններ։ Այս երեք անուններն ալ լոկ ՀԲԸՄ-ին չեն պատկանիր, անոնք համահայկական են եւ օրինակ՝ համայն մարդկութեան։

Ալեք Մանուկեանի դուստր Լուիզ Մանուկեան-Սիմոնի նախագահութեան տարիները շրջադարձային էին. Արցախեան շարժում, 1988-ի երկրաշարժ, անկախութիւն։ Ուշադրութեան սեւեռակէտը դարձաւ Մայր Հայաստանը. զօրաշարժի ենթարկուած էր Սփիւռքը՝ օգնելու ու հասնելու հայ սահմանապահին, հարիւր հազարաւոր անտուն եւ անօթեւան դարձած երկրաշարժի զոհերուն եւ Պաքուէն ու Ատրպէյճանի այլ տարածքներէ գաղթականացած հայութեան։

Ներկայիս, Միութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանի օրով, ՀԲԸՄ-ի գործունէութեան դաշտը առաւելապէս կը հանդիսանայ նորանկախ՝ արդէն 25-ամեայ Հայաստանը, որ ՀԲԸՄ-ի գործնական քաղաքականութեան ու գործելաոճի շարունակութիւնն էր, եւ այդպէս ալ պիտի ըլլար։

Թերութիւններ չունեցա՞ւ ՀԲԸՄ-ը. անշուշտ թէ այո։ Ինչպէս ոեւէ անհատ, երբ կը գործէ, պատրաստ պէտք է ըլլայ նաեւ իր սխալները ուղղելու եւ սորվելու անոնցմէ։

ՀԲԸՄ-ը որպէս նորոգուող եւ աշխարհին հետ քայլ պահող  կազմակերպութիւն, այսօր նորարարական այնպիսի ծրագիրներ մշակած է ու կը մշակէ, որոնք միայն սէր, յարգանք եւ հպարտութիւն կը փոխանցեն միութենականներուն եւ ընդհանրապէս հայութեան։ Միայն երկու օրինակ. համացանցային դասընթացքները՝ Armenian Virtual College-ին կողմէ (avc_agbu.org) հայոց լեզուի ու մշակոյթի մասին արդիական միջոցներով պատրաստուած գանձարան մըն են, հասանելի բոլորին համար՝ վճարովի թէ անվճար, իսկ TUMO-ն արդէն նորութիւն մը չէ եւ անոր փառաբանանքը ամէն տեղ է (ծանօթանալու համար ՀԲԸՄ-ի աշխատանքներուն, այցելեցէք Միութեան  կայքը՝ agbu.org, ինչպէս նաեւ agbu.am)։

Այսօր՝ 1906-էն 111 տարիներ ետք, Միութեան բոլոր կամաւորներուն պարտքն է աշխատանքի լծուիլ, որպէսզի իրենց ապրած քաղաքներուն մէջ իրենց լուման ներդնեն ՀԲԸՄ-ի կառոյցներուն մէջ, քով-քովի գան, աւելի՛ աշխուժացնեն հայկական դպրոցները, երիտասարդական կեդրոնները, նոր սերունդը աւելիո՛վ կապեն իր արմատներուն, որպէսզի զօրաւոր Սփիւռքով զօրաւոր պահենք անկախ Հայաստանը դէպի յաջորդ նոր 25-ամեակներ։

Ա՛յս է մեր խօսքը ՀԲԸՄ-ի տարեդարձին առիթով՝ ուժեղ Հայաստան կրնանք կերտել ուժե՛ղ եւ կազմակերպ Սփիւռքով։

Հաւատա՛նք եւ կրկնենք՝ «Միութիւնը զօրութիւն է»։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ