Հինգշաբթի, Մայիս 2, 2024

Շաբաթաթերթ

Թալին Պապայեանի «Փեսադ ո՞ւր է (Բ.)» զաւեշտի յաղթական ելոյթը Նիւ Եորքի մէջ

Օրդ. Թալին Պապայեան թոռնիկն է Երուանդ եւ Ռոզին Պապայեաններու։ Մեծ հայրը, վաստակաշատ դաստիարակ, հեղինակ եւ ազգային գործիչ, լայնօրէն աշխատակցած է «Նոր Օր»ին եւ ընդհանրապէս արտասահմանեան հայ մամուլին։

Օրդ. Պապայեան փոքր տարիքէն իր կարգին, հրատարակած է անգլերէն լեզուով յօդուածներ՝ ամերիկահայ մամուլին մէջ։ Ստացած է Մագիստրոսի տիտղոս Քոլոմպիա համալսարանի լրագրութեան բաժանմունքէն, իսկ Պսակաւոր Արուեստից տիտղոսը՝ Պոսթընի մօտ գտնուող Թաֆթց համալսարանէն։

Հեղինակն է Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցին նուիրուած անգլերէն լեզուով թատրերգութեան մը՝ «Սուրբ բարկութիւն», որուն անունը առնուած է Վահան Թէքէեանի նոյնանուն քերթուածէն, որ ծառայած է իբրեւ ներշնչումի աղբիւր, եւ ներկայացուած Նիւ Եորքի «Օֆ Պրոտուէյ»ի վրայ, երկու իրերայաջորդ երեկոներ, լեցուն սրահ, հայ եւ օտար արհեստավարժ դերասան-դերասանուհիներով՝ արժանանալով հայ թէ օտար հանդիսականներու բարձր գնահատանքին։

Ծ. Խմբ.

 

Շուրջ վեց հարիւր հանդիսականներ, Կիրակի, Մարտ 26-ի յետմիջօրէին, Նիւ Եորքի Քոլոմպիա համալսարանի ճամբարին մէջ գտնուող Miller արդիական թատերասրահին մէջ, բիւր բերկրանքով ըմբոշխնեցին Թալին Պապայեանի «Փեսադ ո՞ւր է» զաւեշտային խաղին երկրորդ հատուածը։

Ճշդուած ժամուն, ներկաները կը սպասէին վայելելու այս նոր կատակերգութիւնը, որուն համբաւն ու ընդունելութիւնը երեք տարիներ առաջ նուաճած էին Հիւսիսային Ամերիկայի  հայահոծ տասը գաղութները։

Այս մէկը սակայն, թէեւ զաւեշտի նիւթին միեւնոյն առանցքը կը կազմէր, կը խոստանար գերազանցել առաջինը եւ այդպէ՛ս ալ պատահեցաւ։ Ներկաներուն լիահագագ խնդուքը վարագոյրին բացուելուն հետ սկսաւ արձագանգել սրահին մէկ ծայրէն միւսը։

Ծաղրալից այս թատերախաղը կը զգետնու խորունկ խորք՝ դրսեւորելով ամերիկահայ ժամանակակից կեանքի ամէնէն կնճռոտ հարցերէն մէկը՝ ամուսնութիւն։

Իբրեւ ուշադիր ուսանող ամերիկահայ իր սերունդի տուայտանքներուն՝ ամուսնութեան հրատապ խնդիրին ի տես, Թալին Պապայեան հարազատ գոյներով կը բնութագրէ բոլոր այդ մարտահրաւէրները, որոնց դէմ յանդիման կու գայ թէ՛ ամերիկահայ ներկայ սերունդը եւ թէ՛ անոր ծնունդ տուող սերունդը։

Ինչպէս «Փեսադ ո՞ւր է» առաջին թատերախաղը, այս մէկը եւս սեփական մտայղացումն է երիտասարդ եւ տաղանդաւոր գրող Թալին Պապայեանի։ Վիթխարի աշխատանք մը արդարեւ, երբ նկատի ունենանք, թէ իր անձնական ճիգերով ան գրած եւ բեմադրած է անգլիագիր եզակի այս գործը։ Առաւել, շնորհիւ տքնաջան աշխատանքի եւ աննկուն կամքի, Թալին յաջողած է բեմ հանել 16 ամերիկահայ համալսարանաւարտ երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, որոնք անթերի կերպով կեանքի բերած են իրենց խաղացած տիպարները։ Յաջողութեամբ պսակուած այս ելոյթը արգասիքն է ամբողջ տարուան մը աշխատանքին, շաբաթական փորձեր, բեմական արուեստի արդիական մօտեցում, որուն սատար հանդիսացած էր շուրջ տասը անդամներէ բաղկացած կամաւոր խումբ մը դերասանական կազմին առընթեր։

Մատչելի խորք եւ համատարած բովանդակութիւն պարունակող ինքնատիպ այս գործը, հնարամիտ նորարութիւններով ներկայացուեցաւ առատ կշռոյթով եւ սահուն ոճով։

Հոս կը գտնէք երեսունը թեւակոխող պէյրութահայ ծնողքի Ամերիկա ծնած դուստրը։ Աւատապետական ընտանիքին գլուխը՝ գործօն է, դասական առումով հայ հայրը, որուն կողքին հիւրասէր եւ հնազանդ կինը, մայրը՝ ամուրի Լարային, անգործ փաստաբան եղբայրը եւ պոլսահայ արմատ ունեցող մեծ մայրը։ Փաղաքշական կերպով «Ես, ես» կոչուող մեծ մօրը ինքնակոչ առաքելութիւնն է յարմար ամուսնական թեկնածու մը որոնել իր թոռնուհիին։

Մեծ մօր թեկնածուներուն շարքը կը ներգրաւէ լիբանանահայ, թրքահայ, պարսկահայ ընտանիքներու զաւակներ։ Անոնց ծանօթացումը զուարճագեղ կերպով համակարգուած է, ներկաներուն առթելով զուարթութեան խնդուքի անմոռանալի պահեր, զաւեշտը հասցնելով իր գերագոյն բարձունքին։

Սակայն, այս բոլորէն հեռու, Լարան կ՚ապրի հոգեկան խրովալի պահեր, իր նախասիրութիւնը բնազդաբար կը յարի գեղադէմ օտար երիտասարդին, որուն հետ արուեստի բնագաւառէն ներս երկուստեք կը տածեն խոր հետաքրքրութիւն։ Վերլուծական հմուտ մօտեցումով, Լարան կը բացատրէ օտարազգի երիտասարդին թէ հակառակ անոր պատրաստակամութեան՝ ընդունելով (իւրացնելու) Լարային մշակութային պատկանելիութեան սահմանումը, երիտասարդը երբեք պիտի չկարենայ լիովին ըմբռնել Լարային իւրայատուկ ազգային ինքնութիւնը։ Հետեւաբար, այդ երեւոյթը կը հանդիսանայ գերակայող խոչընդոտը զոյգին հաւանական միութեան։

Նշանակելի հմտութեամբ Թալին Պապայեան կը բնութագրէ ամերիկահայ ժամանակակից ընկերային-հասարակական կեանքը իր զանազան խաւերով, իր գունաւոր հակասութիւններով, բաղկացուցիչ տարրերով (պոլսահայը, պէյրութահայը, եւլն.), որոնք կը հարստացնեն (կամ կը բարդացնեն) գաղութային մեր գոյավիճակը։

Եւ վերջապէս, Լարան կը գտնէ պէյրութահայ ծնողք ունեցող սիրոյ հանգանակ, կեանքի իր ընկերը, սակայն երկու կողմերը ամուսնական նախապատրաստական կարգադրութիւններու ընթացքին, կը գտնուին հակադիր դիրքերու վրայ՝ բազմատեսակ տարակարծութիւններու պատճառաւ։

 

ԹՂԹԱԿԻՑ

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ