Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայաստան եւ համայն հայութիւնը ոգեկոչեցին Ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցը

Ապրիլ 24-ին, ինչպէս ամէն տարի, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ առաջին տիկին՝ Ռիթայի գլխաւորութեամբ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի եւ հայ քաղաքական աւագանիին առաջնորդութեամբ, հայ ժողովուրդը բարձրացաւ Երեւանի  Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, ուր ծաղկեպսակ եւ  ծաղիկներ զետեղեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհ գացած մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն հոգիներուն համար։

– Երեւանի քաղաքապետարանը Ազատութեան հրապարակին մօտակայքը տեղադրել տուած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած 28 պետութիւններուն դրօշակները։ 

 

Հատուած՝ Սերժ Սարգսեանի ուղերձէն

Մեր՝ ապրողներիս պարտքն է ոչ միայն յիշել ու յարգել նրանց, այլեւ ապրել, աշխատել ու պայքարել կրկնակի աւիւնով՝ նաեւ նրանց փոխարէն։

…Այո՛, 1915-ին մենք յայտնուեցինք դժոխքում, բայց եթէ դէպի կեանք վերադառնալու ճանապարհին մենք մեր մէջ ուժ ենք գտել նման մեծագործութիւնների, ապա անկախ պետականութեան պայմաններում՝ 21-րդ դարում ի զօրու կը լինենք անելու աւելին։

 

 

Հայաստանի մէջ՝ 18 ականատես-վերապրողներ

Ապրիլ 2017-ի տուեալներով, Հայաստանի մէջ կ՚ապրի Ցեղասպանութիւնը վերապրած 18 հոգի, որոնցմէ չորսը՝ արական եւ 14-ը՝ իգական սեռի։

 

 

Արցախի մէջ

Ապրիլ 24-ին, ամբողջ օրը, հազարաւոր քաղաքացիներ իրենց յարգանքը մատուցանած են Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերուն յիշատակին նուիրուած Զանգակատուն-յուշակոթողին մօտ՝ մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ։ Արցախի նախագահը, Ազգային Ժողովի նախագահը, վարչապետը, պետական դէմքեր, հիւրեր, թեմի առաջնորդ Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեանը եւ մեծ թիւով քաղաքացիներ այցելած են յուշարձան։ Նման միջոցառումներ տեղի ունեցած են նաեւ Արցախի բոլոր շրջաններուն մէջ։

– Նախորդ օրը՝ երեկոյեան, տեղի ունեցած է ջահերթ Սուրբ Յակոբ եկեղեցիէն դէպի Ապրիլեան յուշակոթող։ Ելոյթ ունեցած է Արցախի Ազգային Ժողովի պատգամաւոր, պատմաբան Լեռնիկ Յովհաննիսեանը։

 

Իսթանպուլի մէջ

– Ապրիլ 24-ին Իսթանպուլի Թիւնէլի հրապարակին վրայ տեղի ունեցած է նստացոյց-սգահանդէս։ Թուրք թէ հայ ելոյթ ունեցողները շեշտած են 1915-ի հետ առերեսումը, հայութեան ոչնչացումը այդ հողերէն։ Նոյն պահուն, քիչ մը անդին տեղի ունեցած է այլ ցոյց մը՝ հակացոյց մը, բողոքելով ոգեկոչման արարողութեան դէմ։

– Թուրքիոյ հայ երեսփոխան, քրտամէտ Ժողովուրդներու Դեմոկրատական կուսակցութեան անդամ Կարօ Փայլան հանդէս եկած է ուղերձով, Ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին առիթով։ Ստորեւ հատուած մը ուղերձէն.

«Մեծ Եղեռնէն 102 տարի անցած է, սակայն այս հողերուն վրայ իրականացուած մեծ մարդկային յանցագործութեան՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հետ առերեսում դեռ եղած չէ։ Միայն այդպիսով կարելի է ապահովել հասարակական խաղաղութիւն մեր երկրին մէջ։ Չմոռնանք, որ անպատիժ մնացող յանցանքը անոր կրկնութեան պատճառ կը դառնայ։ Եկէք բոլորս միասին ընդդիմանանք գրուած այս ժխտողական պատմութեան եւ ապահովենք ճշմարտութեան բացայայտումը»։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ