Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Շաբաթաթերթ

«Ձայն տառապելոց…»

ՓՐՈՖ. ԱՒԵՏԻՍ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

 

Հայոց Ցեղասպանութեան կենդանի պատկերը արտայայտելու տեսանկիւնից խիստ կարեւոր նշանակութիւն ունեն թուրքական ջարդերից մազապուրծ ազատուած վերապրողների աղիողորմ պատմածներն ու դառը յուշերը։ Մի կողմից իրենց վրայ կրելով թուրքական արիւնոտ եաթաղանի մահասարսուռ վտանգները եւ ականատես լինելով իրենց հարազատների ահաւոր սպանդին վերապրողների համար այնքան էլ հեշտ չի եղել յետագայում վերյիշել 1915 թ. սարսափները։ Այնուհանդերձ, չնայած հոգեբանական ծանր վիճակին, նրանցից շատերը իրենց նամակներում անդրադարձել են դէպի Տէր Զօրի աքսորի ճանապարհին կրած տանջանքների, ինչպէս նաեւ մօտիկ հարազատների դառը կորստի մասին։

Այո՛, այսօր ըստ արժանւոյն եւ բարձր պէտք է գնահատել Պետրոս Տօնապետեանի իր ժամանակին կատարած քրտնաջան աշխատանքը, Եղեռնից վերապրողների նամակներն հաւաքելու եւ հրատարակելու գործում, քանի որ նա առաջինն էր, որ լծուեց դրանք կորուստից փրկելու նուիրական գործին։ Եւ այդպէս 1922 թուականին Պետրոս Տօնապետեանը Փարիզում հրատարակում է «Ձայն Տառապելոց. այս է արձան հայ տանջանաց  (1915-1918)» խորագիրը կրող նամակների ժողովածուն, որտեղ ընդգրկուած են բռնագաղթից եւ ջարդերից հրաշքով ազատուած տարբեր տարիքի եւ սեռի հայ տառապեալների թուով 280 սրտամորմոք նամակները։ Ժողովածուն սկսւում է համառօտ յառաջաբանով իսկ վերջում զետեղուած է պատմագիտական ընդարձակ մի ուսումնասիրութիւն Հայկական Հարցի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան խնդրի շուրջ «Անդունդէ անդունդ» վերնագրով։

Մենք մանրամասն ուսումնասիրեցինք այդ նամակները եւ աշխատեցինք ընտրութիւն կատարել դրանցից մի քանիսը հրատարակելու համար, որպէսզի ընթերցողը պատկերացում կազմի թէ՛ բովանդակութեան եւ թէ՛ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքում Երիտթուրքերի կիրառած ցեղասպան քաղաքականութեան մանրամասնութիւնների մասին։

Ստորեւ, «Ձայն տառապելոց» գրքից քաղուած՝ ընթերցողի ուշադրութեան ենք ներկայացնում վերապրողների նամակներից ամբողջական եւ առանձին հատուածներ, գրուած 1916-1917 թթ.։

 

Կարին, Դեկտեմբեր 10, 1916

Եղբայրս,

Ցաւալի է մեր վիճակը վէրքերով լեցուն մեր սրտերը, ո՜հ որքան ցաւալի եւ տխուր է մեր անցուցած կեանքը, որ բաժանուած ենք մեր սիրելիներէն. ո՜հ որքան արցունքներ թափած եմ եւ պիտի թափեմ մինչեւ վերջ, որ կորսուեր եմ եւ պիտի չտեսնեմ. եւ աչքերէս թափուած արցունքներ մաշեցին երեսս եւ խոր ակօսներ բացին այտերուս վրայ։ Ինչպէս գրեմ եւ ինչպէս հասկցնեմ, շշորած ապշած կը մնամ թէ ինչպէս գրեմ մեր սիրելի մայրի մասին կամ մեր ազնիւ քոյրի համար կամ մեր միւս ազգականաց համար թէ ուր մեռան կամ ուր մնացին…։

Զարթիկ Սողիկեան

 

***

Տէր Զօր

Եղբայրիկս,

Արիւնի ճամբէն սկսանք քալել յառաջանալով դէպի Մալաթիա, ուր Կարինէն մեզի ընկերացող թուրք պաշտօնէութիւնը յանձնեց մեզի Մալաթիոյ կառավարութեան։ Այս վերջինս ալ Ատիամանի գայմաքամին, որուն հրամանին ներքեւ կը գտնուէր բաւական ժանտարմաներ, ինչպէս բաղէշցի հրամանատար Էմին Էֆէնտի եւ Աշէյնալ անուն մի քիւրտ պէյ իր գազանաբարոյ արբանեակներով։ Հոս մեր դժբախտ կարաւանէն խլուեցան հարիւր եօթանասունէ աւելի այրեր, որոնք ամէնն ալ վերոյիշեալ քիւրտ պէյի հրամանով չարաչար մահուամբ փակեցին իրենց աչքերն իրենց սիրելիներու ներկայութեամբ իսկ։ Մեր ընտանիքէն մինակ ես կամ. մնացած մէկ առ մէկ աչքովս տեսայ ամէն մէկուն սոսկալի սպաննուիլը կամ տառապանքէ ու անօթութենէ մեռնիլը, ես ալ նոյն ճակատագիրը պիտի ունենամ։ Ինչ կ՚երազէր մեր ազգը եւ ինչ եղանք։

Թշուառ քոյրդ՝

Սաթենիկ

 

***

Էրզրում, Ձիթող գիւղ, Նոյ. 10, 1917

Սիրելի Յովհաննէս,

…Թուրք եւ քիւրտ զինուորներով մեր գիւղը պաշարեցին այնպէս որ ազատելու հնար չկար. սուրը դեռ մեր վրայ չբարձրացած մեր մահը կը տեսնէինք, եւ ժողովուրդի աղաղակի ձայնը երկինք կը թնդացնէր. մայրերու, քոյրերու եւ փոքրիկ երեխայաց հեկեկանքը բոլորովին երկիր կը շարժէր, եւ երբ հոս ու հոն մարդիկ կը զարնուէին ու վար կ՚իյնային եւ արիւնը կը վազէր ամէն ոք խելքերնին կորսուած կը փախչէր, եղբայրը քոյրը կը ձգէր, մայրն իւր երեխան գետինը կը թողուր կամ ջուրը կը նետէր եւ անանկ մը կու գայ ինձ թէ ամէնքս խելագարածի պէս եղած էինք սարսափէն, ինչպէս փախայ եւ ինչպէս ազատեցայ չգիտեմ, բայց ինձ նման ազատած հայերու շատ հանդիպեցայ ձորերու եւ լեռներու մէջ ուրիշ գիւղերէ…։

Վահան Ղուկասեան

 

***

Ումուտում գիւղ Կարնոյ, Ապրիլ 10, 1917

Գրիչս ձեռք առնելով չեմ գիտեր թէ ինչ պէտք է գրել, նկարագրել հասարակ դէ՞պք մը, նկարագրել ցեղի մը բնաջնջումը, նկարագրել անմեղ եւ մատաղատի երեխայից քարաջախջախո՞ւմը, թէ՛ մանկամարդ եւ փափկասուն օրիորդաց բռնաբարո՞ւմը, լլկո՞ւմը եւ խեղդամա՞հը. ասոնց եւ ոչ մէկը չեմ կարող նկարագրել, որովհետեւ միայն ու միայն Քղիի շրջանէն 50.000 հայ ժողովուրդ կոտորուած է, այլազան տեսակներով եւ չարչարանքով որով իւրաքանչիւր մարդ կամ անհատ, ունի իրեն առանձինն երկար եւ ցաւալի դէպքերով պատմութիւնը. որո՞ւ պատմութիւնը աղեխարշ եւ անլսելի ու ցաւելու արժանի չէ։ Վաթսուն տարեկան հասակէն յետոյ հոգեկան անմխիթար վիճակի մը հասայ եւ կենդանի մեռածի նման կ՚ապրիմ առ այժմ. չկան զաւակներս, չկան եղբայր, եղբօրորդիներս, չկայ ընտանիք եւ սիրելիներս։

Նազարէթ Փոստոյեան

 

***

Խնուս, Յունուար 1917

Սիրելիք,

…(Քղիի) գաւառի 18,000 հայ բնակչութիւնը խումբ-խումբ իրար ետեւէ քարաւանի նման կը բռնէին մարտիրոսութեան անծայրածիր ճանապարհը։ Յունիս 1-ին (1915 թ.) տեղահանուեցաւն քաղաքի հայ բնակչութեան մի մեծ մասը եւ Խուբսի, Սերկեւիլի, Հըպըրգիւղի հայերը։ Օր մը յետոյ առէքցիներն, յետոյ թերմանցիներն, յետոյ Ծերմաք, Օսնակ, Ապողնաք, Սեղանք, Աստղաբերդ, Զարիպաշ եւ Օրօր գիւղերու հայերն եւ այսպէս շարունակաբար…։

Երեք օր վերջը, մինչ գաւառի հայ ազգաբնակչութեան քարաւանի մէկ ծայրը հերթի կը սպասէր ճանապարհորդուելու, տեղահանումներու առաջին խումբը կը հասնէր։ Ագփունդարի ձորերը, կանխապատրաստուած ողջակէզի սեղանի վրայ։ Հոն հրացաններով եւ թուրերով կը սպասէին դահիճները հայերու բարի դրացի քիւրտերն՝ ղեկավարութեամբ կառավարութենէն նշանակուած պարագլուխներու։ Տեղահանուածներու քարաւանին կը հրամայուի կանգ առնել։ Տանջանքի, յոգնածութեան բեռան տակ ճնշուած կիներն, երեխաները կը փռուին գետին պահ մը հանգստանալու. եւ տղամարդիկ ալ պահակներու նման գլխիկոր կը հսկեն անոնց վրայ… վիշապն յանկարծ կը շարժի, դժոխքը կ՚որոտայ եւ դժոխքի դռներէն կրակ կը տեղայ զոհերու գլխին… Ահաբեկած երեխաներու ճիչն ու լացը, խելակորոյս մայրերու ողբն ու կոծը, սարսափած եւ նուաղող կոյսերու աղաղակն ու շիւանը, անզէն տղամարդկանց գոռում գոչումը, խառնուելով հրացաններու որոտումներուն հետ կը ստեղծէին երկնային գահը սասանեցնող մարդկային փոթորիկը։ Բնազդը գերագոյն թափով  երեւան կու գայ զոհերուն մէջ եւ բանականութիւնը յաղթահարուած տեղի կու տար. մայրը իր մանուկը կը ձգէր, սիրահարն՝ իր սիրուհին, ամուսինն իր կինը եւ իրար կոխոտելով կը վազէին, կը փախչէին, մոլեգին հսկայ ալիքներու նման բաղխելով մէկ կրակէ շրջապատէն միւսը… Չենք գիտեր քանի վայրկեան տեւեց այս վիճակը, որու ընթացքին զոհերու շարքերը զգալի չափով կը նօսրանային։ Ապա քիւրտերը սկսան իրենց դիրքերէն ցած վազել իրենց զոհերուն մէջ։ Քիւրտ կիներն ալ անոնց կը հետեւէին զինուած մանգաղով եւ թոնրի շիշերով։ Փախչելու չյաջողած տղամարդիկ կը սպաննուէին, գեղեցիկ կիներն ու աղջիկներն կ՚առեւանգուէին, երեխաները կը յափշտակուէին, դիակները կը կողոպտուէին եւ կէս ողջերն կը մերկացուէին… վե՞րջը։ Երեսի վրայ մնացած մի քանի կիներ, մանուկներ կը հաւաքուէին շարունակելու իրենց ընդմիջուած ճանապարհը։ Կը տարուէին անոնք, աւելի ճիշդը կը հալածուէին փայտերով եւ հրացաններով մինչեւ հարուածներու տակ բոլորովին անզօրներն, յղի կանայք, կ՚իյնային կէս ճանապարհին այլեւս չկանգնելու համար…։

Պօղոս Ղուկասեան

 

***

Պաղտատ, Ապրիլ 3, 1917

Սիրելի եղբայր Վահան

…Նախճիրներու պատմութիւնը պիտի չընեմ քեզ, որովհետեւ վստահ եմ, թէ բաւական ծանօթութիւն ունիս ու կորուստին մեծութիւնը կը զգաս։ Իբրեւ ազգ գոյութիւն չունինք այլեւս Թուրքիոյ մէջ. վեց կուսակալութիւններու ժողովուրդը անխնայ աքսորուեցաւ եւ իրենց քաղաքէն հազիւ 1-2 օրուան ճամբայ, բոլոր այրերը դժոխային միջոցներով սպաննուեցան իսկ, Թուրքիոյ միւս կողմերը գտնուող հայերը աքսորուեցան, ջարդուեցան մինչեւ որ հասան իրենց համար որոշուած աքսորավայրը…։

Ս. Շիրվանեան

 

***

Երեւան, Հոկտ. 10, 1917

Մարգար ջան,

…Մուշը բոլորովին տուն չէ մնացած. քաղաքը բոլորովին դաշտի է նման. իսկ այդ սոսկալի կոտորածից ազատուած հատ ու կտոր ժողովուրդն էլ հիմա ապրում է Գիւմրի եւ Ղարս…։

Մի տարի առաջ որ Շուշ գնացի, մի օր ելայ տեսնելու գիւղերուն վիճակն. ահա քեզ արդինքը. մինչ Մօկունք հասնելուս անկարելի էր որ ձիս մի քայլ առնէր առանց ոտքը մի կնոջ կամ երեխայի ոսկորներուն դպելու։ Վերջապէս հասայ գիւղն ինչ տեսնեմ, փողոցներ, տուներ եւ ձորեր լիքն են հայերու անթաղ ոսկորներով. շատ չկրցայ հոն մնալ, անցայ Սոխգոմ ուր տարուած եւ վառուած էին Մշոյ բոլոր կին ու երեխէքը. մի 30 հատ մեծ մարագներ այրուած. երբ փայտովդ կը խցես մարագը ալ հոտից պէտք է ժամերով փախիս. է՜հ Մարգար ջան էլ էդ մասին ներէ որ երկար պիտի չկրնամ գրել, աչքերս նորից լեցուեցան, արիւնս գլուխս թռաւ…։

Արիւնոտ սրտովս

Եղբայրդ Հայկ Միրճանեան

 

Երուսաղէմ, Դեկտ. 17, 1917

Վեհափառ Տէր, Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց,

…Ժողովուրդը ուղիղ գծով Սուրիոյ անապատները չեն քշած, այլ խոտոր ճամբաներով անմատչելի լեռներէ, անդնդախոր ձորերէ եւ անանցանելի գետերէ առաջնորդելով, անոնց մեծ մասը ճամբուն վրայ մեռած, գետերու մէջ խեղդուած, անօթութեան եւ համաճարակ հիւանդութիւններու զոհ գացած են։

Հայ աքսորականները ամբողջ մէկ ու կէս տարի հանգիստ առնելու հաստատուն կայան մը չեն ունեցած նոյնիսկ Սուրիոյ ամայի անապատներուն մէջ։ Դահիճները խարազան ի ձեռին հալածած են զանոնք տեղէ տեղ, մերկ, հիւանդ, սոված վիճակի մէջ։ Հայու բնաջնջումին գլխաւոր ազդակներէն մէկը այդ տեւական թափառումին մէջ պէտք է փնտռել…։

Պատրիարքական փոխանորդ

Հայոց Կ. Պոլսոյ՝

Երուանդ Վարդապետ

 

***

Կաթողիկոսական դիւանատուն

Դեկտ. 8, 1917 Ս. Էջմիածին

Սիրեցեալ Պետրէ,

…Եւրոպական գաղութը կարծես մոռցաւ Ս. Էջմիածինն ու գաղթականական գործը։ Կարճ պիտի գրեմ։ Սովը իւր ահռելի բերանը բացած կեցած է դիմացնիս հայութեան փրկուած բեկորները կլանելու։ Եթէ կարող էք՝ անմիջապէս դրամական օգնութիւն հասցրէք թէ այդ տեղիցն թէ Մանչեսթըրից եւ այլ տեղերից… դրութիւնը սոսկալի է, ապագան մութ, դաժան ու յուսահատ աստիճանի։ Մեր մտաց աչքերի առաջ հայութեան մահուան խաչարձանն է կանգնած։ Մնացածը դուք ինքնին կը կռահէք։

Կաթող. Դիւանապետ

Տիրայր Եպիսկոպոս

 

***

Թիֆլիս, Նոյեմբեր 12, 1917

Յեղափոխական ընկերս,

…Այդ ամէն մեծաբանութիւններէ յետոյ, երբ կարգը եկաւ ժողովուրդը պաշտպանելու անխուսափելի կոտորածէն կամ գէթ ինքնապաշտպանութիւն ընելու, մէջտեղը մարդ չմնաց։ Մի՞թէ այս դաւաճանել չէր մեր նուիրական պարտականութեան։ Բայց ինչ արած, մեր մէջ ամէն ինչ խօսք՝ ոչ թէ գործ…։

Բենիամին Տէր Յակոբեան

 

***

Իգտիր, Ապրիլ 8, 1917

Սիրելի եղբայրս,

Կը գրես թէ միտք ունիս Ամերիկայէն դառնալով Պոլիս հաստատուիլ երբ պատերազմը վերջանայ։ Բայց արդեօք բաւական չէ որ փոխանակ Պոլիս երթալու հաւաքուէինք Հայաստանի հողին վրայ։ Մենք որ փոքրութենէ վարժուած եւ սնած ենք հայրենիքի նախանձախնդրութիւններով, մինչեւ ե՞րբ պանդխտութեան ճիրաններուն մէջ տառապինք. չէ՞ որ օտար երկրի հարուստը իր հայրենիքէն զրկուած աքսորական մը կը սեպուի. հապա ո՞ւր մնաց մեր նախանձախնդրութիւնը, որ ուրիշներուն Հայաստանը կը քարոզենք։ Մտածենք եւ յետոյ խօսինք։ Ո՞վ պիտի լեցնէ աւերակ եւ հայէ ամայացեալ Հայաստանը եթէ մենք չորոշենք մեր կեանքը տնկելու անոր սուրբ հողին վրայ։

Քաղէբ Շահպազեան

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ