Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 13, 2024

Շաբաթաթերթ

Հաղորդագրութիւն Թիւ 2. Մոնթէպելլոյի յուշարձանին շուրջ Ապրիլի 23-ին կայանալիք Հայոց Ցեղասպանութեան համագաղութային ոգեկոչման մասին

Մեր առաջին հաղորդագրութեամբ յայտնած էինք, որ այս տարի Մոնթէպելլոյի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին շուրջ ծրագրուած համագաղութային ոգեկոչումը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 23 Ապրիլ 2017ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-էն սկսեալ: Այսու, կոչ կ’ընենք շրջանի բոլոր հայորդիներուն, որ խուռներամ ներկայ գտնուին Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման սոյն միջոցառման, յարգելու համար յիշատակը մեր 1.5 միլիոն անմեղ նահատակներուն:

Համագաղութային ոգեկոչման բացումէն ետք տեղի պիտի ունենայ կրօնական արարողութիւն եւ ապա զօրակցական ելոյթներ պիտի ունենան քաղաքական դէմքեր  ինչպէս՝ Քոնկրէսի անդամներ Լինտա Սանչէզ եւ Էտ Ռոյս, Քալիֆորնիա նահանգի պետական քարտուղար  Ալէքս Փըտիէա, նահանգի ելեւմուտքի ընդհանուր վերահսկիչ Ճան Շիէնկ, Լոս Անճելըսի քաղաքապետարանի խորհուրդի անդամ՝ Փօլ Գրիգորեան, Քալիֆորնիոյ Նահանգային Ծերակոյտի նորընտիր անդամ Անթընի Փորթանթինօ, Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեան, Հրանդ Տինքի փաստաբանուհի Ֆաթհիյէ Չէթին եւ Ասորիներու Ցեղասպանութեան մասնագէտ Սապրի Աթման: Միջոցառման իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց Միութեան  երգչախումբը: Վերջաւորութեան ծաղկեպսակներ պիտի զետեղուին Միացեալ Մարմնի անդամ կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն կողմէ:

Ոգեկոչման մասնակցելու համար, Լոս Անճելըսի Միացեալ Մարմինը տրամադրած է հանրակառքեր, որոնք պիտի մեկնին Կլենտէյլի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակէն, Կիրակի կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին:

Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ տարին ոգեկոչելու նպատակով՝ Միացեալ Մարմինս կը քաջալերէ իւրաքանչիւր հայորդիի իր մասնակցութիւնը բերելու Ցեղասպանութեան նուիրուած բոլոր միջոցառումներուն:

 

 

Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման  

Միացեալ Մարմին – Լոս Անճելըս  

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ