ՔԱՆՍՈՒ ՃԵՄԸՊԷԼ
Իրաքեան Քիւրտիստանի Շրջանային Կառավարութեան (Kurdistan Regional Government – KRG) բանբերը՝ Սաֆին Տիզայի, հարցազրոյցի մը ընթացքին «Հիւրրիէթ» օրաթերթին հետ, յայտնած է թէ ատենը եկած է բանակցելու Իրաքի Կեդրոնական Կառավարութեան հետ, Ինքնավար Քիւրտիստանի մը կարելիութեան շուրջ՝ «բարեկամական ապահարզանով»։
«Մենք կրնանք երկու լաւ հարեւաններ դառնալ (Պաղտատի հետ)։ Ասիկա մեզի համար լաւագոյն ձեւն է։ Կրնանք լաւ դրացիներ ըլլալ։ Այս մէկը միակ կարելիութիւնն է, զոր կ՚ուզենք իրականացնել։ Համաձայնութեան սկզբունքին վրայ բոլոր կողմերն ալ համախոհ էին 2003-ին։ Սակայն այդ սկզբունքը այլեւս ի զօրու չի թուիր։ Ներկայիս, մեծամասնութեա՛ն քուէն է որ կ՚իշխէ փոքրամասնութեան վրայ։ Այնպէս որ, քիւրտերը նոյնիսկ եթէ 65 ներկայացուցիչ ունենան Պաղտատի մէջ, միշտ փոքրամասնութեան մէջ պիտի մնան։ Կեդրոնական կառավարութիւնը պիւտճէին մէջ խափանած է նաեւ Քիւրտիստանի Շրջանային Վարչութեան բաժինը։ Միշտ Պաղտատի ողորմածութեան տակ կը գտնուինք։ Ճիշդ անոր համար կը փնտռենք նոր տարազ մը։ Մեր պիւտճէն կրճատուած է. զինուորական օգնութիւն չի կատարուիր։ Այս բոլորը ցոյց կու տան, որ չենք կրնար միասին ապրիլ»։
ISIS-ի կողմէ Մուսուլի գրաւումի դէպքերէն առաջ եւ ետք նոյն գոյավիճակը կը շարունակուի։ Այս պատճառով ալ լուծում մը փնտռելու ենք կայունութեան համար։ Մեր բանակցութեանց մէջ յառաջդիմութիւն արձանագրելու համար աշխատելու ենք անկախ ամբողջութիւն մը ստեղծելու Իրաքեան Քիւրտիստանի մէջ։ Նման իրականութիւն մը կարելի է նուաճել միտքերու փոխանակութեամբ»։
«Լուրջ բանակցութեանց ձեռնարկելու ենք ամէնէն առաջ Պաղտատի հետ։ Եւ այնուհետեւ՝ մեր ա՛յլ դրացիներուն հետ, որպէսզի այդ նորածնունդ ամբողջութիւնը սպառնալիք չնկատուի իրենց ապահովութեան ու կայունութեան։ Խօսքը միա՛յն Իրաքեան Քիւրտիստանի սահմաններուն մասին է։ Տարածքային փառասիրութիւններ չունինք Իրանի, Սուրիոյ կամ Թուրքիոյ հողամասերուն նկատմամբ։
«Թուրքիա միշտ հակառակ եղած է որեւէ ձեւի անկախ Քիւրտիստանի մը նկատմամբ, պատրուակ ներկայացնելով Իրաքի հողային ամբողջականութիւնը։ Հարցը երբեք պաշտօնապէս արծարծուած չէ թրքական կառավարութեան մօտ։ Այս Ապրիլ 16-ի հանրաքուէէն ետք խորհրդակցութիւններ կրնան սկսիլ։ Ատիկա անհրաժեշտութիւն մըն է»։
«Մ. Նահանգներ եւս չէ որդեգրած իրաքեան քիւրտերու անկախութեան ձգտումները, որովհետեւ Ամերիկա եւս մտահոգուած է զօրաւոր Իրաքի մը գոյութեամբ շրջանին մէջ։ Ռազմագիտականօրէն Իրաքը կարեւոր երկիր մըն է Մ. Նահանգներուն համար»։
«Սակայն, եթէ քրտական հարցին լուծում մը չի գտնուիր Իրաքի մէջ, այս երկիրը երբեք կայուն պիտի չմնայ, ինչպէս որ ներկայիս հեռու է այդպէս ըլլալէ։ Տարիներ առաջ, ամերիկացի երէց դիւանագէտ մը, զրոյցի մը ընթացքին քիւրտ քաղաքագէտի մը հետ, յայտնեց թէ նկատի ունէր զօրաւոր, Կեդրոնացեալ Իրաք մը։ Մեր բարեկամը իրեն ըսաւ, թէ այդ պարագային ինչո՞ւ մէջտեղէն վերցուցիք Սատտամ Հիւսէյնը։ Իրմէ վերջ պիտի երբեք չունենանք զօրաւոր, կեդրոնացեալ կառավարութիւն մը, երբե՛ք։ Այդ մէկը միայն բռնատիրութեան տակ կրնայ պատահիլ։
Համաձայն Տիզայի, Իրաքեան Քիւրտիստանի Շրջանային Կառավարութեան անկախութիւնը նախընթաց պիտի չստեղծէ Միջին Արեւելքի մէջ, յատկապէս սուրիացի քիւրտերու համար։ Ասոնք հիմնականօրէն տարբեր են։
«Նախ եւ առաջ, քիւրտերու յառաջդիմութիւնը Իրաքի մէջ կը շարունակուի անընդմէջ, Համաշխարհային Ա. Պատերազմէն իվեր։ Անոնք ձեռք ձգած են օրինական իրավիճակ մը (legal status) որպէս ինքնավար շրջան։ Իրաքեան քիւրտ կառավարութիւնը ընդունուած է Սպիտակ Տան, Տաունինկ Սթրիթի, Էլիզէի պալատին ու Պաշտեփէի մէջ (Անքարա)։ Այս բոլորը իրողապէս (de facto) ճանաչում են»։
«Չեմ խորհիր թէ զուգահեռ մը կարելի է քաշել PKK-ին կամ սուրիացի քիւրտերու հետ, մանաւանդ այս վերջիններու պարագային։ Նման ճանաչում մը սուրիական քիւրտերու համար պիտի ըլլար պերճանք կամ շռայլութիւն, եւ որ դժբախտաբար երկար պիտի չտեւէ։ Կը քաջալերենք զիրենք որպէսզի աւելի իրապաշտ դառնան։ Նոյնպէս, կը քաջալերենք PKK-ն, որպէսզի աւելի գործնական ըլլան, ու գործակցին ընդդիմադիր այլ խմբաւորումներու հետ։ Տիզայի տակաւին կարելիութիւն կը տեսնէ խաղաղութեան ընթացք մը որդեգրելու թրքական իշխանութեանց հետ, ոչ՝ անմիջապէս, այլ՝ ապագային, ի հարկին Քիւրտիստանի Շրջանային Կառավարութեան ղեկավար Մասսուտ Պարազանիի ալ հաւանական միջնորդութեամբ։ Եթէ բոլոր կողմերը համաձայնին նման դեր մը վերապահելու, մենք նախանձախնդիր պիտի ըլլանք մեր ներդրումը բերելու, որովհետեւ Պարազանի մեծ յարգանք կը վայելէ Թուրքիոյ քիւրտերուն մօտ»։
Նշմարներ
Իրաքեան Քիւրտիստանի Շրջանային Կառավարութեան բանբեր Սաֆին Տիզայի, ինքնավստահութեան հովեր առած, կը զրուցէ Իսթանպուլի մէջ, թուրք լրաբերի մը հետ, ու ձեւով մըն ալ տուրք կու տայ Իրաքեան Քիւրտիստանի ու Թուրքիոյ փոխյարաբերութեանց բարելաւման ի խնդիր։ Միաժամանակ, կը փորձէ նպաստաւոր գետին պատրաստել թուրք իշխանութեանց մօտ, ատեն մը ետք Քիւրտիստանի անկախութեան ճանաչման ուղղութեամբ տարուելիք ենթադրեալ բանակցութեանց։
Բանբերին այս անպաշտօն կեցուածքը բացայայտօրէն դէմ է PKK-ի զինեալ պայքարին Թուրքիոյ մէջ, Օճալանի թելադրելով լեզու գտնել թրքական իշխանութեանց հետ։ Զուգահեռաբար, գրեթէ անտեսելու կու գայ, անյուսալի ու ժամանակաւոր նկատելով զինեալ պայքարը սուրիացի քիւրտերուն։
Բնաւ ակնարկութիւն չկայ Սուրիոյ մէջ պարսկական ու ռուսական միացեալ ներկայութեան։ Հրապարակային կամ անուղղակի ակնարկութիւններ չկան նաեւ Իրաքեան Քիւրտիստանի փոխյարաբերութեանց վերոյիշեալ երկիրներուն հետ։ Սակայն, կարելի է ենթադրութիւններ կատարել։ Մ. Նահանգներ, թերեւս անուղղակիօրէն, կողմնակից է անկախ Քիւրտիստանի մը գոյութեան, բայց չ՚աճապարեր այդ ուղղութեամբ։ Այսուհանդերձ, Ամերիկայի համար աւելի կարեւոր է, ներկայիս, իրաքեան պետութեան զօրացումը կամ կայունացումը։
Ռուսաստան սկզբունքով հետամուտ է պահելու Հարաւային Կովկասի ու զայն եզերող երկիրներու status quo-ն։ Այդ պատճառով ալ կը զօրակցի Սուրիոյ կառավարութեան, եւ որոշ աստիճանի մըն ալ՝ սուրիացի քիւրտերուն։
Կը մնայ ISIS-ի դէմ պայքարը։ Միացեալ Նահանգներու օգնութեամբ, իրաքեան բանակն ու փեշմերկաները ատենէ մը իվեր արդէն ձեռնարկած են զինուորական լայն արշաւի Ռաքքայի դէմ։ Իրենց դանդաղ յառաջխաղացքի ընթացքին արդէն մասամբ վերագրաւուած է Մուսուլի արեւելեան բաժինը։
Արեւմտեան ճակատին վրայ կը կռուի սուրիական բանակը, օգնութեամբ ռուսական օդանաւային ռմբակոծումներուն եւ իրանեան յատուկ ուժերու ցամաքային աջակցութեան։ Լրացուցիչ կերպով գործօն է նաեւ YPG-ն (People’s Protection Units), մանաւանդ Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ, թրքական հարաւային սահմաններու երկայնքին։
Իսկ թրքական բանակին կը զլացուի (Ամերիկայի ու Ռուսիոյ կողմէ) ISIS-ի դէմ պայքարի ուղղակի մասնակցութիւն։ Մէկ անգամ միայն անոր հրասայլերը անցան սուրիական սահմանը, խանգարելով սուրիական քիւրտերու ամբողջական տիրապետութիւնը հարաւ-արեւելեան շրջանին մէջ, բայց որոշ կէտէ մը անդին հանդիպեցան ռուսական արգելքին։
Սկզբունքով, ISIS-ի դէմ ընդհանուր պայքարը, մէկէ աւելի ճակատներու վրայ, ստացած է հանգուցային կացութիւն մը։ Սուրիական օդուժին կողմէ Շէյխունի մէջ sarin gas-ի գործածութեան ի պատասխան, ամերիկեան ծովուժին հակադարձութիւնը՝ սուրիական Շէյրաթի օդանաւակայանի ռմբակոծումով, աւելի վատթարացուցած է շրջանի մթնոլորտը, որ կը կարօտի փոխադարձ զսպուածութեան ու տիալոկի վերահաստատման։
Իրաքեան Քիւրտիստանի անկախութեան հարցը իր բոլոր կողմերով արծարծուած, ու բաւական յստակութեամբ դրուած է Քիւրտիստանի Շրջանային Կառավարութեան բանբերին կողմէ։ Սակայն Միջին Արեւելքի այս ընդհանուր լարուած կացութեան մէջ, նման նախաձեռնութիւն մը բարձր ժխորի աղմուկին մէջ խեղդուած աղաղակի կը նմանի։
Թարգմ.՝ ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ