Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2024

Շաբաթաթերթ

ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի Ապրիլ 24-եան յայտարարութիւնը

Այսօր մենք կը յիշենք եւ կ՚ոգեկոչենք 20-րդ դարու վատթարագոյն զանգուածային վայրագութիւններէն մէկուն՝ Մեծ Եղեռնի տառապանքներուն մէջէն անցածները։ 1915 թուականին սկսած Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներուն ընթացքին, մէկ ու կէս միլիոն հայեր զոհ գացած են տեղահանութիւններու, կոտորածներու եւ մահուան երթերու։ Ես կը միանամ Ամերիկայի հայ համայնքին եւ աշխարհասփիւռ հայութեան, սգալու կորսուած մարդկային անմեղ կեանքերու եւ կրած բազմաթիւ տառապանքներու վիշտը։

Մտորելով մարդկային պատմութեան այս մռայլ դրուագին շուրջ՝ մենք նաեւ արժանին կը մատուցենք հայ ժողովուրդին աննկուն ոգիին։ Շատերը նոր կեանք կերտեցին Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ իրենց անջնջելի ներդրումը ունեցան մեր երկրին մէջ՝ իրենց սրտին մէջ վառ պահելով յիշողութիւնները պատմական հայրենիքին մասին, ուր անոնց նախնիները կերտած էին հնագոյն հզօր քաղաքակրթութիւններէն մէկը։

Մենք պէտք է յիշենք վայրագութիւնները, որպէսզի թոյլ չտանք անոնց կրկնութիւնը։ Մենք կ՚ողջունենք անցեալի ցաւալի փաստերը ընդունելու եւ անոնց հետ հաշուի նստելու ջանքերը, որոնք կը ձեռնարկուին հայերու եւ թուրքերու կողմէ՝ որպէս առաւել արդարացի ու հանդուրժողական ապագայի համար հիմքեր նախապատրաստելու յոյժ կարեւոր քայլ։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ