Շաբաթ, Յուլիս 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Ապրիլեան պատգամներ

ՏՈՔԹ. ՌԱՖՖԻ ՊԱԼԵԱՆ

 

Հայ անհատի կեանքի իրականութեան մէջ աւանդոյթ դարձած է ամէն տարի Ապրիլին ծրագրել, նախապատրաստուիլ, կեդրոնանալ, յիշել եւ վերջապէս իրագործել ապրիլեան Եղեռնի ոգեկոչումն ու հայուն արդար դատի արձագանգումը համայն աշխարհի տարածքին։

Ենթագիտակցութեան վերածուած այս հարիւրամեայ ազգային մեր պարտականութիւնը նկատելիօրէն հզօր վերելք ապրեցաւ վերջին քանի մը տարիներուն ընթացքին, երբ յառաջադէմ երկիրներ հանդէս եկան ճանչնալով ու ընդունելով հայոց մեծագոյն ողբերգութիւնը որպէս 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւն։

Սակայն, այսօր աւելի լուրջ եւ ճգնաժամային իրականութեան առջեւ կը գտնուի հայը իր հայրենաբնակ եւ սփիւռքեան հատուածներով: Հայաստանի շարունակուող շրջափակումը, արցախեան երկրի գոյապայքարը, ազերիական ոտնձգութիւնը, ռուս-թրքական յարաբերութիւններու փոփոխութիւնները, Միջին Արեւելքի ներկայ իրապատկերը, սուրիահայ մեր ժողովուրդին իրավիճակը աւելի եւս կը բարդացնեն եւ կը հանգուցաւորեն հայուն հարիւրամեայ առաքելութիւնը։

Այս բոլորը աւելի եւս կ՚ամրապնդեն եւ կը բիւրեղացնեն մեր վճռակամութիւնը եւ նպատակասլաց աշխատանքը, եւ այս բոլորը իրագործելու համար կան նախապայմաններ.

1. Առաջին հերթին ապահովել ամուր եւ հզօր հայրենիք՝ իր պետականութեամբ, իր տնտեսութեամբ եւ իր ռազմավարական հիմունքներով։

2. Կենսականօրէն անհրաժեշտ է ապահովել եւ պահպանել ազգային անվտանգութիւն, երաշխաւորելու համար հայ ժողովուրդին գոյու­թիւնը եւ զարգացումը մայր հողին վրայ։

3. Աշխոյժ եւ հայրենասէր սփիւռքի անհրաժեշտութիւն սատարելու համար անկախ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններու կեանքի ընթացքը եւ օժանդակելու անոնց վերելքի գործին։ Սփիւռքի կարեւոր դերին վրայ հարկաւոր է աւելի ծանրանալ յատկապէս, որովհետեւ այսօր հայ ժողովուրդի բացարձակ մեծամասնութիւնը կ՚ապրի Հայաստանէն դուրս։

Այսօր, այս Ապրիլին եւ գալիք Ապրիլներուն հայերս պիտի խոստանանք շարունակել այն ճանապարհը, որ մեզի ցոյց տուին մեր նախորդները՝ քաջ գիտնալով որ այդ ճանապարհը միայն պայքար է եւ պահանջատիրութիւն։ Պարտաւոր ենք չլքել մեր իրաւունքները, մեր պատմութիւնը, մեր մշակոյի կոթողները, մեր հայրենիքը… մեր ինքնութիւնը։ Աւելին, վերոյիշեալը մենք պարտինք կատարել ոչ միայն ապրիլեան ամիսներու օրերուն, այլեւ տարուան ընթացքին բոլոր ամիսներուն, յարատեւօրէն։

Եւ այս բոլորը հարկ է կատարել գիտակցաբար եւ ենթագիտակցաբար մինչեւ արդար լուծման նուաճում։

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ