Երեքշաբթի, Ապրիլ 16, 2024

Շաբաթաթերթ

Լուրեր Արեւմտեան Թեմէն. Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻ ՄԱՏՈՒՑՈՒՄ ԵՒ ՔԱՐՈԶ ԹԵՄԻՍ ՆՈՐԱԿԱԶՄ ՓՈՔՐ ԾՈՒԽԵՐԷՆ ՆԵՐՍ

 

Թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի տնօրինումով, Սուրբ Յարութեան Հրաշափառ Տօնին առթիւ հետեւեալ Հոգեւորականներ Սուրբ Զատկուան տօնին առթիւ Սուրբ Պատարագ մատուցեցին եւ քարոզեցին հետեւեալ փոքր Ծուխերու համայնքներուն համար:

            Արժ. Տ. Արշակ Աւագ Քհնյ. Խաչատուրեան՝ որպէս այցելու Հոգեւոր Հովիւը Վենթուրա գաւառի Հայց. եկեղեցւոյ:

            Արժ. Տ. Ասողիկ Աւագ Քհնյ. Ժամկոչեան՝ որպէս այցելու Հոգեւոր Հովիւը Վիքթըրվիլի Հայց. եկեղեցւոյ:

            Արժ. Տ. Նարեկ Աւագ Քհնյ. Մատարեան՝ Սոլթ Լէյք Սիթի մէջ (Եութա նահանգ):

            Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Մովսէսեան՝ Փորթլընտի (Օրիկըն նահանգ) Սուրբ Գէորգ Հայց. եկեղեցւոյ մէջ:

            Արժ. Տ. Եսայի Քհնյ. որպէս այցելու Հոգեւոր Հովիւը Թըրլաքի Սուրբ Խաչ Հայց. եկեղեցւոյ։

            Արժ. Տ. Երեմիա Քհնյ. Խաչատրեան՝ որպէս այցելու Հոգեւոր Հովիւը Տէնվըրի (Քոլորատօ նահանգ) Հայց.  եկեղեցւոյ, Ծաղկազարդի օրը Սուրբ Պատարագ մատուցեց եւ քարոզեց:

            Արժ. Տ.. Երեմիա Քհնյ. Խաչատրեան՝ որպէս այցելու Հոգեւոր Հովիւը Ալպըգըրգիի (Նիւ Մեքսիքօ Նահանգ) Հայց. եկեղեցւոյ, Ապրիլ 30-ին Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ քարոզէ:

            Վստահ ենք, վերոյիշեալ փոքրակազմ Ծուխերու հաւատացեալները հոգեկան ներշնչում ունեցան Սուրբ Յարութեան Տօնին առթիւ մատուցուած Սուրբ Պատարագէն եւ փոխանցուած պատգամներէն:

 

ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

Պըրպէնք, 19 Ապրիլ 2017

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ