Էսթուլինի ազգային պատկանելիութեան մասին կարելի է այլազան գուշակութիւններ կատարել. աշխարհի դէպքերով կլանուած մէկը եղած է։ Սկիզբները, թէ՛ իր ուսման եւ թէ աշխարհի հետաքրքրական անցուդարձերու մասին հետեւողական եւ որոշիչ չէ։ Ժամանակին հետ, սակայն, քանի մը ծանօթ հեղինակներու նման, որոնք համարձակած են բացայայտել Պիլտըրպըրկի ծրագիրները, եւ ապագայի նպատակակէտերը, իր կարգին, Էսթուլին նոյն կիրքով կը կլանուի, հետեւողականօրէն հետապնդելով անոնց ծածուկ գործունէութիւնները տարիներու երկայնքին։
Այս աշխատանքը սակայն փորձանուտ ու վտանգաւոր է։ Պիլտըրպըրկի հաւաքոյթները խորհրդաւոր են, գաղտնի ոստիկաններու հսկողութեան տակ։
Քանատահպատակ, բայց հաւանաբար Սպանիա բնակութիւն հաստատած, Տէյվիտ Էսթուլինի հատորին մէջ կ՚երեւին սեւ-ճերմակ բազմաթիւ լուսանկարներ, որոնք հեռուէն նկարուած են, այլազան տարիներու հաւաքներու ընթացքին։ Հոն կը տողանցեն գլխաւոր «աստղերը» այդ խորհրդաժողովներուն։ Այսպէս, անոնցմէ յիշատակենք Տէյվիտ Ռոքըֆելլըրը, Հենրի Քիսինճըրը, Զպիկնիեւ Պրզեզինսքին, Եւրոպայի, յատկապէս՝ Հոլանտայի եւ Անգլիոյ, միլիոնատէր աւագանին, Միացեալ Նահանգներու, Անգլիոյ ու Ֆրանսայի առաջնորդող թերթերու արտօնատէր-խմբագիրները։
Էսթուլին իր լուրերը կը քաղէ Պիլտըրպըրկի հաւաքավայրին մէջ ծառայողներէ. խոհարարներէն, լուացարարներէն, պահակներէն, դռնապահներէն, մատակարարներէն, եւլն., հազարումէկ ճարպիկութիւններով, ներառեալ՝ կաշառակերութեամբ։ Բայց այդ հանդիպումները վտանգաւոր են։ Օրինակի համար. անգամ մը տեղեկութիւններ քաղելու նպատակով, ապահոված էր գաղտնօրէն իր հսկողութիւնը, հանդիպման վայրին մէջ, KGB-ի նախկին անդամի մը կողմէ, գործակալներուն մէջ ամէնէն վստահելին նկատելով…։ Ըստ Էսթուլինի, լրագրողի իր անունը բոլոր երկիրներու ոստիկանութեանց ծանօթ էր։
Պիլտըրպըրկի խումբը ունեցած է իրենց դաւանանքին կամ նախաձեռնութիւններուն համաձայն չեղող կամ հակառակորդ անձնաւորութիւններ, ինչպէս Ուինսթըն Չրչիլ, Ճոն Քենետի, Զօր. Շարլ Տը Կոլ, Ռիչըրտ Նիքսըն, Ալտօ Մոնրօ, Մարկրէթ Թեչըր, Պերրի Կոլտուոթըր, եւլն.։
Էսթուլին երբ մանրամասնօրէն կը բացայայտէ Պիլտըրպըրկի «թաքուն» հանդիպումները, նոյնիսկ տալով մասնակցողներուն այբբենական ցանկը, անոնց վայելած վարկով ու վարած դերերով ու պաշտօններով, հետապնդած ծրագիրներով, ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ որ ահաբեկութեան չէ ենթարկուած… արդեօ՞ք այն նկատողութեամբ որ… լաւագոյնս կը ծառայէր Խումբին փրոփականտին…։
Արդեօք որքա՞ն իրականանալի պիտի ըլլար ազգ-պետութիւններու բնաջնջումը, ներառեալ՝ Միացեալ Նահանգներունը։ Ռաքըֆելլըրներու հետեւողական, յորդառատ ֆինանսաւորումը, կամ Պրզեզինսքիի փիլիսոփայութիւնը՝ տիեզերական մէկ հասարակարգ (only world order) ստեղծելու, ՄԱԿ-ի ղեկավարութեամբ, ու խումբ մը (Bilderberg Croup) ընչաքաղց փարազուններու (magnates) կողմէ, արդեօք ցնորական չէ՞։
Հասարակ մարդուն համար, որ կ՚առաջնորդուի իրեն ամէն օր հայթայթուած լուրերէն՝ հեռատեսիլի, մամուլի կամ ելեկտրոնային այլազան սարքերու միջոցով, այս հատորին բովանդակութիւնը պիտի գայ ջրելու կամ ուղղելու շատ մը իրողութիւններ կամ համոզումներ, որոնք իբրեւ տուեալ ընդունուած էին։ Եւ այնուհետեւ բանիմաց քաղաքացին, կ՚ենթադրուի թէ ըստ այնմ պիտի ընկալէ իրեն հաղորդուածը, պատահարները յարաբերաբար աւելի կշռադատ մօտեցում մը որդեգրելով տեղեկութեանց կամ դէպքերու հանդէպ։
Իր այս հատորի բովանդակութեամբ, Դանիէլ Էսթուլին կը պայքարի մարդ էակի խօսքի ազատութեան, հիմնական իրաւունքներու ու բարոյական սկզբունքներու պաշտպանութեան համար։ Այս գիրքը, գրական արժանիքներէ աւելի, կը փոխանցէ հետաքրքրական իրողութիւններ ու դէպքեր, միջազգային ոլորտներուն տիրապետող, ազդեցիկ elite խաւի մը լծակային աշխատանքներուն եւ հեռանկարներու մասին, նոր իրաւակարգ մը (New World Order) ստեղծելու իրենց անողոք ճիգերուն մէջ։
Հանրածանօթ գրող եւ հրապարակախօս David Estulin-ի «The True Story of the Bilderberg Group» հատորէն – նաեւ թարգմանուած 41 լեզուներու 64 երկիրներու մէջ – ցարդ վաճառուած են 6 միլիոն օրինակներ։ Անիկա հեղինակ է 12 հատորներու, որոնցմէ 5-ը «best seller»ներ են։
Արեւմտեան երկիրներու խումբ մը «ազնուական» անձնաւորութեանց աշխարհավարութեան ձգտումներուն ու գործունէութեանց մասին, «The True Story of the Bilderberg Group»ը յորդառատ տուեալներով յագեցած բովանդակալից եւ յոյժ հետաքրքրական հատոր մըն է։
Թարգմ.՝ ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ
(Շար. 3 եւ վերջ)